Որոնել

2022.02.02 Ecclesiatica Communio - Messa del Papa consacrati

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ի շնորհաւորագիրը Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետ ընտրութեան 11րդ տարեդարձին առիթով

Առիթէն օգտուելով Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հայրապետը երախտագիտութիւնը արտայայտած է Ֆրանչիսկոս Պապին, որ երբեք չէ պակսեցուցած իր մօտիկութիւնը հայ ազգին, յատկապէս անոնց «որոնք այսօր կ՛ապրին տեղահան վիճակի մէջ, այն յոյսով որ օր մը կարողանան վերադառնալ իրենց նախնիքներուն հողին վրայ` Լեռնային Ղարաբաղ»։ Քահանայապետին շնորհաւորած է նաեւ ՀՀ նախագահ Վահագն Խաչատուրեանը
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր` 13 Մարտ 2024ին, կը նշուի Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետ ընտրուելուն 11րդ տարեդարձը, որուն առիթով աշխարհի տարբեր վայրերէն Անոր ուղղուեցան շնորհաւորական ուղերձներ, որոնց շարքին նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ-ին գիրը` որուն մէջ ան Սրբազան Պապին վստահեցուց իր եւ իր եպիսկոպոս եղբայրներուն ու համայն հայ կաթողիկէ հաւատացեալներուն աղօթքները ու Տիրոջ ուղղուած գոհաբանական աղօթքը։

«Թող` որ մեր Երկնային Մայրը Մարիամ, ձեզի միշտ մօտիկ ըլլայ ու ձեզի օգնէ այն դժուար ու պատասխանատու պարտականութեան մէջ, որ ձեզի յանձնուեցաւ Եկեղեցին առաջնորդելու, այնպիսի ժամանակահատուածի մը մէջ ուր աշխարհը կը թուայ կորսնցուցած ըլլալ ուղեցոյցը եւ կը շարունակէ նաւարկել փոթորկոտ ծովու մը մէջ» գրած է Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հովուապետը եւ առիթէն օգտուելով իր երախտագիտութիւնը արտայայտած է Ֆրանչիսկոս Պապին, որ երբեք չէ պակսեցուցած իր մօտիկութիւնը հայ ազգին, յատկապէս անոնց «որոնք այսօր կ՛ապրին տեղահան վիճակի մէջ, այն յոյսով, որ օր մը կարողանան վերադառնալ իրենց նախնիքներուն հողին վրայ` Լեռնային Ղարաբաղ» նշած է ի միջի այլոց Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Հայրապետը։

ՀՀ նախագահին շնորհաւորագիրը

Ֆրանչիսկոս Պապին Քահանայապետ ընտրուելուն 11րդ տարեդարձին առիթով ՀՀ Նախագահ` Տիար Վահագն Խաչատուրեանը եւս ուղղեց շնորհաւորագիր մը, որուն մէջ ինք եւս ընդգծեց Ֆրանչիսկոս Պապին` «անկոտրում կամքը ու մարդասիրական վեհ առաքելութիւնը` ուղղուած մարտահրաւէրներով լի աշխարհին մէջ արդարութեան վերականգնումին»։

«Մեծապէս կը կարեւորենք մեր տարածաշրջանին մէջ տեւական կայունութեան հաստատման ու հոգեւոր պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման հարցին մէջ Ձերդ Սրբութեան շարունակական կոչերն ու ուղերձները» կը գրէ ՀՀ Հանրապետութեան նախագահը յանձնառութիւն արտայայտելով «առաւել խորացնելու նոյնակունք արժէքներու վրայ խարսխուած բարձր մակարդակի երկկողմ յարաբերութիւնները»:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/03/2024, 11:02