Որոնել

2024.02.07 Mons Nareg Alemezian

Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի «Մա՜յր սուրբ, բարեխօսեա» շարականին մեկնութիւնը

Մենք, հաւատացեալներս, Քրիստոսի սուրբ Եկեղեցին ենք, եւ ո՛չ եկեղեցիները։ «Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթ»-ի շրջագիծին մէջ որքա՜ն այժմէական կը հնչէ այս աղաչանքը՝ մանաւանդ վախճանաբանական ընդգծումով։

Կից կը ներկայացնենք Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեէմէզեանի «Մա՜յր սուրբ, բարեխօսեա» շարականին մեկնութիւնը, ձայնիւ, ապա շարականի խօսքերը ու մի քանի նշումներ.

Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

[1] Սրկ. Սքանչելի լոյսի սուրբ մա՜յր, դուն, որ յաւիտենական Աստուածը որովայնիդ մէջ կրեցիր եւ ծնար աշխարհի ցնծութիւնը` Աստուծոյ Խօսքը, կ՚աղաչենք քեզի։

Դպ. Մա՜յր սուրբ, բարեխօսէ:

Ս. Աստուածածինի կը դիմէ, սակայն կեդրոնական դէմքը բնականաբար Քրիստոս է։ Ս. կոյսը Յիսուսով կ՚իմաստաւորուի։ Իր առաքելութիւնը Քրիստոսով կ՚իրագործէ։

 

[2] Սրկ. Աղաչէ ﬔզի համար քեզմէ մարﬓացած Աստուծոյ, որ հայրական ծոցէն խոնարհեցաւ եւ մարﬕն առաւ ըստ մարդկային բնութեան, որպէսզի խաղաղութիւն պարգեւէ երկինքին եւ երկիրին, կ՚աղաչենք քեզի։

Դպ. Մա՜յր սուրբ, բարեխօսէ:

Քրիստոս երկինքէն երկիր խոնարհեցաւ։

 

[3] Սրկ. Աղաչէ ﬔզի համար քեզմէ մարﬓացած Աստուծոյ, որ ներէ ﬔզ, անտեսէ ﬔր յանցանքները եւ օգնական ըլլայ` դիմադրելու հակառակորդին պատերազﬕ ժամանակ, կ՚աղաչենք քեզի։

Դպ. Մա՜յր սուրբ, բարեխօսէ:

Քրիստոս երկինքէն երկիր խոնարհեցաւ՝ մեզ փրկելու համար։

 

[4] Սրկ. Աղաչէ ﬔզի համար քեզմէ մարﬓացած Աստուծոյ, որ լռեն պատերազﬓերը, դադար առնեն թշնաﬕներու յարձակուﬓերը, երկիրի վրայ սէր եւ արդարութիւն հաստատուի, կ՚աղաչենք քեզի։

Դպ. Մա՜յր սուրբ, բարեխօսէ:

Անմիջական գոյութենական խնդրանք։ Ո՛չ միայն զինական պայքար, այլ ընկերային, բարոյական եւ ամեն տեսակ։

 

[5] Սրկ. Աղաչէ ﬔզի համար քեզմէ մարﬓացած Աստուծոյ, որ առատացնէ ﬔր երկիրի աղբիւրներու բխումը, բոյսերու եւ տունկերու առատ պտղաբերութիւնը` ծառայելու համար ﬔր հարկաւոր աﬔն կարիքներուն, կ՚աղաչենք քեզի։

Դպ. Մա՜յր սուրբ, բարեխօսէ:

Մարդ նաեւ բնապահպանութեան տնտեսն է։

 

[6] Սրկ. Աղաչէ ﬔզի համար քեզմէ մարﬓացած Աստուծոյ, որ ﬕաբանուի առաքեալներու եւ մարգարէներու հիմքին վրայ կառուցուած իր սուրբ Եկեղեցին, եւ անարատ պահէ զայն ﬕնչեւ իր երեւելի գալստեան օրը, կ՚աղաչենք քեզի։

Դպ. Մա՜յր սուրբ, բարեխօսէ:

Մենք, հաւատացեալներս, Քրիստոսի սուրբ Եկեղեցին ենք, եւ ո՛չ եկեղեցիները։ «Քրիստոնեաներու Միութեան Աղօթքի Շաբաթ»-ի շրջագիծին մէջ որքա՜ն այժմէական կը հնչէ այս աղաչանքը՝ մանաւանդ վախճանաբանական ընդգծումով։

 

[7] Սրկ. Աղաչէ ﬔզի համար Սրբուհի՜ քու Միածին Որդիիդ, նաեւ ﬔր հանգուցեալներու հոգիներուն համար, որպէսզի ընդունի զանոնք երկինքի արքայութեան մէջ եւ մաս ու բաժին յատկացնէ անոնց բոլոր սուրբերուն հետ, կ՚աղաչենք քեզի։

Դպ. Յիշէ Տէ՜ր եւ ողորմէ։

Յաղթական եւ զինուորեալ Եկեղեցւոյ միասնականութիւնը։ Դարձեալ վախճանաբանական ընդգծումով կը յատկանշուի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2024, 08:30