Որոնել

2024.02.07 Santa Messa nella chiesa di San Biagio a Roma

Սուրբ Վլասի տօնը մեծ շուքով նշուեցաւ Հռոմի համանուն Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ

Սուրբ Վլասի տօնի եզրափակիչ հայածէս պատարագը տեղի ունեցաւ շաբաթ 3 Փետրուարի երեկոյեան ժամը վեցին ի ներկայութեան բազմաթիւ հայ եւ իտալացի հաւատացեալներուն։ Պատարագը մատոյց եւ յաւուր պատշաճի քարոզը ներկայացուց Բերիոյ Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ` Արհի. Պետրոս Արք. Միրեաթեանը։ Արարողութեան սպասաւորութիւնն ու երգեցողութիւնը ապահովեցինք Լեւոնեան Ք. Հայ Վարժարանի նորընծաները։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Շաբաթ 3 Փետրուարին յիշատակուեցաւ, ըստ լատինաց, Ս. Վլաս Սեբաստիոյ հայրապետին տօնը։  Ս.Վլասը յաճախ ներկայացուած է որպէս հայ, սակայն որեւէ փաստ չկայ այդ ուղղութեամբ: Ան նշանաւոր եղած է իր բժշկութիւններով, մանաւանդ կոկորդի ցաւէ տառապողներուն համար։ Հալածանքներու ժամանակ, ինք եւս կը բռնուի եւ տարուելով Կեսարիա, շատ մը չարչարանքներու կ՛ենթարկուի. Կը մարտիրոսանայ 316 թուին։ 

Սուրբ Վլասի տօնին առիթով աւանդութիւն է, որ Հռոմի Ս. Վլասի անուան հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ եւս մեծ շուքով յիշատակուի այս տօնը եւ այս առթիւ ամբողջ օրուայ ընթացքին կը մատուցին  պատարագներ  եւ հաւատացեալները առիթը կ՝ունենան իրենց կոկորդը Ս. Իւղով օրհնել տալու։ Օրը կ՛եզրափակուի` Երեկոյեան մատուցուած Հայածէս ձայնաւոր պատարագով:

Այս տարի եւս Սուրբ Վլասի տօնը նշուեցաւ մեծ շուքով եւ տօնի եզրափակիչ հայածէս պատարագը տեղի ունեցաւ շաբաթ 3 Փետրուարի երեկոյեան ժամը վեցին ի ներկայութեան բազմաթիւ հայ եւ իտալացի հաւատացեալներուն։

Պատարագը մատոյց եւ յաւուր պատշաճի քարոզը ներկայացուց  Բերիոյ Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ` Արհ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանը։ Արարողութեան սպասաւորութիւնն ու երգեցողութիւնը ապահովեցին Լեւոնեան Ք. Հայ Վարժարանի նորընծաները։ 

Սուրբ պատարագ Սուրբ Վլաս Եկեղեցւոյ մէջ
Սուրբ պատարագ Սուրբ Վլաս Եկեղեցւոյ մէջ

Արհիապատիւ գերապայծառ Տէրը քարոզը ներկայացուց իտալերէն լեզուով ի տես բազմաթիւ իտալացի ուխտաւորներու ներկայութեան։ Քարոզին մէջ Ան յատուկէն անդրադարձաւ Սուրբի կեանքին ու անոր գործած հրաշքներուն ապա անոր կրած ծանր չարչարանքներուն մինչեւ Անոր արեան հեղումը վասն Քրիստոսի։ 

«Սուրբ Վլաս ծնած է Սեբաստիոյ մէջ, որ այսօր դժբախտաբար կը գտնուի Թուրքիոյ տարածին մէջ։ Ան բժիշկ էր բայց ընտրեց դառնալ հոգիներու բժիշկ» ըսաւ Գերապայծառ Միրեաթեանը մատնանշելով թէ ինչպէս Ան ապա կը դառնայ Հայ Հաւատացեալներուն առաջնորդը եւ ասկէ մեկնելով խօսքը ուղղեց պատարագին մասնակցող նորընծաներուն հրաւիրելով զանոնք հետեւելու սուրբին տիպարին եւ հաստատելով թէ «Աստուած մեզ կը կոչէ դառնալու հոգիներու բժիշկ»։

«Մեր հայ եկեղեցին, ըսաւ ապա Գերապ. Միրիաթեան, նահատակներու Եկեղեցի է, եւ ունեցած է այսպիսի տիպար սուրբեր, որոնք իրենց կեանքը նուիրած են իրենց հաւատքին համար, հաւատարիմ մնալով Քրիստոսին ու անոր աւետարանին»։ Ան առ այդ ակնարկեց նաեւ 1915 ցեղասպանութեան ժամանակ նահատակուած եւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ Երանելի հռչակուած Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եպիսկոպոս Երանելի Ինքնատիոս Մալոյանին, որուն մէկ պատկերը կը գտնուի Սուրբ Վլաս Եկեղեցւոյ մէջ։ 

Պատարագիչ եպիսկոպոսը քարոզի աւարտին հրաւիրեց հայցել Սուրբ Վլասին օրհնութիւնը, որ ճանչցուած է նաեւ որպէս «Հացի սուրբ Վլասը» որովհետեւ բացի կոկորդի բուժումէն ան հոգ կը տանէր նաեւ չքաւորներուն եւ ասոր համար է, յարեց Գերապ. Միրիաթեան, այսօր եկեղեցւոյ մէջ բացի կոկորդներու օրհնութեան կարգէն կը բաժնենք օրհնուած հացի կտորներ, յիշելու համար աղքատները։ 

«Առնենք այդ հացը, որպէս օրհնութիւն մեր տուներուն ու չմոռնանք` թէ այսօր կան բազմաթիւ մարդիկ, որոնք կը մեռնին հացի բացակայութեան պատճառաւ» եղաւ Գերապայծառ Միրեաթեանին վերջին յորդորը ու հայցեց Սուրբին շնորհքը «որպէսզի բուժուին մեր մարմնական ու հոգեկան հիւանդութիւնները»։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/02/2024, 07:51