Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Ներսէս Շնորհալիի պատասխանը Մանուէլ Կայսրի առաջին նամակին – Բ. Մաս

Հաղորդաշար (50) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ.Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ լուրը

Ս. Ներսէս Շնորհալի Կաթողիկոսը համոզուած էր որ եկեղեցիներու միջեւ երկխօսութիւն սկսելու փափաքը աստուածային նախախնամութեան եւ յատուկ շնորհքին արդիւնք է, ուստի յստակօրէն կը գրէ յոյներու կայսրին, թէ «Ինքը [Աստուած] ձեզ մղեց այս բարի գործին»: Ասկէ կը հետեւի որ, մարդուն հանդէպ ունեցած սէրէն մղուած Աստուած ողորմելով, որոշած է կրկին փրկել մարդը թշնամիի գերութենէն, «եւ ինչպէս առաւօտեան աստղը կ՚աւետէ արեւածագը, այսպէս ալ ձեր փափաքը՝ - կը գրէ Շնորհալի,- կը գուշակէ Աստուծոյ հաշտութեան սկիզբը», նշելով որ ոչ միայն յոյները կը ցանկան այս միութիւնը, այլեւ Հռոմն ու ասորիները, որ այդ մտադրութեամբ արդէն պատգամաւոր եպիսկոպոսներ ուղարկած էին հայոց Կաթողիկոսին, եւ որոշած էին իր մօտ հաւաքուիլ, «իրարու հետ խօսելու համար Աստուածաշունչ գրքերու մասին, որպէսզի եթէ աստուածադիր կանոններէն դուրս որեւէ աւանդութիւն գտնուի մեր մէջ՝ երկու կողմերէն ալ վերացուի, իսկ ինչ որ կը պակսի՝ միաբանական սիրով լրացուի: Ուստի հասկցանք որ այս բոլորին մէջ ներշնչումն աստուածային է, եւ ոչ թէ մարդկային»:

Շնորհալիի համար պարզ է որ Աստուծմէ ներշնչուած այս երկխօսութիւնը արդիւնաւէտ կերպով կը ծաւալի՝ միայն եթէ Աստուծոյ օրինակին հետեւելով Իր գործելաոճը որդեգրուի: Աստուած՝ որ մէկ վայրկեանի մէջ ոչինչէն ստեղծեց բոլոր արարածները, «կարիք չունէր մարդ դառնալու եւ այնպէս կրկին ստեղծելու մարդիկը երկրորդ արարչութեան եւս: Կը բաւէր միայն որ ուզէր՝ եւ ամէն ինչ կ՚աւարտէր»: Սակայն, փրկագործութեան համար խոնարհեցաւ մինչեւ մարդկային խեղճութիւնը, որովհետեւ «հոգիներու բժիշկը ծանօթ ըլլալով թէ մեր հիւանդութեան սկզբնապատճառը հպարտութենէն է, մեզի կու գայ խոնարհութեան ճամբով իջնելով, որպէսզի սատանայի լեռնացած ամբարտաւանութիւնը խոնարհեցնէ, եւ մեզ կամովին եւ առանց բռնութեան իրեն ձգելով՝ իր խոնարհութեամբ մեզ երկինք բարձրացնէ»:

Շնորհալի բժիշկի, այգեպանի եւ ձիապանի երեք օրինակով կը բացատրէ աստուածային քաղցրութիւնն ու հոգատարութիւնը:

Վարպետ բժիշկը ոչ միայն ախտաճանաչումը կը կատարէ այլ նաեւ հիւանդին հետ հեզութեամբ եւ քաղցրութեամբ կը վարուի: Իսկ փորձառու այգեպանը՝ բռնութեամբ չ՚ուղղեր ընկողմանած տունկը՝ մէկ անգամէն ծռելով հակառակ կողմը, որու հետեւանքով շտկելու փոխարէն կը կոտրէ: «Իսկ կատաղի ձին առանց փաղաքշական եւ հանդարտեցնող ձայներու կարելի չէ սանձի բռնութեամբ հնազանդեցնել»:

Համամիութենական գործընթացին համար երեք անհրաժեշտ նախապայման կը նշէ եւ ամբարտաւանութենէն ծնած ատելութեան եւ բաժանումին առաջին հոգեւոր դեղը՝ խոնարհութիւնը կը նշանակէ, գրելով. «Այսպէս, դուք ալ, եթէ կ՚ուզէք Քրիստոսի գործակից ըլլալ՝ պէտք է հետեւիք անոր ճանապարհին», որ ըսաւ. «սորվեցէք ինծմէ որ հեզ եմ եւ խոնարհ սրտով»:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/02/2024, 07:55