Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Ներսէս Շնորհալիի պատասխանը Մանուէլ Կայսրի առաջին նամակին – Ա. Մաս

Հաղորդաշար (49) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ.Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Ալեքս Արուխ յոյն Կուսակալին խնդրանքով Շնոր­հա­լիի «­Գիր հա­ւա­տոյ խոս­տո­վա­նու­թեան Հա­յաս­տա­նեայց եկե­ղեց­ւոյ» նամակը Կոստանդնուպոլիս հասնելով կը խանդավառէ յոյներու Կայսրը, որ կը փափաքի անձամբ ծանօթանալ Ներսէս Շնորհալիի հետ, եւ այս նպատակով նամակ մը կը ղրկէ Հռոմկլայ, Գրիգորիս Կաթողիկոսին, իր մօտ երկխօսութեան հրաւիրելով համբաւաւոր եպիսկոպոսը:

Սոյն երկխօսութեան նպատակը Շնորհալի գեղեցկօրէն կը բանաձեւէ, ընդգծելով որ կայսրը փափաքած էր ոչ թէ գրութեամբ, այլ կենդանի ձայնով, կրկին անգամ լսել հայոց ներկայացուցիչին՝ «սատանայէն եւ անոր գործակիցներէն առաջացած ատելութեան պատճառը վերացնելու եւ Աստուծմով եւ աստուածայիններով հաստատելու սէրը, որմէ կը փխի նաեւ եկեղեցւոյ միութիւնը եւ խաղաղութիւնը նոր Սիոնի որդիներուն, որոնցմէ միաբանօրէն եւ միաբերան կը փառաւորուի համագոյ Երրորդութիւնն ու մի աստուածութիւնը, փոխանակ մինչեւ օրս իրարու սուրբ հաւատքին եւ աւանդութիւններուն դէմ երկկողմանի հայհոյութիւններուն»:

Նամակաբերը Հռոմկլայ կը հասնի երբ Գրիգորիս Կաթողիկոսը արդէն վախճանած էր եւ անոր յաջորդած էր Ներսէս Շնորհալի հայրապետը, որ պատասխանելով նամակին՝ կը գրէ թէ եկեղեցւոյ միութեան նպատակով երկխօսութեան հրաւէրը այնքան ողջունելի կը գտնէր, որ ուրախութեամբ պատրաստ էր «ոչ թէ միայն ողջ եղած ժամանակ, տկարութեամբ ծածկուած ըլլալով հանդերձ, այլ նոյնիսկ եթէ հնարաւոր ըլլար, Ղազարի պէս գերեզմանէն ելլելով գալ՝ աստուածային ձայնի կանչին»: Սակայն, որպէս նորընտիր Կաթողիկոս խոհեմ կը նկատէր չհեռանալ անհաւատութեան տղմուտ ջուրերուն մէջ հաստատուած կղզիէն՝ Հռոմկլայէն, խռովութիւններէն ընկղմելու վտանգին առաջքն առնելու համար:

Շնորհալի հռետորական սլացքով համեմատութեան մէջ կը դնէ ինքզինքը կայսրին հետ, որ ուզած էր իրեն խօսակից դառնալ, ըսելով. «ի՞նչպէս գիտութեան կաթիլ մը կրնայ համարձակիլ իմաստութեան համատարած ծովուն մօտենալ՝ հարց ու պատասխանի», չունենալով ո՛չ թագաւորական հրամանով կազմակերպուած վարժարաններ, ո՛չ ալ գիտութիւններու մէջ յառաջացածներուն համար տրամադրուած պարգեւ ու փառք:

Շնորհալի հանճարեղ կերպով ազգին վիճակը նմանցնելով մարդկութեան խեղճ վիճակին՝ կը նշէ որ Քրիստոս մեզ մեղքէն փրկելու համար՝ խոնարհեցաւ իր գահէն եւ աշխարհ գալով մարդացաւ: Մեծ դիւանագիտութեամբ Շնորհալի Էմմանուէլ կայսրի հրաւէրը իրեն կը դարձնէ, անձամբ հրաւիրելով կայսրը՝ Քրիստոսի նման խոնարհելու արքունի գահէն եւ արեւելք գալու՝ որպէսզի արդարութեան թշնամիին, սատանային ցրուած հօտը՝ «նորէն հաւաքէք ընդհանրական եկեղեցւոյ փարախ... խաղաղութիւն հաստատելով ամբողջ աշխարհի վրայ, եւ խորտակելով մինչեւ վերջ պատերազմասէր թշնամիին զէքները՝ հեռը եւ նախանձը չար գործերու, վնասակար հարցերու համար բանակռուելը, որոնց մէջ է Աստուծոյ անուան հայհոյութիւնը»:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/02/2024, 09:00