Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Շնորհալիի «Գիր Հաւատոյ»ի մէջ քննուած հարցերը – ԺԱ Մաս

Հաղորդաշար (48) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ.Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Ք­րիս­տո­սի մար­դե­ղու­թեան խնդ­րին շուրջ է նաեւ յոյ­նե­րու տասներ­կուե­րորդ հար­ցը, որ Շնոր­հա­լի այս խօս­քե­րով կը մէջ­բե­րէ. «Կր­կին գրուած էր մեր մա­սին, թէ այն պատ­ճա­ռով մէկ բնու­թիւն կ՚ը­սեն Քրիս­տո­սի, իբր մարդ­կու­թիւ­նը աս­տուա­ծու­թեան մէջ բո­լո­րո­վին ընկղ­մած ըլ­լար, ծո­վին մէջ կա­թած եւ անե­րե­ւու­թա­ցած քա­ցա­խի եւ մեղ­րի կա­թի­լի օրի­նա­կով»։

Շ­նոր­հա­լի իր պա­տաս­խա­նին մէջ կը նշէ որ ար­դէն խօ­սած էր հայոց դա­ւա­նանքի մա­սին, հաս­տա­տե­լով որ միու­թեամբ մարդ­կային բնու­թիւ­նը չվե­րա­ծուե­ցաւ աս­տուա­ծայի­նի, կորսնց­նե­լով իր յատ­կու­թիւն­նե­րը։ Նոյն­պէս ալ աս­տուա­ծային բնու­թիւ­նը չկորսն­ցուց իր կա­տա­րե­լու­թիւ­նը։ «Ո­րով­հե­տեւ քա­ցախն ու մեղ­րը ծո­վը թա­փե­լով կ՚այ­լայ­լին եւ կ՚ա­պա­կա­նին, ինչ­պէս ջուրն ու գի­նին։ Այդ­պէս չէ աս­տուա­ծու­թեան եւ մարդ­կու­թեան միու­թեան հա­մար, որով­հե­տեւ ասոնք մար­մին ըլ­լա­լով իրա­րու խառ­նուե­լով իրա­պէս կ՚ա­պա­կա­նին, մինչ­դեռ մար­մինն ու ան­մար­մի­նը իրա­րու խառ­նուե­լով՝ ան­ճա­ռա­պէս կը միանան եւ, ինչ­պէս մարդ­կային հո­գին եւ մար­մի­նը, չեն այ­լայ­լիր կամ իրար հետ չեն շփո­թուիր։ Իսկ եթէ մեր ստեղ­ծուած բնու­թիւնն այս­պէս է, որ­քան աւե­լի գե­րա­զան­ցօ­րէն հրա­շա­փառ պէտք է ըմբռ­նել արար­չա­կան բնու­թեան միու­թիւ­նը արա­րա­ծա­կա­նին հետ»։­

Ա­ւար­տե­լով յոյ­նե­րու տաս­նե­րեք հար­ցե­րուն հա­մա­ռօտ պա­տաս­խա­նը՝ Շնոր­հա­լի իր գրու­թեան ճշ­մար­տա­ցիու­թիւ­նը կ՚ամ­րագ­րէ դա­տա­կան նիս­տի մը ներ­կա­յա­ցող վկայի մը հան­դի­սա­ւոր երդ­ման բա­նա­ձե­ւով, ըսե­լով. «ե­թէ մեր հա­ւատ­քի դա­ւա­նան­քէն բան մը ծած­կե­ցի կամ չգ­րե­ցի, մար­դոց հա­ճո­յա­նա­լու հա­մար, վա­խով կամ պատ­կա­ռե­լով եւ կամ աւե­լին գրե­ցի՝ քան ինչ որ ու­նինք, որ­պէս­զի ըն­դու­նե­լի ըլ­լայ Ձե­զի՝ աս­տուա­ծային ահեղ ատեանին՝ ան­հա­ւատ­նե­րու եւ հեր­ձուա­ծող­նե­րու հետ դա­տա­պար­տուիմ։ Որով­հե­տեւ ծած­կուած կամ կեղ­ծուած հա­ւատ­քը՝ ան­հա­ւա­տու­թե­նէն շատ հե­ռու չէ։ Իսկ ով որ այս բո­լո­րը լսե­լէ ետք ըսած­նե­րուս չհա­ւա­տա­լով դար­ձեալ գայ­թակ­ղի մեզ­մէ, ին­քը թող դա­տաս­տա­նի օրը Քրիս­տո­սի պա­տաս­խան տայ, որ­պէս անոր ան­դամ­նե­րը պա­ռակ­տող»։ Ահա թէ ինչ հզօր ատե­նա­կան բա­նա­ձե­ւու­մով Շնոր­հա­լի կ՚ար­տա­յայ­տէ իր ան­կեղծ հա­մո­զու­մը եւ վճ­ռա­կա­մու­թիւ­նը Քրիս­տո­սի եկե­ղեց­ւոյ միու­թեան վե­րա­կանգն­ման նկատ­մամբ։ Իր միտ­քը միշտ սե­ւե­ռուն կը պա­հէ Աս­տու­ծոյ ար­դա­րա­դատ դա­տաս­տա­նին, գի­տակ­ցե­լով որ Աս­տու­ծոյ առ­ջեւ պա­տաս­խա­նա­տու է թէ իր ան­ձնա­կան արարք­նե­րուն ինչ­պէս նաեւ զբա­ղե­ցու­ցած պաշ­տօ­նին հա­մար։ Այս պար­զու­թեան եւ ան­կեղ­ծու­թեան հա­մար յոյ­նե­րու կայս­րը Մա­նուէլ եկե­ղե­ցի­նե­րու միու­թեան ի տես լուրջ բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու շարք մը պի­տի ձեռ­նար­կէ Հայ եկե­ղեց­ւոյ հետ։

Շ­նոր­հա­լի Հայ­րա­պե­տը իր գրու­թիւ­նը կ՚ա­ւար­տէ բա­րե­միտ խօ­սա­կից­նե­րուն ուղ­ղուած գե­րա­զան բա­րե­մաղ­թու­թեամբ մը. «Իսկ ան որ ան­գամ մը լսե­լէ ետք՝ հա­ւա­տայ եւ չդա­տէ, ինչ­պէս ըսաւ սր­տե­րը քն­նո­ղը, ճշ­մա­րիտ հա­ւա­տա­ցեալ­նե­րու հետ բա­րի վարձք ստա­նայ մեր Աս­տուծ­մէ՝ Քրիս­տո­սէ, որուն փառք եւ զօ­րու­թիւն, յա­ւի­տեանս յա­ւի­տե­նից. ամէն»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2024, 08:49