Որոնել

TOPSHOT-DRCONGO-UNREST-CONFLICT

Քոնկոյի մէջ Եկեղեցին կ’աղօթէ Երկրի Արեւելեան հատուածի մէջ խաղաղութեան համար

Քինշասայի մէջ երեկ՝ 18 Փետրուարին, իւրաքանչիւր Սուրբ Պատարագ աւարտուեցաւ զինուած խմբաւորումներէ բռնութիւններէն աւերուած տարածքներուն մէջ խաղաղութեան հաստատման յատուկ կոչով: Կոմայի եպիսկոպոս, Գերապայծառ Ուիլլի Նկումպի Նկենկելե. «Քաղաքը վառօդի տակառի կը նմանի, ուր կարելի է որեւէ պահուն քաղաքացիական պատերազմ պայթի»:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Քոնկոյի Ժողովրդավարական Հանրապետութեան մայրաքաղաք Քինշասայի մէջ կիրակի՝ 18 Փետրուարին իւրաքանչիւր Սուրբ Պատարագ՝ Երկրի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի նախաձեռնութեամբ, վերջ գտած է զինուած խմբաւորումներու եւ ահաբեկիչներու բռնութիւններէն աւերուած Արեւելեան հատուածի մէջ խաղաղութիւն հաստատելուն ուղղուած աղօթքով։

Եպիսկոպոսները այդպիսով կը շարունակեն  խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ իրենց յանձնառութիւնը։  Յառաջիկայ 24 Փետրուարին նոյնպէս, Քինշասայի Տիրամօր Տաճարի մէջ Արքեպիսկոպոս Ֆրիտոլին Ամպոնկոյի կողմէ յանուն խաղաղութեան Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցանուի, որու նպատակն է աղերսել Աստուծոյ մխիթարութիւնը, որպէսզի  «վայրագութիւններու զոհ» դարձած անձերը, ինչպէս նաեւ բոլոր այն քոնկոլացիները, որոնք արդեն տասնամեակներ շարունակ անապահովութեան պայմաններու մէջ կ’ապրին, կարողանան գտնել «խաղաղութիւն եւ հանգստութիւն»։

Մարդասիրական աղէտի վտանգը կայ

Նշենք նաեւ, որ Քոնկոյի Կոմա քաղաքի ամբողջ տարածքը կը գտնուի զինուած խմբաւորումներու կրակի միջեւ, ուր պատերազմի հետեւանքով վերջին երկու տարիներու ընթացքին տեղի երկու միլիոն բնակիչներուն աւելցած են 850,000 տեղահանուածներ, որոնց համար Կառավարութիւնը ճամբարներ ստեղծած է քաղաքի յարակից շրջաններու մէջ։

Կոմայի եպիսկոպոս, Գերապայծառ Ուիլլի Նկումպի Նկենկելեի խօսքերով  «ներկայիս այդ անձինք «23 Մարտի շարժում»ի՝ այսպէս կոչուած M23 զինեալներուն պատանդ դարձած են», որոնց՝ համաձայն տարբեր ոչ կառավարական կազմակերպութիւններու եւ ՄԱԿի գործակալութիւններու զեկոյցներուն, կ’աջակցի Ռուանտան։

Այդ զինեալները արդեն գրաւած են հարեւան Սաքէ քաղաքը, որ կը գտնուի 30 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ եւ յառաջ կը շարժին դէպի Կոմա։ Եպիսկոպոսը իր անհանգստութիւնը կ’արտայայտէ այդ կապակցութեամբ՝ նշելով, որ  «քաղաքը վառօդի տակառի կը նմանի, ուր ցանկացած պահուն կարող է պայթիլ քաղաքացիական պատերազմ»։ Բացի այդ, ըստ անոր, «առարկայական վտանգ կայ, որ Կոմայի մէջ սով սկսի, եւ մարդիկ մահանան», եթէ գրոհայինները փակեն մատակարարման ուղիները ։

«Մենք անօգնական կերպով կը հետեւինք մարդասիրական աղէտի զարգացումին» այս ողբերգական խօսքերով կ’եզրափակէ Գերապայծառ Նկենկելեն:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2024, 12:40