Որոնել

Աւետարան. Յիսուս անապատին մէջ Աւետարան. Յիսուս անապատին մէջ 

«Մեծ պահքը՝ որպէս նորոգութեան աղբիւր» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Ծոմապահութիւնը հաւատացեալին հոգեւոր զօրութեան եւ նորոգութեան աղբիւր է: Անով քրիստոնեան կը կրթէ իր հոգին, որպէսզի կարենայ դէմ դնել իր կրքերուն եւ մոլութիւններուն: Ան, որ կարենայ իր ստամոքսը սանձել, կրնայ նաեւ դէմ դնել իր ցանկութիւններուն:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Եկեղեցւոյ հայրերը հետեւելով իրենց վարդապետին օրինակին եւ պատգամին, պահքի եւ ծոմապահութեան օրեր կարգած են եկեղեցւոյ կեանքէն ներս, որպէսզի անոնք հաւատացեալին նորոգութեան առիթներ ըլլան: Մեծ պահքը այս իմաստով շատ կարեւոր տեղ ունի, որովհետեւ ան մեզ կը պատրաստէ հաղորդ դառնալու Քրիստոս յարութեան նորոգող զօրութեան հետ:

Մեր Տէր Յիսուս Քրիստոս իր երկրաւոր կեանքի ընթացքին ծոմ պահեց եւ պահեցողութիւն թելադրեց իր աշակերտներուն: Յիշենք այն դէպքը, երբ մարդիկ դիւահար մը բերին Յիսուսի մօտ եւ ըսին՝ « Տէր քու աշակերտներդ չկարողացան այս մարդը ազատագրել դիւային կապանքէն»: Յիսուս աղօթեց եւ դիւահարը ազատագրեց ապա ըսաւ՝ « այս տեսակը միայն աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ  դուրս կու գայ» (Մտթ. 17:21): Այս պատգամ մըն է, որ ծոմապահութեան կարեւորութիւնն ու զօրութիւնը մատնանշէ:

Ամէն տարի մեծ պահքի ժամանակաշրջանին հաւատացեալները յաճախ կը հարցնեն, թէ ինչպէ՞ս պէտք է ծոմ պահենք եւ կամ եթէ անհրաժեշտ է պահք բռնել: Նախապէս եկեղեցին պահեցողութեան խիստ դրութիւն մը ունէր, որ կը հետեւէր վանքերէն ներս վանականներու որդեգրած օրինակին: Սակայն ժամանակի ընթացքին եկեղեցին յարմար նկատեց, որ հաւատացեալներու ուսերէն թեթեւցնէ ծոմապահութեան խստութիւնը, որպէսզիի անօթութիւնը չազդէ անոնց առօրեայ կեանքին:

Ծոմապահութիւնը քրիստոնէական կրօնի մէջ այլ կրօնքներու նման  երկնքէն պարտադրուած չէ, սակայն եւ այնպէս ծոմապահութիւնը կարեւոր է հաւատացեալին համար:

Ինչպէս վերը նշեցի, ծոմապահութիւնը հաւատացեալին հոգեւոր զօրութեան եւ նորոգութեան աղբիւր է: Անով քրիստոնեան կը կրթէ իր հոգին, որպէսզի կարենայ  դէմ դնել իր կրքերուն եւ մոլութիւններուն: Ան, որ կարենայ իր ստամոքսը սանձել, կրնայ նաեւ դէմ դնել իր ցանկութիւններուն: Երբ ծոմ պահենք, մեր մարմինը կը սկսի անհանգիստ զգալ. դիմանալ այդ անհանգստութեան եւ չուտել, մեզ կը սորվեցնէ նաեւ դէմ դնել այլ ցանկութիւններու եւ մոլութիւններու: Այդ պատճառով սուրբերն ու ճգնաւորները իրենց կեանքերը գրեթէ ծոմապահութեամբ կ'անցնէին. եւ այդպիսով անոնք միշտ զգաստ կը մնային եւ յարատեւ հոգեւոր նորոգութեան կ'ապրէին:

Այս ըսելով հանդերձ եկեղեցին, որպէս մայր,  Մեծ Պահոց առաջին օրէն կը յիշեցնէ հաւատացեալներու Ս. Պօղոսի խօսքերը, որ «ուտողը չուտողին թող չդատէ»: Ինչպէս նաեւ Քրիստոս կ'ըսէ՝ « կարեւորը բերնէն ներս մտածը չէ, այլ անկէ դուրս ելողը». այսինքն ծոմապահութիւն առանց կենցաղի փոփոխութեան, անիմաստ է:

Այս բոլոր ըսելէ ետք միշտ յիշենք, որ եկեղեցին պահեցողութիւնը չեղեալ չսեպեց. դիւրացուց զայն եւ հաւատացեալ ազատ թողուց ընտրելու՝ առանց զինք դատապարտելու: Այսուամենայնիւ եկեղեցին պահեցողութիւնը կարեւոր կը նկատէ: Պահք եւ ծոմապահութիւն հոգեւոր նորոգութեան եւ մեր «ես»ին վրայ յաղթելու կարեւոր միջոց մըն է:

Ամէն մարդ նոյն հոգեւոր խորութիւնը չունի, եւ մէկը այս բնական է: Սակայն անոնց համար, որ աւելի յառաջանալ կը փափաքին իրենց քրիստոնէական կեանքին մէջ, եթէ ծոմապահութիւն պահեն, անոնք զօրութիւն պիտի հագնին եւ ապրին նորոգուած կեանք մը: Աւելի լաւ ձեւով չենք կրնար Ս. Յարութիւնը դիմաւորել, եթէ ոչ ծոմապահութեամբ նորոգուած կեանքով:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2024, 08:22