Որոնել

Սուրբ Պենետիկտոսի տաճարի տանիքը Սուրբ Պենետիկտոսի տաճարի տանիքը  (ANSA)

Սկիզբ առաւ Նորչայէն դէպի Փրակա Սուրբ Պենետիկտոսի Ջահի խաղաղութեան ուխտագնացութիւնը

1964 թուականէն սկսեալ երբ Պօղոս Զ քահանայապետը Սուրբ Պենետիկտոսը Եւրոպայի սուրբ հռչակեց, «Յանուն Խաղաղութեան եւ Միացեալ Եւրոպայի» ջահը լուսաւորելու արարողութիւնը սկսաւ սկիզբ առնել Եւրոպայի տարբեր մայրաքաղաքներուն մէջ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Ինչպէս ամէն տարի այս տարի եւս, շաբաթ, 17 փետրուարին, սկիզբ առաւ Եւրոպայի պաշտպան սուրբ, Սուրբ Պենետիկտոսի Ջահի «Յանուն Խաղաղութեան եւ Միացեալ Եւրոպայի» ուխտագնացութիւնը, Եւրոպայի ցամաքամասէն ներս։

Սովորութեան համաձայն Պենետիկտոսի Ջահի ուխտագնացութիւնը սկիզբ կ՝առնէ ու կը փոխադրուի Սուրբ Պենետիկտոսի կեանքը բնորոշող երեք քաղաքներէն. նախ եւ առաջ ջահի լուսաւորումի արարողութիւնը տեղի կ՝ունենայ Սուրբ Պենետիկտոսի ծնդավայր՝ Նորչա քաղաքի մէջ գտնուող Սուրբին նուիրուած տաճարէն ներս, ապա լուսաւորուած ջահը կը փոխադրուի Սուպիակօ քաղաք՝ ուր Սուրբ Պենետիկտոս զարգացուցած է իր միտքի հիմքերը, ապա Քասսինօ քաղաքը, հոն ուր ի գործ դրուած են Սուրբ Պենետիկտոսի մտածումները ու ծնունդ առած են եւրոպայի հիմքերը։

1964 թուականէն յետոյ, երբ՝ Պօղոս Զ քահանայապետը Սուրբ Պենետիկտոսը Եւրոպայի պաշտպան սուրբ հռչակեց, «Յանուն Խաղաղութեան եւ Միացեալ Եւրոպայի» Սուրբ Պենետիկտոսի ջահը լուսաւորելու արարողութիւնը սկսաւ սկիզբ առնել Եւրոպայի տարբեր մայրաքաղաքներուն մէջ։ Անցեալ տարի Սուրբ Պենետիկտոսի խաղաղութեան ուխտագնացութեան Ջահը հասաւ մինչեւ Լիզպոն, մինչ՝ այս տարի պիտի հասնի Փրակա, ուր պիտի ընդունուի Břevnov վանքին մէջ, որմէ ետք պիտի փոախդրուի Իտալիա՝՝  20 մարտին։

Սփոլեթօ Նորչա թեմի արքեպիսկոպոս գերապայայծառ Ռենաթօ Պոքքարտօն յայտնեց որ «Այս միջոցառումը նպատակ ունի աշխարհին հասցնելու Սուրբ Պենետիկսոսի ուղերձը ու «ջահը ուղարկելու համար կ՝ընտրուին պատմական հարուստ իմաստ ունեցող վայրեր, ուր Ջահը կը դառնայ պահապանը այն ամբողջ գաղափառական ժարանգութեան, որ կապուած է Պենետիկտոսի կանոնին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/02/2024, 08:20