Որոնել

2024.02.16 an Gregorio Armeno di Nardo  N.B. Ho preso le foto da internet

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կը գլխաւորէ Նարտօ քաղաքի պաշտպան Սուրբ` Գրիգոր Հային նուիրուած պատարագը

«Մեծ ուրախութիւն է հիւրընկալել Տանն Կիլիկիոյ հայոց Պատրիարքը։ Անիկա խոր հաւատքի մարդ եւ Եկեղեցւոյ ժամանակակից տիպար է։ Անձ` որ յանձնառու է տարածելու եղբայրութեան եւ խաղաղութեան պատգամը։ Նարտոն եւ անոր բնակիչները, Սուրբ Գրիգորի միջոցաւ, մօտիկ են հայ ժողովուրդին...այս յատուկ օրերը կը ծառայեն դարձեալ վերարծարծելու զօրեղ կապը որ ունինք այդ նահատակ երկրին հետ» ըսած է Նարտոյի քաղաքապետը։

Ռոպէր Աթթարեան- Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Իտալիոյ հարաւ արեւելեան շրջանին մէջ գտնուող Նարտօ Քաղաքի պաշտպան սուրբ` Սուրբ Գրիգոր Հային (Լուսաւորիչին) տօնին այս տարուայ պատարագը, տեղւոյն եպիսկոպոս` Գերապայծառ Ֆերնանտօ Ֆիլոկրանայի հրաւէրով, կը գլխաւորէ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ` Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս պատրիարքը, որ այս առիթով երկուշաբթի 19 Փետրուարին ժամանեց Նարտօ քաղաք, ընկերակցութեամբ Լեւոնեան Ք. Հայ Կաթողիկէ Վարժարանի սաներուն ու Վարժարանիս Մեծաւոր` Գերյ. Հայր Խաչիկ Ծ.Վ. Գույումճեանի ինչպէս նաեւ նախկին մեծաւոր Գերյ. Հայր Նարեկ Ծ. Վ. Նաամոյանի։

Նարտօ քաղաքը միակ քաղաքն է` որ որպէս պաշտպան սուրբ ունի Սուրբ Գրիգոր «Արմենոն» (Հայը), այսինքն Հայ Ազգի Լուսաւորիչը, որուն մասունքներէն մաս մը պահպանուած է այդ քաղաքի աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ եւ դարերէ ի վեր կ՛արժանանայ քաղաքի բնակչութեան մեծարանքին, ի տես նաեւ Հայոց Մեծ Սուրբին 1743ի Փետրուարին գործած հրաշքին, քաղաքն ու քաղաքի բնակիչները փրկելով ահաւոր երկրաշարժի մը արհաւիրքէն։

Սուրբին նուիրուած տօնակատարութիւնները սկիզբ առին անցեալ 13 Փետրուարին պատմամշակութային ու ժողովրդական ձեռնարկներու յատուկ յայտագիրով ու պիտի աւարտին 20 Փետրուարին` 1743 երկրաշարժի թիրախ զոհերուն նուիրուած արարողութեամբ, քաղաքի «Salandra» հրապարակին վրայ։

Տօնակատարութիւններու ամենակարեւոր արարողութիւնը տեղի կ՛ունենայ 19 Փետրուարի Երեկոյեան` քաղաքի Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ մէջ մատուցուած Սուրբ պատարագով, որ ինչպէս նշեցինք այս տարի կը գլխաւորէ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Հայրապետը։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ Նարտօ քաղաք ժամանումին առիթով տեղւոյն քաղաքապետ Տիար Փիփփի Մելլոնէ նշած է` թէ իրենց համար մեծ ուրախութիւն է հիւրընկալել Տանն Կիլիկիոյ հայոց Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեանը։

«Անիկա խոր հաւատքի մարդ եւ Եկեղեցւոյ ժամանակակից տիպար է։ Անձ` որ յանձնառու է համայն աշխարհին մէջ տարածելու եղբայրութեան եւ խաղաղութեան պատգամը։ Նարտոն եւ անոր բնակիչները, Սուրբ Գրիգորի միջոցաւ, մօտիկ են հայ ժողովուրդին, որ վաղուց կը տառապի եւ ունի դիմադրութեան անսպառ կարողութիւն։ Այս յատուկ օրերը կը ծառայեն յիշելու աս մէկը եւ դարձեալ վերարծարծելու զօրեղ մեր կապը այդ նահատակ երկրին հետ» ըսած է Նարտոյի քաղաքապետը։

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻՍ Մինասեան կաթողիկոս պատրիարքը, որ առաջին անգամն ըլլալով կ՛այցելէ Իտալիոյ այս քաղաքը, շնորհակալութիւն յայտնելով տեղւոյն Եկեղեցական եւ Քաղաքական իշխանութիւններուն իրեն ընծայած այս առիթին համար, գոհունակութիւն յայտնած է Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչին նուիրուած պաշտամունքին համար, տպաւորիչ նկատելով բնակչութեան երկար դարերու հաւատարմութիւնը Հայոց մեծ Սուրբին։ Իր կարգին Ռաֆայէլ Պետրոս ԻՍ Մինասեան ընդգծած է կարեւոր կապը որ կայ Հայ եւ Իտալացի ժողովուրդներուն միջեւ, շնորհիւ Սուրբ Գրիգորին, որ զանոնք կը միացնէ հաւատքի լոյսին ներքոյ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/02/2024, 14:04