Որոնել

2021.02.16 Quaresima Mercoledì delle Ceneri

Դուրս գանք մեղքի գերեզմանէն, եւ փառաւոր կերպով տօնենք անցքը մեղքի աշխարհէն՝ դէպի լոյսի աշխարհ.(Մատթ 6, 1 – 21)

Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ահաւասիկ սիրելիներ, մեր տօները եւ տօնակատարութիւնները աւարտելէն ետք, պահը հասաւ Քառասնորդաց մեծ պահքի շրջանին, որ է լուրջ անդրադարձի եւ ամէնակարեւորը՝ յատուկ եւ մնայուն քառասուն օրերու աշխատանքի առիթ (Հոգեպէս եւ ֆիզիկապէս):

Երբ կ՛ըսենք քառասնորդաց շրջան, առաջին բանը որ մեզ կը յիշեցնէ՝ զրկումն է ուտելիքէն: Կարեւոր է մենք զմեզ զրկենք այս շրջանին մեր սիրած կերակուրներէ, հագուստներէ, պտոյտներէ եւ ֆիզիկական հաճոյքներէ...բայց գիտէք սիրելիներ որ այս բոլորը բաւարար չեն Աստուծոյ աչքին եթէ ասոնց չեն ընկերացած՝

1. ԱՂՕԹՔԸ. ինչո՞ւ աղօթել...որովհետեւ աղօթքը միակ միջոցն է որ կրնանք մեր Երկնաւոր Հօր հետ խօսիլ եւ յարաբերութեան մէջ մտնել Անոր հետ: Ի՞նչ օգուտ երբ Պահքի կամ Ծոմի մէջ կը գտնուիմ եւ ոչ մէկ կապ եւ խօսակցութիւն ունիմ Քրիստոսի հետ... ուրեմն որո՞ւ համար եւ ի՞նչ բանի համար է որ Պահք կամ Ծոմ կը պահես սիրելիս...դիտաւորութիւնս Աստուծոյ աչքին մեծնա՞լն է թէ մարդոց աչքին: Կանչուած ենք տարին 12 ամիս աղօթել, բայց այս քառասնորդաց շրջանի աղօթքը պէտք է կրկնապատիկ ըլլայ եւ ունենայ մէկ պատճառ. ինչպէ՞ս պիտի կարողանամ ես իմ հոգիս փրկել, մաքրել եւ կրկին դարձնել այն սպիտակ պատմուճանը որ ստացայ ես իմ մկրտութեանս օրը...:

2. Այս սպիտակ պատմուճանը կարող եմ դարձնել շատ մը միջոցներով, բայց լաւագոյնը կը մնայ միշտ Պահքը եւ Ծոմը: Պահքը սիրելիներ հրաժարիլն է բոլոր անասնային արտադրութիւններէ, իսկ Ծոմը՝ ամբողջական զրկումն է ոեւէ մէկ ուտելիքէ: Պահքին եւ Ծոմին նպատակն է մահացնել , զրկել եւ կամ զոհել մեր մարմինները, որպէսզի ապրին մեր հոգիները...եւ ոչ թէ մարմինս եւ կամ ֆիզիկականս առաւել եւս գեղեցկացնելու: Ո՛չ, Մարմինս հոգալու համար ունիմ ամբողջ կեանքս, այս շրջանը ինծի համար թող ըլլայ հոգիս գեղեցկացնելու շրջան մը, եւ ամէնակարեւորը՝ այս բոլորը կատարեմ ուրախութեամբ եւ ոչ թէ գանգատով ու տխրութեամբ, որպէսզի մարդոց ցոյց տալով՝ անոնցմէ չառնես վարձատրութիւնդ, այլ «ընդհակառակը, երբ դուն ծոմ կը պահես, օծէ՛ գլուխդ եւ լուա՛ երեսդ, որպէսզի մարդիկ չտեսնեն թէ ծոմ կը պահես, այլ միայն Հայրը որ անտեսանելի է. Եւ Հայրդ որ կը տեսնէ կատարածդ, քեզ պիտի վարձատրէ յայտնապէս» (Մատթ. 6, 17 -18):

Ահաւասիկ սիրելիներ թէ այս քառասուն օրերը ինչ բանի համար կանչուած ենք. Անդրադարձի, անդադար աշխատանքի, աղօթքի եւ ամէնակարեւորը՝ ուրախութեամբ Պահք եւ Ծոմ պահելու, որպէսզի երբ Սուրբ Յարութեան տօնը հասնի, արժանի ըլլամ ես ալ Քրիստոսի հետ դուրս գալու իմ մեղքի գերեզմանէն, եւ փառաւոր կերպով տօնելու իմ անցքս մեղքի աշխարհէն՝ դէպի լոյսի աշխարհ. Ամէն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/02/2024, 07:37