Որոնել

Icona Cristo, Gesu Cristo, pane di vita

Ճի՞շտ է հեռանալ Քրիստոսէ եւ Անոր Խօսքերէն. (Յովհ. 6, 59-72) - Գերյ. Խաչիկ Ծ. Վրդ. Գույումճեանի կիրակնօրեայ մտածականը

«Որո՞ւն պիտի երթանք Տէր, յաւիտենական կեանք տուող խօսքերը դուն ունիս» (Յովհ. 6, 68):
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Երբ կը լսենք եւ կը կարդանք Քրիստոսի խօսքերը սիրելիներ (Աւետարանը, կիրակնօրեայ քարոզը...) յաճախ կը տխրինք, որովհետեւ մեզի համար այդ բոլորը խօսքերը գրեթէ անկարելի կը թուին իրականացնել մեր առօրեայ կեանքին մէջ, եւ այդ պատճառով մեզմէ ամէն մէկը կ՛առնէ որոշում մը՝ որ չի կրնար համապատասխանել Աւետարանի ուսուցումին:

Մեր այսօրուան Աւետարանի հատուածը կու գայ պատասխանելու մեր այս հարցումին. Ճի՞շտ է հեռանալ Քրիստոսէ եւ Անոր Խօսքերէն:

1. Աշակերտներէն շատեր ըսին. « Դժուար ընդունելի է ըսած խօսքերդ» (Յովհ. 6, 60): Եթէ տրամաբանական իմաստով պիտի առնենք Քրիստոսի խօսքերը, անոնք բնաւ երբեք դժուար չեն այլ խորհրդաւոր են, որովհետեւ լեցուն են առակներով եւ խորհուրդներով:

2. Մենք ալ նոյն վիճակին մէջ կը գտնուինք սիրելիներ, նամանաւանդ երբ կը փորձենք կարդալ Աստուածաշունչը. ինչո՞ւ, որովհետեւ ոչ թէ չենք հասկնար գրութիւնը, այլ Անձը որուն բերնէն կ՛ելլէ այս բոլոր Խօսքերը (ինչ որ նոյն հարցը ունէին Քրիստոսի աշակերտները):

3. Եւ քանի որ չենք հասկնար այս գրութիւնները եւ նամանաւանդ այս Խօսքերուն Հեղինակը, Աւետարանը կ՛ըսէ. «Այս խօսքերուն պատճառով, աշակերտներէն շատերը հեռացան եւ այլեւս չէին շրջեր Իրեն հետ» (Յովհ. 6, 66): Մենք ալ սիրելիներ, քանիցս փորձած ենք աղօթել, կարդալ եւ լսել այս Սուրբ Խօսքերը, բայց քանի որ չենք հասկնար՝ ձգած եւ հեռացած ենք այդ բոլորէն եւ մենք զմեզ յանձնած ենք աշխարհին եւ անոր հաճոյքներուն:

4. Պիտի հարցնէք. «Վարդապետ, ի՞նչ է լուծումը». պատասխանը շատ պարզ ու յստակ է. Ճանչցի՛ր քու Տիրոջդ որպէսզի հասկնաս իր Խօսքերը, նամակները եւ Անոր կամքը՝ քու կեանքիդ մէջ:

5. Կրկին պիտի հարցնէք. « Լաւ, կարելի չէ՞ ուրիշ մը (նիւթականը եւ կամ ոեւէ մէկ անձ մը) գտնել եւ զինք ընդունիլ որպէս մեր փրկիչը եւ առաջնորդը»: Այսօր սիրելիներ դժբախտաբար շատ են այն բոլոր բաները որոնք մեզ կը խլեն Քրիստոսէ եւ մենք զանոնք կ՛ընդունինք որպէս մեր կեանքի յոյսը եւ ուղղութիւնը... բայց կը մոռնանք Քրիստոսի խօսքը երբ կ՛ըսէ.« Միթէ դո՞ւք ալ կ՛ուզէք երթալ» (Յովհ. 6, 67):

6. Ո՞ւր երթանք Տէր եւ կամ «որո՞ւն պիտի երթանք Տէր, յաւիտենական կեանք տուող խօսքերը դուն ունիս» (Յովհ. 6, 68):

Ահաւասիկ սիրելիներ մեր այսօրուան նամակը. Հակառակ մեր բոլոր զանազան տեսակի դժուարութիւններուն, կանչուած ենք չհեռանալ Քրիստոսէ, այլ աւելի մօտենալ Անոր, որովհետեւ ինչ որ Իրմէ չէ՝ վաղանցուկ է եւ անիմաստ, խափուսիկ է եւ կեղծ. Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/02/2024, 07:10