Որոնել

TOPSHOT-FRANCE-HERITAGE-RELIGION-NOTRE-DAME-FIRE

Փարիզի «Նոթր Տամ»ը պիտի վերաբացուի յառաջիկայ Դեկտեմբերին

Ֆրանսայի մայրաքաղաքի գոթական ոճով գլուխ գործոցին փաստացի վերաբացումի արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան 2024ի Դեկտեմբեր 7էն 9ը
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

2024ի Դեկտեմբեր 8ին՝ Փարիզի մէջ մեծ ժողովրդական թափօրով սկիզբ պիտի առնէ «Նոթր Տամ Քադետրալ»ի վերաբացումը։ Ֆրանսայի մէջ քրիստոնէութեան խորհրդանիշ գոթական ոճով այդ գլուխ գործոցը լրջօրէն տուժած էր 2019 թուականին բռնկուած հրդեհէն: Թափօրը պիտի ուղեկցուի  ԺԴ դարու 1,80 մեթր բարձրութեամբ քանդակագործութեան վարպետութիւնը բնորոշող «Սուրբ Կոյսը՝ Մանուկի հետ» արձանով, որ փրկուած էր կրակէն։

Այդ մասին յայտարարեց Փարիզի Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Լորան Ուլրիխը՝ Տիրոջ տաճար ընծայման օրը՝ 2 Փետրուարին, հովուական նամակով։

Նախատեսուած է, որ վերաբացումի արարողութիւնները տեղի ունենան  երեք օր․

7 Դեկտեմբերին տեղի պիտի ունենայ Պետութեան կողմէ Աստուածամօր տաճարի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ յանձնումը եւ այս առթիւ նախատեսուած է ծիսական արարողութիւն եւ ժամասացութիւն։

8 Դեկտեմբերին՝ պիտի մատուցուի վերաբացումէն ետք առաջին Սուրբ Պատարագը եւ տեղի պիտի ունենայ Խորանի օծում։

9 Դեկտեմբերին՝ Անարատ Յղութեան տօնին նուիրուած ծիսակատարութիւն:

Դեկտեմբերի 8էն 15ը՝ վերաբացումի ութօրէք

«Նոթր Տամ»ի վերաբացումը պիտի նշանաւորուի ութօրէքով. Դեկտեմբերի 8էն 15ը ամէն օր տեղի պիտի ունենայ հանդիսաւոր արարողութիւն՝ ունենալով տարբեր նիւթեր։

Արքեպիսկոպոս Ուլրիխը յոյս յայտնեց, որ յատկապէս «Փարիզի ժողովուրդը» ներկայ գտնուի վերաբացման տօնակատարութիւններուն եւ, այս նպատակով յորդորեց վերաբացումին յաջորդող վեց ամիսներու ընթացքին կազմակերպել Փարիզի ծխերէն եւ յարակից թեմերէն ուխտագնացութիւններ։

 «Չկայ աւելի գեղեցիկ բան, քան ժողովրդապետութիւններէն կամ քրիստոնէական այլ ժողովներէն ներս տեսնել տարբեր մարդկանց՝ երեխաներ, երիտասարդներ, մեծեր եւ տարեցներ, առողջ ու հիւանդ անձեր, հաշմանդամութիւն ունեցող անձեր, օտարերկրացիներ: Չկայ աւելի գեղեցիկ բան, քան տեսնել, որ քրիստոնէական ընկերակցութիւնները, մտահոգ են՝ ոչ մէկը մոռնալով, տեղ տալով ամենէ մեկուսացուածներուն ու մոռացուածներուն. Անոնք պիտի ըլլան Աստուածամօր տաճարի մէջ»։  Այսպէս եզրափակեց իր  հովուական նամակը Փարիզի Արքեպիսկոպոսը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/02/2024, 11:37