Որոնել

IRAN NEW YEAR 2023

Չյապաղիլ Աստուծոյ Ժամադրութեան. Գերյ. Գէորգ վրդ. Զապարեանի մտորումներէն

Մեզմէ շատերը անհրաժեշտ կը նկատեն զարթուցիչ մը լարել իրենց ձեռքի հեռախօսներուն կամ ժամացոյցներուն վրայ իբրեւ յուշարար զանգ՝ դեղը ժամանակին առնելու կամ գործի չուշանալու համար: Թերեւս մենք եւս կրնանք նոյնպէս յուշարար մը լարել՝ պահ մը կանգ առնելու եւ մեր սիրտը բարձրացնելու առ Աստուած: Փորձենք մենք մեզի տալու «զանգ» մը, առնուազն օրը մէկ անգամ, որպէսզի երբ հնչէ՝ Յիսուսի նուիրենք մեր ըրածը ու մեր աշխատանքը:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Անձկութիւններով լի կեանքի մը ժամանակասահման գոյագնացքին մէջ, բազմաթիւ իրադարձութիւններ մեզ կը մղեն ու կը թելադրեն պահ մը կանգ առնելու եւ մտածելու՝ հեռու մնալով աշխարհի խելացնոր ժխորէն, աղմուկներէն եւ ամէնօրեայ զբաղումներէն:

Յետադարձ ակնարկ մը, ու պատմութիւնը կը յիշեցնէ մահասփիւռ էջեր.

ինչպէս՝

- 2001 թուականն ու սեպտեմբերի 11-ին Նիւ Եորքի մէջ պատահած ահաբեկչութիւնը, որ հազարաւոր մարդիկ սպաննեց.

- 2020-ին սկիզբ առած «ՔՈՎԻՏ»-ի համաճարակը, որուն հետեւանքով միլիոնէ աւելի մարդիկ մահացան երկրագունդիս տարածքին.

- Տարի մը առաջ սանձազերծուած պատերազմը ընդմէջ Ռուսիոյ եւ Ուկրանիայի, որ ահագին զոհ խլեց...ու կը խլէ տակաւին.

- Ամիսներ առաջ Ատրպէյճանի մղած անիրաւ պատերազմը ընդդէմ Հայ Արցախի, ուր անհամար հայորդիներ նահատակուեցան եւ հարիւր հազարէ աւելի Արցախցիներ աստանդականութեան ճամբան առին.

- Եւ ամիս մը առաջ ծայր առած ահռելի ընդհարումները ընդմէջ Իսրայէլի ու Համասի խմբաւորումներուն, որոնց պատճառով հազարներով մարդիկ զոհուեցան, յատկապէս մանուկներ:

Կան նաեւ անձնական տխուր պատահարներ, ինչպէս յանկարծական մահը մեր սիրելիներէն մէկուն, կամ բարեկամի մը ապրած անսպասելի դժբախտութիւնը:

Ասոր համար, տարւոյն ընթացքին, Եկեղեցին մեզի լսելի կ'ընէ Աւետարանի հետեւեալ էջը, ուր Յիսուս մէջբերելով Հին Կտակարանը՝ կը զգուշացնէ.

«Ի՛նչպէս պատահեցաւ Նոյի օրերուն, ա՛յնպէս պիտի ըլլայ մարդու Որդիին օրերուն ալ:

Մարդիկ կ՚ուտէին, կը խմէին, կին կ'առնէին, հարս կ'երթային մինչեւ այն օրը՝ երբ Նոյ մտաւ տապանը, ու ջրհեղեղը եկաւ եւ զամէնքը ջնջեց:

Նմանապէս ինչպէս Ղովտի օրերուն պատահեցաւ՝ մարդիկ կ՚ուտէին, կը խմէին, կը գնէին, կը ծախէին, կը տնկէին, կը կառուցանէին. բայց այն օրը, որ Ղովտ դուրս ելաւ Սոդոմէն՝ երկինքէն կրակ ու ծծումբ տեղաց ու զամէնքը մեռցուց» (Ղուկաս 17, 26-37):

Սուրբգրային այսօրինակ ազդարարութիւններ, կը կեդրոնանան աշխարհավերջեան կատարածի ու Դատաստանի հանգամանքներուն վրայ:

Այս եւ համանման ընթերցումներ մեզ անհանգստացնելով ու սոսկացնելով հանդերձ, կը հրաւիրեն, որ մենք մեզ հարցաքննենք.

-Ի՞նչ է կեանքիս վերջին նպատակը.

-Միթէ՞ կը հետապնդեմ այդ նպատակը բոլոր իմ կարողութիւններովս:

Հետեւելով մեր քրիստոնէական հաւատքին, մեր նպատակն է վայելել Աստուծոյ երանական տեսութիւնը յաւիտենապէս. հետեւաբար, նպատակայարմար է, որ ամէն օր մենք մեզ պատրաստենք այդ իրողութեան:

Ի՞նչպէս.

-ԶԱստուած փնտռելով աղօթքին մէջ.

-Աստուածաշունչը կարդալով ու անոր վրայ խոկալով,

-Եւ եղբայրսիրութեամբ...

Որ ի գործ կը դնենք անօթիները կերակրելով, կարիքաւորներուն օգնութեան հասնելով, սգաւորը մխիթարելով...

Յիսուս կը պատգամէ. «Ճշմարիտ կ'ըսեմ ձեզի, որովհետեւ այս ամէնը փոքրիկ եղբայրներէս մէկուն ըրիք՝ ինծի ըրիք» (Մատթէոս 25, 40):

Ա'յս է ուղեգիծը յաւիտենութեան համար կազմ ու պատրաստ ըլլալու:

Ո'չ ոք կրնայ գիտնալ, թէ վաղուան օրը ի'նչ կը վերապահէ մեզի:

Ուստի, օգտուելու ենք Ս. Աւետարանի նշեալ ընթերցումէն՝ զգաստ, զգոյշ եւ արթուն մնալու համար:

Գործնական օրինակ մը, ահաւասիկ, լաւապէս լուսաբանելու մեր միտքը:

Մեզմէ շատերը անհրաժեշտ կը նկատեն զարթուցիչ մը լարել իրենց ձեռքի հեռախօսներուն կամ ժամացոյցներուն վրայ իբրեւ յուշարար զանգ՝ դեղը ժամանակին առնելու կամ գործի չուշանալու համար:

Թերեւս մենք եւս կրնանք նոյնպէս յուշարար մը լարել՝ պահ մը կանգ առնելու եւ մեր սիրտը բարձրացնելու առ Աստուած:

Փորձենք մենք մեզի տալու «զանգ» մը, առնուազն օրը մէկ անգամ, որպէսզի երբ հնչէ՝ Յիսուսի նուիրենք մեր ըրածը ու մեր աշխատանքը:

Յառաջիկայ Մեծ Պահքի ժամանակաշրջանէն առիթը քաղենք Յիսուսէն խնդրելու, որ մեզի հետ ըլլայ ու մեզի յայտնէ Իր կամքը, որպէսզի ուղղենք մեր ապրելակերպը՝ չվրիպելու համար մեր հետապնդած կեանքի նպատակէն:

Ամէն:

Հ. Գ. Զ.

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/02/2024, 08:00