Որոնել

Սուրբ Վարդան Սուրբ Վարդան 

«Ս. Վարդան` Բարի Հովիւը» Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Ս. Վարդանանք նման իրենց տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի, եղան բարի հովիւներ, որոնք իրենց կեանքերը զոհեցին իրենց հօտին համար: Որքան պէտք ունինք ներկայիս իրենց աղօթքներուն, որպէսզի մենք ալ սորվինք ապրիլ ոչ թէ մեր անձերուն, այլ Աստուծոյ եւ մեր բարեկամներուն համար:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Հայ ժողովուրդի զաւակները իրենց տարբեր յարանուանութիւններով փառահեղ կերպով կը տօնեն Ս. Վարդանի եւ իր սուրբ ընկերներուն յիշատակը:

Կանուխ տարիքէն մեր ընտանիքներէն ներս, եկեղեցիէն եւ դպրոցներէն կը սորվինք Սրբոց Վարդանանց պատմութիւնը: Թէ ինչպէս անոնք Հազկերտի սպառնալիքին դիմաց ձեւակերպեցին ուրանալ իրենց հաւատքը, որպէսզի կարենան առանց հովիւի մնացած իրենց ժողովուրդին հետ ըլլալ եւ անոնց պաշտպանել: Քրիստոնէական պատմութեան մէջ պատահած չէ նման դէպք մը, ուր քրիստոնեան սպառնալիքի դիմաց ուրանայ իր հաւատքը՝ թէկուզ երեւութապէս: Նահատակութիւնը եղած է միշտ հաւացեալին ընտրանքը ընդդէմ սպառնալիքներու: Կարելի է ըսել , որ Ս. Վարդանի եւ իրէն ընկերակցող բոլոր հայ աւագանիին ուրացումը իւրայատուկ դէպք մըն է քրիստոնէական պատմութեան մէջ: Սակայն, երբ կը կարդանք Ս. Եղիշէի պատմութիւնը, յստակ կրնանք տեսնել, թէ ինչպէս հաստատ էր անոնց հաւատքը եւ ինչպէս անոնք Հազկերտի դիմաց համարձակութեամբ կեցան եւ դաւանեցան Քրիստոսը, եւ պարսիկ արքային բոլոր հարցումներուն պատասխան տուին: Անոնք ըսին՝ « մեր հաւատքը մեզի համար մաշկի նման է, որպէսզի կարենաս մեզ մեր հաւատքէն հեռացնել, պէտք է որ մեզ մորթազերծ ընես ... Մենք գիտենք, որ մեր նահատակութիւնը մեզ յաւիտենական կեանքի պիտի առաջնորդէ ...

 ''Իմացեալ մահը անմահութիւն է'' ... »: Այս հակիրճ տողերով կարելի չէ նշել այն սքանչելի եւ յանդուգն կեցուածքը, զօրս Ս. Վարդան եւ հայ աւագանին ցուցաբերեցին Հազկերտի դիմաց: Երբ անոնք հասկցան, որ իրենց համար անկարելի պիտի ըլլար Հազկերտի ձեռքէն ազատիլ, անոնք հնարք մը որդեգրեցին, որպէսզի կարենան Հազկերտի ձեռքէն ազատիլ եւ միանալ իրենց ժողովուրդին: Ուրացան իրենց հաւատքը... Հովիւի սիրտն էր զիրենք այս քայլին մղողը: Ս. Վարդան եւ հայ Ս. Իշխանները իրենց կեանքը չէր, որ կը պաշտպանէին. որովհետեւ Հազկերտի հետ իրենց ունեցած խօսակցութենէն պարզ է, որ անոնց «տունը ժայռի վրայ շինուած էր»: Անոնց համար Քրիստոսի համար նահատակուիլը կեանք էր: Սակայն անոնք մտածեցին, որ իրենց նահատակութիւնը իրենց ժողովուրդէն անտէր պիտի թողուր, եւ Հազկերտ անօթի գայլի նման պիտի յօշոտէր հայ ժողովուրդը: Այս պատկերին դիմաց, անոնք որոշեցին երեւութապէս ուրանալ, վերադառնալ հայրենիք, եւ ապա իրենց ժողովուրդին հետ միասին դէմ դնել իրենց քրիստոնէական հաւատքը եւ հայրենիքը խաթարող վտանգին: Եւ պատմութիւնը վկայ է, որ անոնք իրենց ժողովուրդին գլուխը անցած, առանց երկմտութեամբ նահատակուեցան յանուն Քրիստոսի եւ յանուն հայրենիքի:

Ս. Վարդանանք նման իրենց տիրոջ՝ Յիսուս Քրիստոսի, եղան բարի հովիւներ, որոնք իրենց կեանքերը զոհեցին իրենց հօտին համար:

Որքան պէտք ունինք ներկայիս իրենց աղօթքներուն, որպէսզի մենք ալ սորվինք ապրիլ ոչ թէ մեր անձերուն, այլ Աստուծոյ եւ մեր բարեկամներուն համար: Քրիստոս ըսաւ՝ « սիրէ քու Տէր Աստուածդ եւ սիրէ քու նմանդ... այս երկու պատուիրաններուն մէջ կը խտանան օրէնքն ու մարգարէները»:
Կ'ապրինք եսակեդրոն աշխարհի մը մէջ, ուր մարդիկ իրենց անձերուն շահը գերիվեր կը նկատեն բոլոր մարդոցմէ եւ բոլոր արժէքներէ: «Եսը» եղած է միակ նպատակը մարդկութըան կեանքին: Այս պատճառով աղօթենք եւ Սրբոց Վարդանանց բարեխօսութիւնը հայցենք, որպէսզի սորվինք սիրել զԱստուած, հայրենիքն եւ մեր ազգը... ամէն:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/02/2024, 08:00