Որոնել

2018.09.12 Mons Boutros Marayati Arcivescovo di Aleppo degli armeni cattolici

ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅՈՅՍ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան

«Աղաչեա՜ վասն մեր զառ ի քէն զմարմնացեալ Աստուած, որ խոնարհեցաւ ի հայրական ծոցոյ, էառ. Մարմին ըստ մարդկային բնութեանս, առնել խաղաղութիւն յերկինս եւ յերկրի… զի լռեսցին պատերազմունք, դադարեսցին յարձակմունք թշնամեաց, տնկեսցի սէր եւ արդարութիւն ի յերկրի. Աղաչեմք։

Նոր Տարուան սեմին կը հասնինք՝ ծանրաբեռնուած տխուր եւ ցաւալի յիշատակներով։

Հալէպի երկրաշարժը… Արցախի կորուստը… ու Հայ ժողովուրդին վիշտը… Սուրիոյ տնտեսական պաշարումը… Պաղեստինի աղէտը եւ Կազզայի ցեղասպանութիւնը… գաղթելու մարմաջը եւ ընտանիքներու քայքայումը…

Թէեւ ունեցանք ուրախալի եւ մխիթարական պահեր, սակայն ընդհանուր պատկերը կը մնայ վշտալից ու մռայլ։

Սաղմոսերգուին հետ կ’ըսենք. «Տէ՜ր, հասիր մեր օգնութեան եւ մտիկ ըրէ մեր աղօթքին» (Սղ 61.1)։

Այս նոր Տարուան առիթով՝ իմ մաղթանքը կը համառօտեմ երկու բառերով, ՀԱՄԲԵՐՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՅՈՅՍ։

Համբերութիւնը աստուածային առաքինութիւն է։

Պօղոս առաքեալ մեզ կը խրատէ ըսելով. «Նեղութեան համբերեցէ՛ք, եւ յարատեւ աղօթեցէ՛ք» (Հռ 12.12)։ Համբերութիւնը նաեւ Սուրբ Հոգիի պտուղներէն մին է (Գղ 5.22)։

Համբերել կը նշանակէ տոկալ, հաստատ մնալ, չընկճուիլ դժուարութիւններուն առջեւ։

Քաջութիւնը պիտի ունենանք տանելու ցաւը, նեղութիւնը, զրկանքը որովհետեւ համբերութեամբ միայն կրնանք յաղթահարել կեանքի դաժանութիւնը, ինչպէս խոստացաւ Տէրն մեր Յիսուս Քրիստոս. «բայց ով որ մինչեւ վերջ համբերէ՝ ան պիտի փրկուի» (Մտ 24.13)։

Իսկ Յոյսը՝ մեր երկրորդ մաղթանքն է։ Յոյսը այն լոյսն է, որ կը ծագի խաւարին մէջ եւ ամբողջ կեանքդ կը լուսաւորէ։ Կրնաս ամէն ինչ կորսնցնել կեանքիդ մէջ, բայց ո՛չ Յոյսը։ Պետրոս Առաքեալ մեզ կը յորդորէ ըսելով. «Միշտ պատրաստ եղէ՛ք պատասխանելու անոր՝ որ պատճառը կը խնդրէ ձեր մէջ եղող յոյսին» (Ա.Պտ 3.15)։

Յոյսով ապրիլ՝ կը նշանակէ վստահութիւն ունենալ Աստուծոյ վրայ «զի Աստուած ընդ մեզ է»։

Յոյսով ապրիլ՝ կը նշանակէ նաեւ վախ չունենալ, որովհետեւ Յիսուս ինք ըսաւ. «Վստահութիւն ունեցէ՛ք, ես եմ, մի՛ վախնաք» (Մտ 14.27)։ «Եւ ահաւասիկ ես ձեզի հետ եմ ամէն օր՝ մինչեւ աշխարհի կատարածը» (Մտ 28.20)։

Յոյսով ապրիլ՝ կը նշանակէ վերջապէս լաւատես ըլլալ։ Ինչ իմաստալից են աշուղական երգին բառերը. «Ձախորդ օրերը ձմրան նման կու գան ու կ’երթան, վհատելու չէ, վերջ կ’ունենան, կու գան ու կ’երթան»։ Բայց մենք աշուղին չէ որ կը հետեւինք, այլ մենք կը հաւատանք Աստուծոյ շնորհքին որ մեզ կ’առաջնորդէ ու կը պահէ՝ ներշնչելով վստահութիւն եւ լաւատեսութիւն. «Տէրը իմ հովիւս է, ինծի ոչինչ կը պակսի… նոյնիսկ եթէ քալեմ մահուան խաւարամած ձորին մէջ, չարէն չեմ վախնար, որովհետեւ Դուն ինծի հետ ես» (Սղ 23.14)։

Այս է իմ մաղթանքը Հալէպահայութեան, համբերեցէ՛ք եւ մի՛ յուսահատիք։ Տառապանքի օրերը պիտի անցնին եւ լուսաշող Աստղը պիտի շողայ։

Նոյն մաղթանքը կ’ուղղեմ նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի հայութեան։ Ինչպէս նաեւ ի սփիւռս աշխարհի տարածուած հայ ժողովուրդին։

Հակառակ ամէն բանի՝ մենք յուսադրիչ ցնծութեամբ պիտի ողջունենք Նոր Տարին՝ աղօթելով Ներսէս Շնորհալիին հետ.

«Աղաչեա՜ վասն մեր զառ ի քէն զմարմնացեալ Աստուած, որ խոնարհեցաւ ի հայրական ծոցոյ, էառ. Մարմին ըստ մարդկային բնութեանս, առնել խաղաղութիւն յերկինս եւ յերկրի… զի լռեսցին պատերազմունք, դադարեսցին յարձակմունք թշնամեաց, տնկեսցի սէր եւ արդարութիւն ի յերկրի. Աղաչեմք։

Մայր Սուրբ բարեխօսեա՛»:

Պետրոս Արք. Միրիաթեան

Առաջնորդ Բերիոյ Թեմի Կաթողիկէ Հայոց

Աղբիւրը` Գանձասար

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/02/2024, 08:44