Որոնել

2024.02.17 Messa armena alla Radio Vaticana. Mons Teyrouzian

Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի քառասնորդացի մտածականները. Արտաքսումն Ադամայ ի դրախտէն Հին Օրէնք եւ Նոր Օրէնք

Երթալ Եկեղեցի, մասնակցիլ Ս. Պատարագին եւ ճաշակել Ս. Մարմինն ու Ս. Արիւնը Քրիստոսի անհրաժեշտ է ու կենարար: Սակայն, հարկ է զայն ճառագայթել մեր շրջանակին մէջ. «Ի՞նչ օգուտ ունի, եղբայրներ, եթէ մէկը ըսէ 'ես հաւատք ունիմ', եթէ արարք չունի: ... Եթէ եղբայր մը կամ քոյր մը մերկ են եւ կամ կարօտ են օրուան կերակուրին, եւ ձեզմէ մէկը ըսէ անոնց՝ 'Գացէք խաղաղութեամբ, տաքցէք եւ կշտացէք' եւ չտայ անոնց ինչ որ անոնց մարմինը կը կարօտի, ի՞նչ բանի կը ծառայէ» (Յակոբ 2, 14-16):

Աստուած անպարագրելի սիրով է, որ ստեղծեց մարդը: Սէր, որ չի' խափաներ մարդուն ազատութիւնը, այլ՝ զայն կը յարգէ:

            Յիսուս, որ Սիրոյ նոր դարաշրջան մը սկսաւ, եկաւ իր քարոզած վարդապետութեան չհամապատասխանող Հին Կտակարանին Օրէնքն ու Մարգարէները լրացնելու, պարզաբանելու եւ դարձնելու իր նախնական մաքրութեան. «Մովսէս ձեր խստասրտութեան պատճառով թոյլ տուաւ, որ արձակէք ձեր կիները. Սակայն, սկիզբէն այնպէս չէր» (Մատթէոս 19, 8):

            Քրիստոս եկաւ ազատելու համար մարդը խաբուսիկ երեւոյթներէն եւ հրաւիրելու ներքին կեանքի: Այսինքն, սորվեցնելու մեզի նախապէս ապրիլ ներքին կեանք մը, նախքան արտաքին օրինական պահպանումը Օրէնքին. տալ սիրտը՝ նախքան լուման. «Որ մեզ արժանի ըրած է Նոր Ուխտի պաշտօնեաներն ըլլալու, ո'չ գիրով, այլ՝ Հոգիով, որովհետեւ գիրը կը սպաննէ, բայց Հոգին կը կենդանացնէ» (Բ. Կոր. 3, 6):

            Յիսուս չի' ջնջեր Հին Օրէնքն ու Մարգարէները, այլ՝ կը հրաւիրէ քրիստոնեաները գերազանցելու ձեւապաշտութիւնն ու արտաքնացումները. «Ո՞վ է այն մարդը ձեր մէջ, որ ոչխար մը ունի, որ շաբաթ օրը փոսը կ'իյնայ. զայն պիտի չբռնէ ու դուրս պիտի չհանէ՞: Արդ, ո'րչափ աւելի կ'արժէ մարդը քան ոչխարը. ուստի օրինաւոր է շաբաթ օրը բարիք ընել» (Մատթէոս 12, 11-12):

            Ճշմարտապէս սիրելու համար Աստուած՝ հարկ է սիրել մարդը անվերապահ:

            Աստուածորդին կու գայ մարդը փրկելու իր «Ես»-ին ստրկութենէն. կը փափաքի զինք ազատել իր յօժար կամքով եւ ոչ՝ հարկադրանքով ու վախով:           Արդարեւ, Նոր Կտակարանի էջերը լի են ողորմութեան եւ սիրոյ պատգամներով. «Ողորմութիւն կ'ուզեմ եւ ո'չ զոհ» (Մատթէոս 12, 7):

            Երթալ Եկեղեցի, մասնակցիլ Ս. Պատարագին եւ ճաշակել Ս. Մարմինն ու Ս. Արիւնը Քրիստոսի անհրաժեշտ է ու կենարար: Սակայն, հարկ է զայն ճառագայթել մեր շրջանակին մէջ. «Ի՞նչ օգուտ ունի, եղբայրներ, եթէ մէկը ըսէ 'ես հաւատք ունիմ', եթէ արարք չունի: ... Եթէ եղբայր մը կամ քոյր մը մերկ են եւ կամ կարօտ են օրուան կերակուրին, եւ ձեզմէ մէկը ըսէ անոնց՝ 'Գացէք խաղաղութեամբ, տաքցէք եւ կշտացէք' եւ չտայ անոնց ինչ որ անոնց մարմինը կը կարօտի, ի՞նչ բանի կը ծառայէ» (Յակոբ 2, 14-16):

            Մեր կեանքին մէջ ի՞նչ կարեւորութիւն կու տանք Աստուծոյ Օրէնքին, եթէ չապրինք ու չկիրառենք զայն գործերով:

            Ի՞նչ օգուտ ունի մեր ներքին կեանքը, եթէ չճառագայթէ ճշմարտութիւնը Բարիին եւ Չարին: Ճշմարտապէս Քրիստոնեայ ենք, երբ կը թողունք, որ Յիսուս եւ իր Խօսքը թափանցեն եւ ներգործեն ամէնօրեայ կեանքի ամէն մէկ վայրկեանին ընթացքին:

            Աւետարանի Սէրը քրիստոնէական նոր շրջանին Օրէնքն է, ապրուած Լերան Քարոզին Երանութիւններով.

-       Երանի' հոգիով աղքատներուն ...

-       Երանի' հեզերուն ...

-       Երանի' անոնց՝ որ քաղցն ու ծարաւն ունին արդարութեան ...

-       Երանի' ողորմածներուն ...

-       Երանի' անոնց՝ որ սուրբ են սրտով ...

-       Երանի' խաղաղարարներուն ...

-       Երանի' անոնց՝ որ արդարութեան համար կը հալածուին ...

-       Երանի' ձեզի՝ երբ իմ պատճառովս նախատեն ձեզ ու հալածեն եւ ստութեամբ ձեր վրայ ամէն տեսակ չարախօսութիւն ընեն ...

Որովհետեւ

-       Պիտի մխիթարուին ...

-       Պիտի ժառանգեն երկիրը ...

-       Անոնք պիտի յագենան ...

-       Անոնք ողորմութիւն պիտի գտնեն ...

-       Անոնք զԱստուած պիտի տեսնեն ...

-       Անոնք Աստուծոյ որդի պիտի կոչուին ...

-       Անոնց է երկինքի արքայութիւնը ...

-       Ցնծացէ'ք եւ ուրախացէ'ք, որովհետեւ ձեր վարձքը մեծ է երկինքի մէջ ... (Մատթէոս 5, 3-12):

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/02/2024, 15:15