Որոնել

2019.02.01 Ritorno del figliol prodigo di Rembrandt

Գ. Կիրակի Քառասնորդաց Անառակ Որդին. Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի քառասնորդացի մտածականները

Աստուած անմահութեան կնիքով դրասանգեց իր իսկ ձեռքով կերտած մարդուն հոգին, ո'չ որպէսզի երթայ եւ խոզերու եղջիւրներով սնանի, այլ՝ ճաշակէ իր Միածին Որդիին Մարմինը որպէս յաւիտենութեան գրաւական:

Կը թեւակոխենք «Քառասնորդաց» շրջանի երրորդ կիրակին. ան կապուած է Ղուկասի Աւետարանին մէջ պատմուած (15, 11-32) այն առակին, որ կարգ մը հեղինակաւոր մեկնիչներ կը նկատեն գեղեցկագոյնը Քրիստոսի առակներուն. Անառակ որդին... խորհրդական ու վսեմ էջ մը, որ կը հանդիսադրէ Հօր Աստուծոյ Գութը, Ողորմութիւնը, Ներումն ու Սէրը, մեղաւոր մարդու մը հանդէպ, որ ի հեճուկս իր գետնաքարշ վերաբերմունքին եւ անկումին կը զղջայ եւ Աստուծոյ ներումը կը հայցէ:       

            «Մարդ մը երկու որդի ունէր...» (Ղուկաս 15, 11):

            Մարդուն կրտսեր որդին կը թերանայ, կը մեղանչէ ու կը նախընտրէ հաճոյասէր աշխարհը. կը յանդգնի հօր կենդանութեան պահանջել ստացուածքներուն ա'յն բաժինը, որ իրեն կ'իյնայ:

            Եւ հայրը, առանց առարկելու, անտարակոյս խոր կսկիծով, կը յարգէ անոր ազատութիւնը, եւ կը բաժնէ իր ինչքերը, յուսալով՝ որ իր որդին իսկոյն մտացնցուի, զգաստանայ ու վերադառնայ:  

            Որդին, անտարբեր, կը հեռանայ հայրենի օճախէն, քալելու համար աշխարհի դիւրագնաց ճամբաներէն:

            Կը վատնէ ունեցածները՝ ապրելով կեանք մը անառակ: Կու գան սովի օրերը ու  կ'աղքատանայ, կ'անօթենայ, կը փնտռէ պատառ մը հաց եւ չի' գտներ: Ամօթահար, կ'ընդունի աշխատիլ ագարակի մը մէջ, փորձելով իր փորը կշտացնել խոզերու կերած եղջիւրներով:

            Բայց, ա'տ ալ տուող չ'ըլլար:

            Հեռո'ւն, սակայն, սիրտ մը կար, որ իր մասին կը մտածէր եւ կը տառապէր: Հօր սիրտն է այս, որ պատկերացնելով իր զաւակին ապրումները՝ կ'աղօթէր յուսալիր:

            Հօր աղօթքը լսելի կը դառնայ:

            Կրտսեր որդին, ապրելէ ետք անառակութեամբ ու վատնելէ ետք իր ունեցածները, գիտակից իր ակումին՝ կը զգաստանայ, կ'ափսոսայ ու կը խորհրդածէ... «Որքա'ն վարձկաններ կան հօրս տունը հացալից, մինչ ես հոս սովամահ կը մեռնիմ» (Ղուկաս 15, 17):

            Ի դիմաց սոյն ցաւալի իրողութեան, ան կ'ընկրկի եւ կ'ընդունի իր չքաւորութիւնը, անառակութիւնը ու աչքերը կը բարձրացնէ վերագտնելու եւ հանդիպելու հօր բարութեան:

            Դարձի հրաշքը կ'իրականանայ. կրտսեր որդին, իր «Ես»-ին թշուառութեան խորերէն, կը վերադառնայ՝ նետուելու հօր բազուկներուն մէջ, եւ անոր գորովալիր սրտին մէջ գտնելու աղբիւրը ներքին խաղաղութեան: Զղջումի զգացումը կը մղէ զինք ելլելու եւ փութալու՝ ներումի խօսքերը լսելու համար:

            Աշխարհը չի' կրնար ըմբռնել Հրաշքներու հրաշքը, որովհետեւ իր չափանիշերը մակերեսային են:

            Հրաշքներու հրաշքը կը պատահի եւ զղջացած որդին, մինչդեռ հեռու էր տակաւին, կը գտնէ սպասող հայր մը, որ ոչ մէկ մեղադրանք կ'ընէ եւ արդէն իսկ դարձուցած է անցեալի էջերը...

-        «Հայրը տեսաւ զինքը,

-        Գութը շարժեցաւ,

-        Ելաւ,

-        Ընդառաջ գնաց,

-        Վիզին փաթթուեցաւ,

-        Եւ համբուրեց զինքը» (Ղուկաս 15, 20):

            Ահաւասիկ անառակի մը պատմութիւնը...

            Ահաւասիկ հօր մը խանդակաթ սիրտը, որ կը բերկրի իր որդիին վերադարձով, ի հեճուկս անոր մեղքերուն:

            Ա'յսպէս է Աստուած, միշտ գթասիրտ եւ հոգատար, որ կը փափաքի գրկել ու ներել բոլոր դարձի եկող մեղաւորները, առանց համար պահանջելու անոնց անցեալի մասին :

            Ուրիշ բան չի' փափաքիր, բայց միայն ընձեռել անոնց անցեալի ազնուականութիւնը:

            Աստուած անմահութեան կնիքով դրասանգեց իր իսկ ձեռքով  կերտած մարդուն հոգին, ո'չ որպէսզի երթայ եւ խոզերու եղջիւրներով սնանի, այլ՝ ճաշակէ իր Միածին Որդիին Մարմինը որպէս յաւիտենութեան գրաւական:

                                                                     

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/02/2024, 08:34