Որոնել

2024.02.02 Mons Teyrouzian presiede la Messa e la cerimonia dell'Antasdan

Դէպի Ս. Խորհուրդը Քրիստոսի Ս. Յարութեան. Արհի. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեան

«Քառասնորդաց»-ն է այդ ճամբան, որ պիտի սատարէ ապրելու բոլոր խորհուրդները Աւագ Շաբթուան, Գողգոթայէն ետք հանդիպելու, ապա, Յարուցեալին հետ:

Ընկալելու համար Ս. Յարութեան Խորհուրդը, հարկ է քալել ու բարձրանալ Գողգոթայի ճամբէն, որու սալայատակները դաջուած են արիւնի շիթերովը Քրիստոսի՝ մարդեղացած Աստուածորդիին:

«Քառասնորդաց»-ն է այդ ճամբան, որ պիտի սատարէ ապրելու բոլոր խորհուրդները Աւագ Շաբթուան, Գողգոթայէն ետք հանդիպելու, ապա, Յարուցեալին հետ:

Քառասնորդաց ... անպաճոյճ բառ, որ կը նշանակէ Մեծ Պահք ու կ'իմաստաւորէ փոքր պրիսմակ մը մեր կեանքէն:

Ապաշխարութիւն ու մահացուցում հոն նուիրական հանդերձ կը զգենուն. ծոմ ու պահք մեր յոգնած քայլերը կը խթանեն. մինչդեռ աղօթք ու մտածական` «Ճանապարհ խաչի» կայաններուն առջեւ կ'ընդելուզուին:

Թերեւս այս բոլորը ժամանակավրէպ իրականութիւններ թուին արդի մարդոց համար, որոնք «Լոկ արծաթի ձայնով զիրար կը ճանչնան», ինչպէս կ'աւաղէր Դանիէլ Վարուժան (Թողէք Մեծնամ):

Իրաւացի էր ֆրանսացի գրող Պլեզ Փասքալի ազդարարութիւնը ու բաւարար՝ մեզ զգաստացնելու. «Յիսուս հոգեվարքի մէջ պիտի մնայ մինչեւ կատարածը աշխարհի. մինչ այդ, հարկ է չքնանալ»:

Բաւարար պիտի ըլլայ, նաեւ, վերլուծել ժամանակակից բարձր հոգեւորականի մը խոհերը, որ ընդգծած է պատշաճօրէն. «Մեր արդի կեանքին գահավիժող թափով իրարու յաջորդող փոխակերպումներուն մէջ... » ... եթէ հոս դադրեցնենք մեր ընթերցումը, պիտի մակաբերենք, թէ ինչո'ւ սակաւաթիւ են այն վայրկեանները, որ կը վերապահենք մեր հոգիներու փրկութեան, մեր գոյութեան իմաստին, ու նա'մանաւանդ Աստուծոյ՝ մեր Արարիչին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2024, 12:35