Որոնել

2020.12.04 Sala Dogma Immacolata - Adamo ed Eva

Ա. Կիրակի Քառասնորդաց. Մուտն Ադամայ ի դրախտն, Աղօթք, Ծոմապահութիւն եւ Ողորմութիւն. Յովհաննէս եպս. Թէյրուզեանի քառասնորդացի մտածականները

Մատթէոս Աւետարանիչ (6, 1-18) մեզի կը թելադրէ երեք ուղեգիծեր. Ողորմութիւն, Աղօթք եւ Ծոմապահութիւն, որոնց կիրառումը Եկեղեցին ճոխացուց անհամար սուրբերով:

Շնորհաբեր ու կենսատու դարձնելու համար Քառասնորդաց շրջանը, այսինքն՝ մեր առջեւ երկարող Մեծ Պահքի օրերը, յօժարակամ ըլլալու ենք Ս. Հոգիի ներշնչումներուն:

Մատթէոս Աւետարանիչ (6, 1-18) մեզի կը թելադրէ երեք ուղեգիծեր. Ողորմութիւն, Աղօթք եւ Ծոմապահութիւն, որոնց կիրառումը Եկեղեցին ճոխացուց անհամար սուրբերով:

Աղօթքը հանդիպումն է երկու սիրելիներու, որոնք ըսելիք ունին մէկը միւսին:

-                  Արարիչին Հանդիպումն է Իր արարածին հետ, որուն սրբազան Խօսք մը ունի ըսելիք. այդ խօսքով կը յայտնէ իր հայրական անմնացորդ սէրը, զոր ո'չ մէկ բան կարող է կասեցնել. ո'չ մեղքը եւ ո'չ ալ՝ Չարին կամակատարները:  Այդ սէրը գրաւական մըն է, թէ գիշեր ցերեկ կը հսկէ մարդուս վրայ, որ չըլլայ թէ հեռանայ Իր ջերմ ներկայութենէն եւ խարխափի խաւարի մէջ: Այս պարագային, կը վստահեցնէ, թէ իր աստուածային հոգածութիւնը միշտ ներկայ է ու կը բերկրի, երբ արարածը դառնայ իր հայրենի տունը:

-                  Հանդիպումն մըն է, հետեւաբար, արարածին՝ իր Արարիչին հետ, Որուն կ'արտայայտէ իր երախտագիտութիւնն ու սէրը. ասոր հետեւանքներն են. յարգանք ու մեծարանք՝ Իր սուրբ Անունին, կատարեալ պատրաստակամութիւն զԻնք լսելու՝ խիղճին ու Ս. Գիրքին միջոցաւ. լիակատար հնազանդութիւն եւ համակերպում՝ Իր սուրբ կամքին, որդիական վստահութիւն՝ Իր աստուածային Նախախնամութեան: Աստուծոյ կը յայտնէ ամբողջական զղջում մը իր գաղջութեան, անտարբերութեան, ապերախտութեան, սիրոյ պակասին համար, եւ աչքերը սեւեռած Անոր կը յայտնէ անվարան փափաք մը ընդունելու Իր ներումը եւ յաւիտեան ապրելու Իր ծոցին մէջ:  

Ծոմապահութիւնը աղօթքի բարերար արդիւնքներէն մին է:

-        Մարդս, իր աղօթքին անկեղծ փափաքները իրականացնելու համար, հրաւիրուած է հրաժարելու աշխարհի հրապոյրներէն, որպէսզի կարենայ տապանակ մը դառնալ Աստուծոյ եւ իր մերձաւորին:

-        Հրաւիրուած է ձերբազատուելու ամէն բանէ, որ կը նկրտի իր որդիական ուրախ ազատութիւնը խափանել, ստրուկ դարձնելով «Ես»-ին բոլոր ունայնութիւններուն եւ Չարին բոլոր խաբկանքներուն:

-        Հրաւիրուած է որդեգրելու հոգեւոր իսկական կեանք մը Ս. Աւետարանի Հոգիին համաձայն. «Սիրէ' քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ, բոլոր անձովդ եւ բոլոր մտքովդ. այս է մեծ եւ առաջին պատուիրանը: Իսկ երկրորդը՝ ասոր նման է. սիրէ' ընկերդ քու անձիդ պէս» (Մատթէոս 22, 37-39):

Ողորմութիւնը Աստուծոյ հանդէպ երախտագիտութիւն մըն է. «Հիւանդները բժշկեցէ'ք, մեռելներուն յարութիւն տուէ'ք, բորոտները մաքրեցէ'ք ու դեւերը հանեցէ'ք: Ձրի առիք՝ ձրի ալ տուէք» (Մատթէոս 10, 8). «Եկէ'ք, իմ Հօրս օրհնեալները, ժառանգեցէ'ք արքայութիւնը, որ ձեզի համար պատրաստուած է աշխարհիս սկիզբէն. որովհետեւ անօթեցայ եւ ինծի ուտելիք տուիք, ծարաւեցայ եւ ինծի ջուր տուիք, օտար էի՝ ներս առիք զիս,  մերկ էի՝ հագուեցուցիք, հիւանդ էի՝ այցելութեան եկաք, բանտն էի՝ տեցութեան եկաք... կ'ըսեմ ձեզի, քանի որ այս ամէնը փոքրիկ եղբայրներէս մէկուն ըրիք՝ ինծի ըրիք...» (Մատթէոս 25, 34 եւ 40):

          Ողորմութիւն տալը կ'արտայայտուի՝ երբ ունենաս

-        Աստուծոյ Հայեացքը տեսնելու համար եւ ընդունելու մարդը ինչպէս որ Աստուած զինք ընդունած է.

-        Աստուծոյ Ձեռքերը՝ տալու համար մեր մերձաւորին ինչ որ Արարիչը տուած է մեզի բաժնելու համար.

-        Աստուծոյ Սիրտը՝ սիրելու համար մեր մերձաւորը ինչպէս որ Աստուած կը սիրէ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/02/2024, 08:49