Որոնել

2019.02.27 San Vartan

Եկեղեցական Գիտելիքներ Բ. Շաբաթ Առաջաւորի (4_11 Փետրուար 2024)։

Հինգշաբթի օրը, 8 Փետրուարին` տօնն է Վարդանանց զօրավարներուն եւ Աւարայրի դաշտին մէջ նահատակուած բոլոր 1036 զինուորներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի օր` Յովհաննէսի աւետարանի ամէնէն յուզիչ  բաժիններէն մին է որ կարդացուեցաւ. Յիսուս կը խօսի Հացին մասին որ երկնքէն կու գայ, այդ հացը կը նոյնացնէ իր անձին հետ, եւ կը պատուիրէ որ ուտեն իր մարմինը եւ խմեն իր արիւնը որպէսզի յաւիտենական կեանք ունենան իրեն հաւատացողները։

Երբ` այս խօսքերուն վրայ, միւս աշակերտները կը թողուն զինք ու կը հեռանան, Յիսուս իր խօսքը կ՛ուղղէ առաքեալներուն, ըսելով. Դու՞ք ալ կ՛ուզէք երթալ, ազատ էք, կրնաք երթալ. Սակայն Պետրոս անմիջապէս կը միջամտէ եւ կը գոչէ. Տէր, որու՞ն երթանք, դուն ունիս յաւիտենական կեանքին խօսքերը։ Սքանչելի սլացք մը եւ արտայայտութիւն որ կու գան անշուշտ Սուրբ Հոգիէն, որ կը գործէ իր մէջ։

Երկուշաբթի 5 Փետրուարին՝ տօնն է   7 սուրբ վկաներու. առաջին երեքը իրարմէ բոլորովին տարբեր վայրերու մէջ նահատակուած են։

Պիոն քահանան Զմիւռնիացի էր եւ Պողիկարպոսի ժամանակակից. Շատեր դարձի բերած ըլլալուն համար նահատակուեցաւ. Մարկոս Արեթուսայ եպիսկոպոսը Ասորի էր եւ Յուլիանոս Ուրացողի օրով կղզի մը աքսորուեցաւ ուր շատեր դարձի բերաւ։ Կիւրեղ Սարկաւագը Պաղեստինցի էր եւ դարձեալ Յուլիանոսի օրով նահատակուեցաւ հեթանոս քուրմերու կողմէ յօշոտուելով։ Իսկ մնացեալ 4-ը Պարսից Եկեղեցւոյ կը պատկանին. Անոնք նահատակուեցան Յազկերտ Ա.-ի օրով. Իրենց անուններն են. Աբդիաս եպիսկոպոս, իր սարկաւագը` Բենիամին, եւ երկու իշխաններ, Որմզդան եւ Սայեն, որոնք քրիստոնեայ դարձած էին եպիսկոպոսին քարոզութեամբ։

Երեքշաբթի , տօնն է Ղեւոնդեանց քահանայից։

Ղեւոնդ Երէց հայ քահանայ մըն էր որ գլուխը անցած էր ապստամբութեան Յազկերտ Բ.ի հրամանին դէմ, որ կ՛ուզէր Հայերը Մազդէականութեան դարձնել։ Ան առաջնորդն էր եւ խրախուսողը Վարդան Մամիկոնեանի եւ հայկական գունդերուն, Աւարայրի պատերազմի ընթացքին։ Պատերազմէն ետք` 454 թուին, ինք եւ կարգ մը հայ կղերականներ, որոնց մէջ Յովսէփ Ա. Հողոցմեցի կաթողիկոսը, Սահակ եւ Թաթիկ եպիսկոպոսները, Մուշէ, Արշէն, Սամուէլ, Աբրահամ եւ Խորէն Երէցները, ու Քաջաջ եւ Աբրահամ սարկաւագները, կալանաւորուեցան եւ Դենշապուհ Ամիրապետին ձեռամբ ամէնքն ալ նահատակուեցան Պարսկաստանի Ռեվան կոչուած գիւղին մօտերը։

Հինգշաբթի օրը, 8 Փետրուարին` տօնն է Վարդանանց զօրավարներուն եւ Աւարայրի դաշտին մէջ նահատակուած բոլոր 1036 զինուորներուն։

Անոնք պայքարեցան Պարսից Յազկերտ Բ. Արքայի զօրքերուն դէմ, պաշտպանելու համար իրենց հաւատքն ու հայրենիքը։ Ասոր համար ալ մարտիրոսներ են եւ արժանի բարեբանութեան։ Վարդան Մամիկոնեանի հետ նահատակուած նախարարներու անուններն են. Խորէն Խորխոռունի, Արտակ Պալունի, Տաճատ Գնդունի, Հմայեակ Դիմաքսեան, Ներսեհ Քաջբերունի, Վահան Գնունի, Արսէն Ընծայեցի եւ Գարեգին Սրուանձտեանց։

Շաբաթ 10 Փետրուարին` կը տօնենք Տիեզարական երկրորդ ժողովի 150 Սուրբ Հայրերը, որոնք Կ. Պոլսոյ մէջ ժողովեցան 381 թուին, պայքարելու համար Արիոսի եւ իր հետեւորդներուն, ինչպէս նաեւ զանազան ուրիշ աղանդներու դէմ։ Այս ժողովի ընթացքին Հաւատամքը առաւ իր ներկայ վերջնական ձեւը։

Իսկ Կիրակի 11 Փետրուարը   Բուն Բարեկենդան է, որմէ ետք (յաջորդ օրը) կը սկսի Քառասնորդացը...  Տօնն է նաեւ Լուրտի Տիրամօր  (ըստ լատինաց):

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/02/2024, 08:06