Որոնել

Սուրբ Երկիր Սուրբ Երկիր 

Իտալիոյ մէջ դրամահաւաք Սուրբ Երկրի մէջ պատերազմէն տուժած կարիքաւորներուն ի նպաստ

Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի հաղորդագրութիւնը Իտալական եկեղեցիներէն ներս դրամահաւաքի կազմակերպութեան վերաբերեալ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Իտալիոյ եպսիկոպոսաց համահաւաք դասը կազմակերպած է ազգային դրամահաւաք նուիրուած Սուրբ Երկրի մէջ պատերազմէն տուժած կարիքաւորներուն, լուրը հաղորդեց Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասը հրապարակելով հաղորագրութիւն մը, որուն մէջ կը նշուի, թէ դրամահաւաքը տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ կիրակի 18 փետրուարին, Իտալական բոլոր եկեղեցիներէն ներս։

Մինչեւ 3 մայիս հանգանակուած գումարը պիտի ուղարկուի Իտալական Քարիթասին կազմակերպելու համար բարեսիրական միջոռացումներ, համագործակցութեամբ Միջազգային Քարիթասին։

Իտալական Քարիթասի տնօրէն, Հայր Մարքօ Փանիելլոյի Փոխանցմամբ Իտալական Քարիթասը միշտ կապի մէջ է Սուրբ Երկրի տեղական եկեղեցւոյ հետ ու կը շարունակէ հետեւիլ ներկայ իրավիճակին, ուղեկցելով տեղական եկեղեցիներուն՝ տարբեր նախաձեռնութիւններ կազմակերպելու մէջ,  ունենալով որպէս նպատակ հոգալ աղքատներու կարքիներուն ու նպաստել խաղաղ ու համերաշխ միջավայր կառուցելու գործունէութիւններուն։

Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ 18 փետրուարին կազմակերպուած դրամահաւաքը, Իտալական ժողովրդապետական հասարակութիւններուն իրազեկութիւնը եւ աշխուժութիւնը բարձրացնելու թանկարժէք հնարաւորութիւն է։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/02/2024, 14:39