Որոնել

Ամենապատիւ Ռաֆաէլ Պետրոսի ԻԱ Պատրիարքը եւ Մեսրոպեան վարժարանի 85-ամեակի կազմակերպիչ յանձնախումբը Ամենապատիւ Ռաֆաէլ Պետրոսի ԻԱ Պատրիարքը եւ Մեսրոպեան վարժարանի 85-ամեակի կազմակերպիչ յանձնախումբը 

Պէյրութի մէջ. Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան վարժարանը կը պատրաստուի նշելու վարժարանի հիմնադրման 85-ամեակը

Աստուածային նախախնամութեամբ 1939 թուականէն ի վեր անխափան գործող Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը այս տարի՝ 2024-ին կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 85-րդ ամեակը: Աստուծոյ հոգածութեան մէջ վստահութեամբ, վարժարանի կրթական ընտանիքը կը պատրաստուի ոգեկոչելու նշանակալի այս իրադարձութիւնը եւ արժանաւորապէս նշելու սիրելի հաստատութեան հարուստ պատմութիւնն ու ձեռքբերումները:
Ունկնդրէ լուրը

Աստուածային նախախնամութեամբ 1939 թուականէն ի վեր անխափան գործող Պէյրութի Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանը այս տարի՝ 2024-ին կը բոլորէ իր հիմնադրութեան 85-րդ ամեակը:

Աստուծոյ հոգածութեան մէջ վստահութեամբ, վարժարանի կրթական ընտանիքը կը պատրաստուի ոգեկոչելու նշանակալի այս իրադարձութիւնը եւ արժանաւորապէս նշելու սիրելի հաստատութեան հարուստ պատմութիւնն ու ձեռքբերումները:

1 Փետրուար 2024-ին, առաջնորդութեամբ Հայ կաթողիկէ Պէյրութի թեմի ընդհանուր փոխանորդ եւ Հայ կաթողիկէ Պատրիարքապատկան վարժարաններու վարչական խորհուրդի նախագահի տեղակալ Գերապայծառ Հայր Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանի, վարժարանի 85-ամեակի կազմակերպիչ յանձնախումբը, գլխաւորութեամբ տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստի այցելութիւն մը տուաւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն. Ա. Գ. Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, անոր օրհնութիւնն ու հովանաւորութիւնը ստանալու համար նախատեսուող ձեռնարկներուն:

Հոգեւոր Տէրը օրհնեց եւ հաստատեց յանձնախումբին ներկայացուցած նախագիծը եւ կատարեց շարք մը թելադրանքներ՝ առ ի լրացումն անոր:

Առ այդ, բարձր հովանաւորութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն. Ա. Գ. Տ. Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքին, Մեսրոպեանի 85-ամեակին առիթով պիտի կատարուին հանրային հետեւեալ միջոցառումները.

1. ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԾԱՌԱՅ. ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԻՄՆԱԴԻՐ ԳՐԻԳՈՐ ՊԵՏՐՈՍ ԺԵ. ԱՂԱՃԱՆԵԱՆ ԿԱՐՏԻՆԱԼԻ ԿԻՍԱՆԴՐԻԻ ԲԱՑՈՒՄ, ձեռամբ Ն. Ա. Գ. Տ. Տ. ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ, Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 6:30-ին, Մեսրոպեան վարժարանի մուտքին:

2. ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՍՈՒՐԲ ՊԱՏԱՐԱԳ, զոր պիտի մատուցանէ Ն. Ա. Գ. Տ. Տ. ՌԱՖԱՅԷԼ ՊԵՏՐՈՍ ԻԱ. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ, Հինգշաբթի, 21 Մարտ 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Պուրճ Համուտի Հայ Կաթողիկէ Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ:

3. 85-ԱՄԵԱԿԻ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆ, 9 Մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի Յովհաննէս Պօղոսեան սրահին մէջ: 

4. 85-ԱՄԵԱԿԻ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀՈՒՆՁՔԻ ՅԱՆՁՆՈՒՄ (Մեսրոպեանի 2023-2024 աւարտական հանդէս), 24 Մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, վարժարանի շրջափակին մէջ:

5. ՄԵՍՐՈՊԵԱՆԻ ՇՈՒՇԻ պարախումբին ելոյթները, 25-26 Մայիս 2024-ին, երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Պուրճ Համուտի Յովհաննէս Պօղոսեան սրահին մէջ:

Ընդառաջ կը մնանք բարի ու խաղաղ օրերու մէջ իրականացնելու տօնական այս միջոցառումները առ ի յարգանք 85 տարիներու վրայ վարժարանի վերելքին նպաստած նուիրեալներու մեծ փաղանգին եւ առ ի գօտեպնդում մեսրոպեանական շարունակուող առաքելութեան:

ՏՆՕՐԷՆՈՒԹԻՒՆ

Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/02/2024, 05:50