Որոնել

Հայր Իպրահիմ Ֆալթաս Հայր Իպրահիմ Ֆալթաս  

Հայր Ֆաթաս. Միջին արեւելքի մէջ պատերազմի պատճառով աւելի քան 10000 անչափահասներ սպաննուեցան

Սուրբ Աթոռի Պահակութեան տեղակալ Հայր Իպրահիմի զրոյցը «Վատիկան Նիւզ»ի հետ Միջին արեւելքի մէջ բռնկուած պատերազմներուն մասին, մինչեւ այսօր սպաննուած են հազարաւոր անչափահասներ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սուրբ Երկրի պահակութեան տեղակալ, հայր Իպրահիմ Ֆալթաս, «Վատիկան Նիւզ»ի հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին իր խոր մտահոգութիւնը յայտնեց Միջին Արեւելքի մէջ բռնկուած պատերազմներու գծով տեղեկացնելով, որ մինչեւ այսօր Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ տեղի ունեցող պատերազմի հետեւանքով արձանագրուած է աւելի քան 30 000 զոհեր, 60000 վիրաւորներ, որբացած են աւելի քան 40000 մանուկներ ու մահացած են 10000 անչափահասներ։

Հայր Ֆալթաս ապա տեղական եկեղեցւոյ մտավախութիւնը յայտնեց այն գծով, որ Սուրբ Երկրի ողբերգութիւնները կրնան երրորդ համաշխարհային պատերազմի պատճառ դառնալ, նկատի առնելով նաեւ Հարաւային Լիբանանի, Եմենի եւ Անդրյորդանանի մէջ յարձակումներն ու ռմբակոծումները։

Սուրբ Երկրի պահակութեան տեղակալը իր զարմանքն ու վրդովմունքը յայտնեց աշխարհի հզօր մարդոց համար, որոնք «լուռ կը մնան այս բոլոր բաներուն առջեւ», մինչ միայն Ֆրանչիսկոս քահանայապետը իր սիրտին մէջ ունի այս եւ այլ աշխարհի մէջ բոլորը պատերազմները։Լոկ ֆրանչիսկոս Պապը քաջութիւնը ունեցաւ աղաղակելու խաղաղութեան համար» ըսաւ ան։

Հայր Ֆալթաս ապա իր խոր ցաւը յայտնեց Կազայի բնակչութեան համար, յայտնելով որ անոնք ոչ մէկ բանի ունին՝ ոչ ջուր, ոչ կերակուր եւ ոչ իսկ հաղորդելու կարելիութիւն ու եկեղեցին ամէն բան կը կատարէ առաջին անհրաժեշտութեան բաները հասցնելու համար։

Հայր ֆալթաս կոչ ուղղեց կիրարկելու համար շատ մը քաղաքագէտներու եւ միջազգային պետութիւններուն կողմէ ձեռնարկուած երկու ժողովուրդներու լուծումը, որուն համաձայն է նաեւ Իսրայէլը, ըսաւ Ան, ընդգծելով որ Սուրբ Երկրի մէջ ոչ մէկը հանգիստ վիճակի մէջ է, ոչ Իսրայէլցիները ոչ ալ Պաղեստինցիները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2024, 09:44