Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Շնորհալիի «Գիր Հաւատոյ»ի մէջ քննուած հարցերը – Է Մաս

Հաղորդաշար (44) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ.Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ լուրը

Ա­ռա­ջա­ւո­րաց պահ­քի մա­սին յոյ­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցած հար­ցին՝ Շնոր­հա­լի շատ վճ­ռա­կան է եւ խիստ ոճով կ՚ար­տա­յայ­տուի, կուռ եւ ջախ­ջա­խիչ պատ­ճա­ռա­բա­նու­թեամբ։ Նախ զր­պար­տու­թիւն կ՚ա­նուա­նէ այս հար­ցադ­րու­մը, ըսե­լով որ յոյ­նե­րը ան­գի­տակ­ցա­բար կը հայ­հոյէին հայե­րու դէմ։ Կը հաս­տա­տէ «մեր հա­ւատ­քէն ապս­տամ­բող­ներ, ասոր մա­սին ձեր դի­մաց ստայօդ խօս­քե­րով, տար­բեր բա­ներ պատ­մած են» եւ այս­պէս ստեղ­ծուած էր առաս­պել մը որ կը շր­ջէր յոյ­նե­րու մօտ, որու հա­մա­ձայն Սար­գիս անու­նով կա­խարդ մը գայ­լե­րէն յօ­շո­տուած իր շան հա­մար հն­գօ­րեայ սու­գի ու կո­ծի պահք նշա­նա­կեր էր, Առա­ջա­ւո­րաց պահ­քը, այդ­պէս կո­չուած՝ շան անու­նով կամ անոր դե­րին հա­մար, որով­հե­տեւ «ա­ռա­ջա­ւոր» էր, այ­սինքն Սար­գիս կա­խար­դին առ­ջե­ւէն կը քա­լէր եւ կ՚եր­թար անոր գա­լուս­տը աւե­տե­լու։ Այս­պի­սի ան­հե­թե­թու­թիւն եւ սր­բա­պիղծ յե­րիւ­րանք բնա­կա­նա­բար դա­րեր շա­րու­նակ բոր­բո­քած էր հայե­րու թշ­նա­մու­թիւ­նը՝ տես­նե­լով հայ­րե­նա­ւանդ սր­բու­թիւն­նե­րը ծաղ­րի առար­կայ դար­ձած։­

Ա­ռանց խո­րա­նա­լու այս առաս­պե­լին մէջ, Շնոր­հա­լի կտ­րա­կա­նա­պէս կը մեր­ժէ այդ­պի­սի Սար­գի­սի մը գո­յու­թիւ­նը հայոց քով, եւ կա­տա­րած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը հաս­տա­տե­լու հա­մար կ՚ա­ւելց­նէ «Մեր մօտ այս­պի­սի Սար­գի­սի մը յի­շա­տա­կը գո­յու­թիւ­նը չու­նի, աւե­լի քան եղ­ջե­րուա­քաղ կո­չուա­ծը, որ թէեւ գո­յու­թիւն չու­նի, բայց անու­նը կայ, մինչ­դեռ այս Սար­գի­սը մեր ազ­գին մէջ ոչ գո­յու­թիւն ու­նի, ոչ ալ անու­նը կայ։ Իսկ եթէ տեղ մը գտ­նուի, թէեւ ին­ծի յայտ­նի չէ, ընդ­հան­րա­կան եկե­ղե­ցին կը նզո­վէ զինքն ալ, էշն ու շնիկն ալ, ինչ­պէս զինք ճանչ­ցո­ղը եւ ըն­դու­նո­ղը, որով­հե­տեւ անոր անու­նը մեր ազ­գին մէջ չէ լսուած, եթէ ոչ յոյ­նե­րուն մօտ»։

Շ­նոր­հա­լի կը բա­ցատ­րէ թէ Առա­ջա­ւո­րաց պահք կո­չուած է, որով­հե­տեւ առա­ջին պահքն էր որ պատ­մա­կա­նօ­րէն հայե­րը պա­հած են։ Ինչ­պէս Զե­նոբ Գլակ պատ­մի­չը եւ Ագա­թան­գե­ղոս կը փո­խան­ցեն՝ Ս. Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չ կը յանձ­նա­րա­րէ Տր­դատ թա­գա­ւո­րին բժշ­կու­թեան եւ հայոց իշ­խան­նե­րուն դար­ձին հա­մար հն­գօ­րեայ պահք պա­հել, եւ ապա կը հաս­տա­տէ ամէն տա­րի կա­տա­րել՝ «որ­պէս­զի Աս­տու­ծոյ կա­տա­րած բա­րի­քը չմոռ­նան»։ Յով­նան մար­գա­րէի քա­րո­զած ապաշ­խա­րու­թեան նմա­նու­թեամբ կը կո­չուի նաեւ նի­նուէացի­նե­րու պահ­ք, որ ասո­րի­ներն ու եգիպ­տա­ցի­ներն ալ կը պա­հեն։ Իսկ Ս. Սար­գի­սի պահք կը կո­չուի, որով­հե­տեւ Սար­գիս զօ­րա­վա­րի եւ իր Մար­տի­րոս որ­դիին մար­տի­րո­սու­թեան յի­շա­տա­կու­թեան օրը եկե­ղե­ցին հաս­տա­տած էր Առա­ջա­ւո­րաց պահ­քի Շա­բաթ օրը։ Անոնք Կա­պա­դով­կիայէն Պարս­կաս­տան ան­ցած էին Յու­լիանոս ու­րա­ցող կայս­րի օրով եւ բազ­մա­թիւ զի­նուո­րա­կան­ներ քրիս­տո­նէու­թեան առաջ­նոր­դած էին եւ Յու­նուա­րի 30ին պար­սիկ­նե­րու Շա­պուհ ար­քայի հրա­մա­նով կը նա­հա­տա­կուին։

Մին­չեւ օրս ոմանք կը շա­րու­նա­կեն պա­հել այս ամե­նա­խիստ պահ­քը, միայն աղ ու հաց ու­տե­լով եւ ջուր խմե­լով, ինչ որ նա­խա­պէս ամ­բողջ քա­ռաս­նոր­դի ըն­թաց­քին կը պա­հուէր, որ­մէ եւս աղու­հա­ցից անուա­նու­մը առա­ջա­ցած է։

­«Իսկ ես, Աս­տու­ծոյ վկա­յու­թեամբ, բա­ցա­յայ­տօ­րէն կը գրեմ ասոր մա­սին ճշ­մար­տու­թիւ­նը՝ որ­պէս­զի ոչ ոք ան­գի­տա­բար հայ­հոյէ եւ իր ան­ձին վնաս հասց­նէ»։ Այս խօս­քե­րով Շնոր­հա­լի իր ճշ­մար­տա­ցիու­թիւ­նը հաս­տա­տե­լէ աւե­լի՝ ան­գամ մը եւս կը փաս­տէ որ իր մտա­հո­գու­թիւ­նը նախ հո­գի­նե­րու փր­կու­թիւնն է, եւ բա­րի հո­վի­ւի նման մար­դա­սի­րա­բար կը զգու­շաց­նէ չա­րի խա­բէու­թե­նէն եւ ինք­նա­կոր­ծա­նու­մէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/01/2024, 07:48