Որոնել

2021.02.18 Card. Agagianian

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (55)

Այսօրուան մեր հաղորդումով կը փակենք Աստուծոյ խոնարհ ծառային՝ Աղաճանեան Կարդինալին կեանքին և գործունէութեան նուիրուած հաղորդաշարը:

ԾԵ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուան մեր հաղորդումով կը փակենք Աստուծոյ խոնարհ ծառային՝  Աղաճանեան Կարդինալին կեանքին և գործունէութեան նուիրուած հաղորդաշարը:

 

Կարդինալ Աղաճանեանի երանացման առաջին քայլը մեր գիտակցութեան մէջ կը վերյիշեցնէ «Սուրբ եղէք» Աւետարանական պատգամը, որ հրաւէր մըն է ուղղուած իւրաքանչիւր քրիստոնեայի՝ ապաշխարելու և ապրելու այս սրբազան ուրախութիւնը։ Իսկապէ՛ս, որ մարդու սրբութիւնը Ամենակալ Աստուծոյ սրբութեան ցոլացումն է իր անձին մէջ և ճշմարիտ հաղորդութիւն Աստուծոյ հետ. Այսպէս էր պարագան Աղաճանեան Կարդիալին:

Սրբակեաց Հայրապետը 54 տարի անխոնջ ծառայելէ ետք ի սպաս Աստուծոյ Եկեղեցւոյ եւ ժողովուրդին՝ 76 տարեկանին այս աշխարհէն մեկնեցաւ ետին թողնելով հսկայական աշխատանք մը, որ զարմանք և հիացմունք պատճառեց բովանդակ Քրիստոնեայ աշխարհին: Արդարեւ, ծիրանեփառ Հայրապետը երկար տարիներ պիտի յիշատակուէր իր օրինակելի կեանքին և ծառայութեան շնորհիւ: Անտարակոյս Կարդինալ Աղաճանեանի անունը պիտի անցնի պատմութեան և պիտի արձանագրուի ոսկետառ գրիչով մեր համայնքի ու նուիրապետութեան յուշագրութեան մէջ:

Կարդինալ Աղաճանեանի անմահ յիշատակը պէտք է վառ մնայ բոլորիս սրտերուն մէջ, քանզի անոր ազնիւ հոգւոյն, իմաստուն վարչագիտութեան ու հեռատեսութեան կը պարտի այսօր Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցին իր արժանաւոր դիրքը, զոր կը գրաւէ աշխարհիս Եկեղեցիներու շարքին: Ան իսկապէ՛ս, դարձաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հաստատուն սիւներէն ու նշանաւոր դէմքերէն մէկը:

Ահա, ամէն հայու սրտի մաղթանքն է որ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան Կաթողիկոս Կարդինալը օր մը սուրբ խորաններու վրայ բարձրանայ. Այն օրը, վստահաբար սուրբ Եկեղեցին զինք պիտի հռչակէ պաշտպան Եկեղեցւոյ միութեան, եւ ասիկա պիտի կազմէ փառքը բոլորիս, ի պայծառութեան Ս. Եկեղեցւոյ և ի փառս Աստուծոյ: Աստուած յաւերժացնէ անոր յիշատակը Հայ Ազգին, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ և Տիեզերական Եկեղեցւոյ մէջ, արժանի դարձնելով զայն Երանելիներու կարգին և ապա Սրբադասման: Բաց աստի, Աղաճանեան իր ամբողջ կեանքի ընթացքին, մտահոգութիւնը ունեցաւ իր ազգի վիճակին և իր հոգիին խորը կ'ուզէր մասնակից դառնալ ազգային, մշակութային, ընկերային և կրօնական վերածնունդին:

Իր կեանքը համակ զոհաբերութիւն եղաւ, իր բոլոր ջանքը թափեց այս նպատակին ի սպաս: Ահա, մարմնացումը այս գաղափարակին՝ սէրն է Աղաճանեան Կարդինալին իր ազգին հանդէպ: Իր մէջ կ'ապրէր ճշմարի՛տ սէր մը իր հարազատ ժողովուրդին նկատմամբ. Պատրանք մը չէր այդ մէկը,  այլ համակ սէր մը, թրծուած գործ, բարձրացնելու և պանծացնելու հինաւուրց յիշատակները, դարերու ընթացքին կերտուած մեր պատմութեան նկատմամբ, սկսած նախաքրիստոնէական շրջանէն մինչեւ իր կեանքի վերջին օրերը: Այս պատմական հանգրուանին, աղօթք բարձրացնենք առ Ամենաբարի՛ն Աստուած, որ Կարդինալ Աղաճանեանի անթառամ յիշատակը և անոր անձին արժանիքները յաւերժ մնան՝ սերունդէ սերունդ և դարէ դար:

Այսօր, համոզուած ենք թէ Հայ Եկեղեցին և ժողովուրդը կարիքն ունին նոր Աղաճանեաններու, իր նման սրբակեաց և անձնուէր հոգեւորականներու, ինչպէս նաեւ իմաստուն, առագինի, խոհեմ, պարկեշտ և մաքրաբարոյ Առաջնորդներու, որպէսզի անոնց ապրած կեանքին օրինակը և զոհաբերութեան գերագոյն ոգին մեզի և գալիք սերունդներուն ներշնչման անսպառ աղբիւր ըլլայ:

 

Սիրելիներ,

Թէեւ Կարդինալ Աղաճանեանի նուիրուած մեր հաղորդաշարը այսօր կ'աւարտենք, սակայն երկար պիտի խօսուի այս մեծ Հայրապետին արժանիքներուն մասին մինչեւ երանացում և Աստուծոյ կամօք՝ մինչեւ սրբադասում, ի փառս Եկեղեցւոյ և Ազգին Հայոց: Օրհնեա՛լ ըլլայ այն ժողովուրդը որ այսպիսի Աստուծոյ խոնարհ ծառաներ ծնած է. Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

26/01/2024, 07:43