Որոնել

2023.09.28 Immagini del Cardinal Pietro XV AGAGIANIAN

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (54)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Աստուծոյ Ծառայ՝ Կարդինալ Աղաճանեանի կտակին:

ԾԴ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Աստուծոյ Ծառայ՝ Կարդինալ Աղաճանեանի կտակին:

Սրբալոյս Կարդինալ Աղաճանեան իր հոգեւոր կտակին մէջ այսպէս կը գրէր. «Կուզեմ մեռնիլ՝ ինչպէս որ ջանացի ապրիլ միշտ իբրեւ հնազանդ զաւակ մը Մօրս՝ Կաթողիկէ Ս. Եկեղեցւոյ, կատարեալ միութեամբ՝ անոր տեսանելի Գլուխին եւ մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի փոխանորդին, Հռոմի Ս. Քահանայապետին հետ, դաւանելով՝ ինչ որ ան կը դաւանի եւ որ սքանչելիօրէն խտացած է Պօղոս Զ. Ս. Քահանայապետի «Հաւատոյ Հանգանակին» մէջ»: Արդարեւ, Երջնակայիշատակ Կարդինալին առաքինազարդ կեանքը եղաւ պսակումը Յիսուսի հրաւէրին. «Դուք կատարեալ եղէք, ինչպէս կատարեալ է ձեր Երկնաւոր Հայրը» (Մտթ. Ե, 48): Ան իր սրբութեամբ և գիտութեամբ՝ պիտի դասուի ի շարս մեր մեծանուն Հայրապետներուն, որոնք կը կազմեն փառքը Հայ Եկեղեցւոյ և պարծանքը հայ ժողովուրդին:

Բարւօք է որ մեր կեանքին օրինակ դարձնենք զանոնք: Կարդինալ Աղաճանեանը այսօր երկինքէն մեզ կը պարուրէ իր աղօթքով և սիրոյ վկայութեամբ։ Իր երկրաւոր կեանքի վերջին պահուն վերջին խօսքը հետեւեալն էր. «Ես շատ բաներ ունիմ ձեզի տալու, բայց ժամանակը նեղ է, ու ես զանոնք ձեզի պիտի տամ Երկինքէն»: Այդպէս ալ եղաւ իսկապէ՛ս իր վախճանումէն աւելի քան 50 տարի ետք, Հայոց երկնակամարին վերեւ վառեցաւ նոր եւ լուսաւոր աստղ մը, որ կը շարունակէ աւելի ուժգին շողալ եւ լուսաւորել հայ ազգի եւ համայն աշխարհի հաւատաւոր զաւակներու ուղին:

Աղաճանեան իր կեանքի աւարտին իւրայատուկ խօսք մը ուղղած էր իր գործակիցներուն և շրջապատին, ըսելով. «Իմ երախտապարտ սիրտս կ'ողջունէ բոլոր սիրելի գործակիցներս, որոնք իրենց ազդու եւ թանկագին օժանդակութեամբ օգնեցին ինծի…:

Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան կղերին ու հաւատացեալներուն, ինչպէս նաեւ սիրելի ազգիս բոլոր զաւակներուն, կը մաղթեմ՝ բարեխօսութեամբ մեր բիւրաւոր մարտիրոսներուն, ամէն հոգեւոր եւ ժամանակաւոր բարիք եւ յատկապէս պահպանումը եւ աճումը քրիստոնէական հաւատքին, Քրիստոսի միակ Եկեղեցւոյ միութեան մէջ»:

Հայ Կաթողիկէ համայնքը, ամէն տեղ և ամէն առթիւ՝ պիտի յիշէ այս մեծ եկեղեցականը, պանծացնելով Հայոց նորագոյն պատմութեան ամէնէն երեւելի հայ հոգեւորականներէն մէկուն յիշատակը: Մեծանուն Կարդինալը անջնջելի դրոշմ մը թողած է Կաթողիկէ Տիեզերական Եկեղեցւոյ և քրիստոնեայ աշխարհի նորագոյն պատմութեան էջերուն մէջ, անոր նուաճումներով լեցուն կեանքն ու գործունէութիւնը կարելի չէ ամփոփել այս հաղորդումներուն մէջ:

Իրօք,  անոր կեանքի օրինակը ներշնչման աղբիւր է ներկայ սերունդին, ըլլան անոնք աշխարհական թէ հոգեւորական: Կարդինալին արժանիքները մեծագո՛յն գնահատանքի արժանացան համայն հայութեան կողմէ, որուն իբրեւ հետեւանք՝ Երջանկայիշատակ նոյնանուն Հայրապետը առաջին քայլը պիտի առնէր մեծ Հայուն երանացման դատի ուղղութեամբ:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2024, 07:52