Որոնել

Աղօթք, խաչ, ծունկի եկած հաւատացեալ Աղօթք, խաչ, ծունկի եկած հաւատացեալ 

«Քանի՜ Անգամ Քու Տղաքներդ Ժողվել Ուզեցի… Բայց Դուք Չուզեցիք» (Մտթ. 23:37) Հայր Գէորգ եպիս Ասատուրեան

Քրիստոս իր խաչելութենէն առաջ իր աշակերտներուն համար Հայր Աստուծոյ աղօթեց ըսելով՝ « ո՛վ Հայր՝ թող անոնք մէկ ըլլան ... որպէսզի աշխարհը հաւատայ թէ դուն ղրկեցիր զիս» ( Յովհն. 17:21):
Ունկնդրէ լուրը

Այս տարի եւս քրիստոնեաներ աշխարհի չորս կողմը կը միանան միութեան դիտաւորութեան աղօթելու համար:
Քրիստոնեաներու միութիւն միշտ ալ եղած է հաւատացեալներուն փափաքն ու ցանկութիւնը: Հակառակ անոր, որ եկեղեցին աստուածային հաստատութիւն մըն է, սակայն եւ այնպէս իր մարդկային երեսն ալ ունի, որու հետեւանքով Քրիստոսի մարմինը ապրած է եւ կ'ապրի բաժանումներ:

Քրիստոս իր խաչելութենէն առաջ իր աշակերտներուն համար Հայր Աստուծոյ աղօթեց ըսելով՝ « ո՛վ Հայր՝ թող անոնք մէկ ըլլան ... որպէսզի աշխարհը հաւատայ թէ դուն ղրկեցիր զիս» ( Յովհն. 17:21):

Քրիստոսի այս աղօթքը Աստուծոյ սիրտը կը յայտնէ մեզի: Աստուծոյ կամքն է, որ իր հետեւորդները միացած եւ մէկ ըլլան եւ այդպէս ներկայանան աշխարհի: Հակառակ Տիրոջ կամքին, աշակերտներն ու հետեւորդները չկարողացան պահել Աստուծոյ ակնկալած միութիւնը: Միութիւնը կ'ենթադրէ սէր. եւ սէրը վկայութիւնն է, թէ Աստուած ներկայ է իր ժողովուրդին մէջ: Ցաւօք սրտի մեր ապրած իրականութիւնը կը յայտնէ, որ մեր վկայութիւնը դերի է, որովհետեւ մարդկային տարրը աւելի ծանր կշիռք ունի հաւատացեալներու կեանքին մէջ քան աստուածային կամքը:

Առաջին դարերէն, երբ եկեղեցին սկսաւ աճիլ եւ մեծնալ, սկսան քրիստոնէութեան ուղղափառ վարդապետութեան հակառակ գաղափարներ յայտնուիլ: Եկեղեցին իր միութեամբ կարողացաւ դէմ դնել բոլոր սխալ վարդապետութեանց: Մինչեւ հասաւ այն ժամանակը, ուր սկսաւ մարդկային միտքն ու տրամաբանութիւնը գերիշխել քրիստոնէական ապրելակերպին վրայ: Քրիստոնէութիւնը դարձաւ լոկ աստուածաբանութիւն եւ վարդապետութիւն, փոխան աստուածային պատկերը արտացոլացող կենցաղակերպ մը ըլլալու. քրիստոնէական արտայայտութեամբ՝ « Աթէնքը սկսաւ գերիշխել Երուսաղէմի վրայ»: Այսինքն եկեղեցւոյ վարդապետական ու աստուածաբանական երեսը աւելի ծանր սկսաւ կշռել քան հաւատքի կեանքը: Բոլոր յարանուանութիւնները, յանուն ուղղափառութեան եւ սուրբ գրային սկզբունքներու, սկսան ձեւակերպել վարդապետութիւններ, որոնք բաժանումներ յառաջացուցին: Մինչեւ հասանք հոն, ուր այլեւս միութիւնը գրեթէ անկարելի կը թուի:

Վերջին մի քանի տասնամեակներուն եկեղեցիները իրար մօտեցնելու քայլեր կատարուեցան. սակայն անոնք մնացին սակաւաթիւ եւ համեստ:

Քրիստոս ի տես Երուսաղէմի եւ անոր ժողովուրդին ըսաւ՝ «Ո՛վ Երուսաղէմ, Երուսաղէմ, որ մարգարէները կը սպանէիր ու քեզի ղրկուածները կը քարկոծէիր, քանի՜ անգամ քու տղաքներդ ժողվել ուզեցի, ինչպէս հաւը իր ձագերը թեւերուն տակ կը ժողվէ եւ դուք չուզեցիք»։ Յիսուսի այս խօսքը ներկայիս մեզի՝ քրիստոնեաներուս ալ այժմէական կը հնչէ: Քրիստոնեաներուս բաժանումները մեզ կը տկարացնեն մեր պատերազմին մէջ ընդդէմ յաւիտենական ոսոխին, որ « մռնչող առիւծի պէս կը պտըտի ու կը փնտռէ թէ ո՛վ կլլէ » ( Ա. Պետ. 5։ 8):
Միութեան այս աղօթքներուն կողքին, պէտք է կոչ ուղղուի ապաշխարութեան: Պէտք է աղօթենք ըսելով՝ « Տէր ներէ մեզի, որովհետեւ անտեսեցինք քու միութեան պատուիրանդ»: Պէտք է եկեղեցականն ու աշխարհականը աւելի հետամուտ ըլլայ պատուիրանները պահելու, քան թէ վիճելու «հրեշտակներուն սեռին» մասին: Որքան որ կարեւոր է վարդապետութիւնը, սակայն եւ այնպէս աւելի կարեւոր է մեր քրիստոնէական կեանքը, զոր Քրիստոս պատուիրեց, որպէս մեր քրիստոնէական պատկանելութեան փաստ ու վկայութիւն:

Մենք մեծ պահքի սեմին կը գտնուինք: Թող մեր ծոմն ու պահեցողութիւնը առաջնորդէ մեզ ապաշխարութեան, ըստ որուն միայն կրնանք յաղթել մեր եսակեդրոն կեանքին, որ բաժանումներ կը յառաջացնէ:
Սուրբ հայր մը ի տես աշխարհի վիճակին հարց կու տայ՝ « Տէր, ո՞վ կրնայ յաղթել աշխարհին»: Պատասխան կը լսէ իր սրտին մէջ, որ կ'ըսէ «խոնարհը»:
Հետեւաբար թող բոլորս խոնարհինք Տիրոջ առջեւ, որպէս զի կարենանք վկան ըլլալ Քրիստոսի եւ յաղթել աշխարհի մեր սիրով եւ միութեամբ:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/01/2024, 10:02