Որոնել

Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը եւ Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութեան նախագահ Ժըպրան Պասիլը Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը եւ Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութեան նախագահ Ժըպրան Պասիլը 

Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը ընդունեց Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութեան նախագահ Ժըպրան Պասիլը

Հանդիպումին ընթացքին, ԺըպրանՊասիլ իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ՝ Սուրբ Ծննդեան ու Ամանորի տօներուն առիթով։
Ունկնդրէ լուրը

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը, Աշրաֆիէի հայ կաթողիկէ պատրիարքարանին մէջ ընդունեցաւ Ազգային Ազատ Հոսանք կուսակցութեան նախագահ Ժըպրան Պասիլը, ներկայութեամբ՝ Պէյրութի պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ Գերպծ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեանի, Հայր Արամ Վրդ. Աբրահամեանի, Արժ. Կարապետ քհնյ. Թադէոսեանի եւ պատրիարքութեան արտաքին յարաբերութիւններու պատասխատանու՝ Շարպէլ Պասթուրիի:
Հանդիպումին ընթացքին, Պասիլ իր շնորհաւորութիւնները փոխանցեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ՝ Սուրբ Ծննդեան ու Ամանորի տօներուն առիթով, մաղթելով , որ նոր տարին խաղաղութիւն, կայուն ապահովութիւն եւ անդորրութիւն բերէ աշխարհին:

Ապա, ներկաները անդրադարձան Լիբանանի եւ Միջին Արեւելքի ընդհանուր կացութեան եւ քրիստոնեաներու ներկայութեան տարածաշրջանին մէջ:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

10/01/2024, 14:11