Որոնել

Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատրիարք՝ Աֆրամ Բ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը եւ Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատրիարք՝ Աֆրամ Բ 

Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը այցելեց Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատրիարք՝ Աֆրամ Բ.ի

Մինասեան Հոգեւոր Տէրը եւ Աֆրամ Բ. շնորհաւորութիւններ փոխանակեցին Սուրբ Ծննդեան ու Նոր Տարուան տօներուն առիթով: Անոնք քննարկեցին ընդհանուր կացութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, քրիստոնեաներու իրավիճակը, ինչպէս նաեւ շրջանային տագնապներուն ազդեցութիւնը անոնց կեանքին ու ներկայութեան վրայ: Հոգեւոր Պետերը նաեւ անդրադարձան միջ-եկեղեցական հարցերուն:
Ունկնդրէ լուրը

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը այցելեց Ասորի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ պատրիարք՝ Աֆրամ Բ.ի, Աթշանէի պատրիարքական նստավայրին մէջ, ընկերակցութեամբ՝ Պէյրութի պատրիարքական թեմի ընդհանուր փոխանորդ՝ Գերպ. Գաբրիէլ Ծ.Վ. Մուրատեանի, Գերյ. Նարեկ Թ.Ծ.Վ. Նաամոյեանի, Արժ. Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանի եւ Պատրիարքութեան արտաքին յարաբերութիւններու պատասխատանու՝ Շարպէլ Պասթուրիի:

Հանդիպումին ներկայ գտնուեցան Պէյրութի թեմի առաջնորդ Մար Իքլիմոս Տանիէլ Քուրիէ, ասորիական ուսումնասիրութիւններու մասին պատրիարքական փոխանորդ Մար Սուէրիոս Րոժէ Ախրաս եւ պատրիարքական թեմին օգնական եպիսկոպոս Մար Եուսէֆ Պալի:

Այս ընթացքին, Մինասեան Հոգեւոր Տէրը եւ Աֆրամ Բ. շնորհաւորութիւններ փոխանակեցին Սուրբ Ծննդեան ու Նոր Տարուան տօներուն առիթով: Անոնք քննարկեցին ընդհանուր կացութիւնը Միջին Արեւելքի մէջ, քրիստոնեաներու իրավիճակը, ինչպէս նաեւ շրջանային տագնապներուն ազդեցութիւնը անոնց կեանքին ու ներկայութեան վրայ: Հոգեւոր Պետերը նաեւ անդրադարձան միջ-եկեղեցական հարցերուն:

Աւարտին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը Աֆրամ Բ.ին նուիրեց Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի պաուանշանը, որպէս սիրոյ ու գնահատանքի նշան:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/01/2024, 07:50