Որոնել

Հայածէս ձայնաւոր սուրբ պատարագ Վատիկանի ձայնասփիւռէն

Հայածէս ձայնաւոր սուրբ պատարագները Վատիկանի ռատիոկայանէն կը հաղորդուին ամէն ամսուայ երրորդ կիրակի օր եւ անոնց կարելի է հետեւիլ www.vaticannews.va հասցէին վրայ։
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժանմունք

Կիրակի 21 Յունուար 2024ի առաւօտեան ժամը 10,30ին Վատիկան Ձայնասփիւռի յայտագիրներու արտադրման կեդրոն՝ Պիոս ԺԱ. Հռոմի Պապի անունը կրող պալատի Սուրբ Կոյս Մարիամի Աւետման նուիրուած մատրան մէջ տեղի ունեցաւ Հայածէս ձայնաւոր սուրբ պատարագ որ սփռուեցաւ ուղիղ եթերով` Ռատիովատկիանի ալիքներով։

Սուրբ Զոհը մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզը ներկայացուց` Ֆրանսայի եւ Արեւմտեան Եւրոպայի հայ կաթողիկէներու երբեմնի առաջնորդ Արհի. Յովհ. Եպիսկոպոս Թէյրուզեան, մինչ պատարագի սպասաւորութիւնն ու երգեցողութիւնը ապահովեցին Լեւոնեան Ք. Վարժարանի նորընծաները։

Արարողութեան ներկայ գտնուեցան Անարատ Յղութեան հայ քոյրերու միաբանութեան անդամներ ու Հռմաբնակ հայպրդիներ ինչպէս նեաւ Անթիլիասի` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն Գերշ. Տ. Նարեկ Արք. Ալեմեզեան, որ այս օրերուն կը գտնուի Հռոմ մասնակցելու համար Կաթողիկէ-Օրթոտոքս եկեղեցիներու միջեւ աստուածաբանական երկխօսութեան հաւաքին։

Յայտնենք թէ հայածէս ձայնաւոր սուրբ պատարագները Վատիկանի ռատիոկայանէն կը հաղորդուին ամէն ամսուայ երրորդ կիրակի օր ու թէ անոնց կարելի է հետեւիլ www.vaticannews.va հասցէին վրայ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/01/2024, 14:11