Որոնել

2024.01.14 Settimana di Preghiera per Unità dei cristiani 2024

Եկեղեցական գիտելիքներ Բ. Շաբաթ Յայտնութեան (14_21 Յունուար 2024)

18 Յունուարին սկիզբ կառնէ քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբաթը, սովորութիւն է եկեղեցւոյ մէջ ամէն տարի 18_25 Յունուար աղօթքներ կատարել եկեղեցիներու Միութեան համար: Ընդհանրապէս բոլոր լատին ծէսի պատկանող համայնքները կը հրաւիրեն արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու քահանաներ, այս առթիւ իրենց ծէսով սուրբ պատարագ մատուցելու, ցոյց տալով այսպէս, Տիեզերական եկեղեցւոյ հարստութիւնը ու բազմազանութիւնը Միութեան մէջ:
Ունկնդրէ լուրը

«Աստուած հոգի է և երկրպագուները պէտք է զինք պաշտեն հոգիով և ճշմարտութեամբ»: Յայտնութեան  Բ. Կիրակի օրուայ աւետարանը կը յայտնէ  Յիսուսի առաքելութիւնը. Յիսուս աշխարհ եկաւ կատարելու կամքը Անոր «Աստուծոյ» որ զինք ղրկեց:

 Երկուշաբթի  15 Յունուարին` տօնն է Պետրոսի, Աղեքսանդրիոյ հայրապետին եւ իր օգնական` Աբիսողոմ Սարկաւագին։ Նաև տօնն է Աղեքսանդրիոյ  Աթանաս և Կիւրեղ հայրապետներուն: 

Պետրոսը Աթանասի նախորդին նախորդն էր եւ հալածանքներու ընթացքին Առեքսանդրիոյ հայրապետական աթոռին վրայ բարձրացաւ։ ան ամէն ջանք թափեց պաշտպանելու համար իրեն յանձնուած հօտը հալածանքներու ժամանակ։ Պայքարեցաւ նաեւ Մելիտոսի դէմ որ նոր աղանդի մը դուռը կը բանար Եկեղեցւոյ մէջ, ինչպէս նաեւ յետագային` Արիոսի դէմ։ Անգամ մը աքսորուեցաւ, Մելիտոսի պատճառաւ, ապա ետ դարձաւ իր թեմը որ անտէր մնացած էր կայսերական հալածանքներու պատճառաւ։

Երբ Մաքսիմիանոս հազարապետը Աղեքսանդրիա եկաւ, Պետրոս արդէն բանտարկուած էր, քրիստոնէութեան պատճառաւ. Հռովմայեցի զինուորականը ուզեց զինք բանտէն հանել եւ գլխատել տալ, սակայն բոլոր ժողովուրդը պատնէշի նման կայնեցաւ բանտին առջեւ եւ չթողուց որ սուրբը դուրս հանուի։ Այն ատեն, հայրապետը ինք ուղարկեց իր հաւատարիմ սարկաւագը` Աբիսողոմ, որպէսզի խորհուրդ տար Մաքսիմիանոսի գիշերով գալ բանտը եւ պատը ծակելով` զինք դուրս հանել եւ տանիլ նահատակութեան վայրը. Ինչ որ կատարեց հազարապետը եւ սուրբը իր արիւնի հեղումովը ընդունեցաւ նահատակութեան պսակը 311-ին։ Աբիսողոմ եւս իր կարգին խոստովանական մահով կնքեց իր կեանքը։

Երեքշաբթի 16 Յունուարին, տօնն է Սուրբ Անտոն անապատականի. Կրնանք սեպել զինք Եկեղեցւոյ վանականներու նահապետը եւ ճգնաւորներու հայրը։ Ծնած է Եգիպտոսի Կոմա քաղաքը, 251 թուին. Իր ծնողաց մահուընէ ետք` բոլոր ունեցածները աղքատներուն կը բաժնէ եւ Թեպայի շրջանի անապատը կը քաշուի ճգնելու համար։ Երբ կը տեսնէ թէ բազմաթիւ աշակերտներ իրեն կը հետեւին եւ անապատ կը քաշուին, 305 թուին կը հիմնէ առաջին վանքը միայնակեաց կրօնաւորներու. Իր հռչակը հետզհետէ ընդարձակուելով` բազմաթիւ վանքեր կը հաստատէ, այրերու թէ կիներու, անոնց համար օրէնքներ սահմանելով (Անտոնեան կրօնաւորներու օրէնքները). կը պայքարի նաեւ արիոսեան աղանդին դէմ. Կը վախճանի 356 թուին, 105 տարեկանին ։ Իր կեանքի եւ գործերուն մասին գրած է Ս. Աթանաս մեծ հայրապետը։

Հինգշաբթի 18 Յունուարին  տօնն է Ս. Գրիգոր Նազիանզացիի որ ճանչցուած է նաև որպէս ՝՝Աստուածաբան՝՝ անունով իր  բարձր մակարդակի հոգեւոր կրթութեան համար:

Ծնած է  330_ին , Արիանզ գիւղը եւ բաւական ուսումներ ստանալէ ետք 371_ին կը ձեռնադրուի Եպիսկոպոս Նազիանզի:  Կ՛որոշուի նաեւ պատրիարք Կ.Պոլսոյ սակայն իր դէմ լարուած հակառակութիւններուն պատճառով կը հրաժարի և կը քաշուի իր քաղաքը ուր և կը վախճանի  390 թուին: 

Հինգշաբթի օրը, տօնն է նաև Ս. Սեղբեստրոս Հռոմի հայրապետին,  նաև յիշատակը Կոստանդիանոս թագաւորին  և Ս. Մարութա եպիսկոպոսին:

18 Յունուարին  սկիզբ կառնէ քրիստոնեաներու Միութեան աղօթքի շաբաթը, սովորութիւն է եկեղեցւոյ մէջ ամէն տարի 18_25 Յունուար աղօթքներ կատարել եկեղեցիներու Միութեան համար:  Ընդհանրապէս բոլոր լատին ծէսի պատկանող համայնքները կը հրաւիրեն արեւելեան կաթողիկէ եկեղեցիներու քահանաներ, այս առթիւ իրենց ծէսով սուրբ պատարագ մատուցելու,  ցոյց տալով այսպէս, Տիեզերական եկեղեցւոյ հարստութիւնը ու բազմազանութիւնը Միութեան մէջ: 

Այս տարուան նիւթն է. «Պիտի սիրես քու Տէր Աստուածդ...և քու մերձաւորդ քու անձիդ պէս» (Ղուկաս 10, 27):

Շաբաթ 20 Յունուարին ` կը տօնենք Մեծն Թէոդոս կայսրը, որ տիրեց Բիւզանդական աշխարհի վրայ 379-395 թուականը. Իր ժամանակ է որ կայսրութեան պետական կրօն հռչակուեցաւ ՜՜քրիստոնէութիւնը՝՝ – մօտ 80 տարի վերջ Հայաստանէն։

Կը տօնենք նաեւ Եփեսոսի 7 երիտասարդ ննջողներու տօնը, որոնք 250 թուին` փախչելով հալածանքներէն, ապաւինեցան քարայրի մը մէջ, ուր իրենց վրայ քուն մը եկաւ որ տեւեց 100 տարիէն աւելի. Արթնցան Մեծն Թէոդոսի օրով եւ տեսնելով որ կայսրութիւնը ամբողջ քրիստոնեայ դարձած էր, մեծապէս մխիթարուեցան ու մի քանի օր ապրելէ ետք` մահացան Եփեսոսի մէջ։

Շաբաթ  20 Յունուարին` տօնն է  նաև Կիրակոսի եւ անոր մօր` Յուղիտայի։ անոնք քրիստոնեայ ըլլալով` փախան քաղաքէ քաղաք եւ ի վերջոյ ապաստանեցան Տարսոնի մէջ. սակայն հոն եւս հասան հալածանքները եւ մայր ու զաւակ նահատակուեցան յետ անողոք չարչարանքներու, 304 թուականին։

Տօնն է նաև մեր հայազգի մեծ սուրբերէն Վահան Գողթնացիին: Ան փոքր տարիքին գերի բռնուեցաւ Արաբներու կողմէ 707 թուին եւ Դամասկոս տարուեցաւ ուր մեծցաւ Խալիֆայի պալատին մէջ եւ դարձաւ դիւանապետ: շատ սիրուեցաւ իր շրջապատէն սակայն երբ նոր խալիֆա մը եկաւ և արտօնեց որ բոլոր հայ գերիները դառնան իրենց տուները,  ինք եւս մեկնեցաւ Հայաստան եւ հոն ճանչնալով քրիստոնէութիւնը դարձի եկաւ ու մկրտուեցաւ:  Ամուսնացաւ ու զաւակներ ունեցաւ,  բայց որովհետեւ խօսք տուած էր խալիֆային վերադառնալ Դամասկոս ետ դարձաւ Սուրիա և մերժելով ուրանալ քրիստոնէութիւնը նահատակուեցաւ այսպէսով արժանանալով իր հօրը՝ Խոսրովի մարտիրոսական պսակին 737 թուին:

Կիրակի 21 Յունուարը, Գ. Կիրակին  Զկնի  Յայտնութեան՝ Առաջաւորի Բարեկենդան է:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/01/2024, 07:45