Որոնել

2019.04.11 TRATTA PERSONE FONTE (Dicastero Sviluppo umano integrale)

Փետրուարի 8ն՝ Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ խորհրդածութեան համաշխարհային օր

Համաձայն ՄԱԿի վերջին զեկոյցներուն՝ մարդավաճառութիւնը շարունակական եւ ողբերգական յեղաշրջում կ’ապրի։ Այդ երեւոյթին հակադրելու նպատակով Հռոմի մէջ Փետրուարի 2էն 8ը պիտի կազմակերպուի մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի շաբաթ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Քալել յանուն արժանապատուութեան։ Ունկնդրել։ Երազել։ Գործել»․ այս է 8 Փետրուարին Մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ խորհրդածութեան համաշխարհային օրուան նիւթը, զոր հաստատուած է 2015 թուականին՝ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի ցանկութեամբ՝ մարդավաճառութեան զոհ եւ Եկեղեցւոյ յանձնառութեան համամիութենական խորհրդանիշ, Սուտանի միանձնուհի, Սրբուհի Ճուզեփփինա Պախիթայի տօնի առիթով:

Համաձայն Միաւորուած ազգերու կազմակերպութեան վերջին զեկոյցներուն՝ մարդավաճառութիւնը շարունակական եւ ողբերգական յեղաշրջում կ’ապրի։

Այդ երեւոյթին հակադրելու նպատակով, Հռոմի մէջ Փետրուարի 2էն 8ը պիտի կազմակերպուի մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի շաբաթ, որուն ծիրէն ներս նախատեսուած է աշխարհի բոլոր մայրցամաքներէն 50 երիտասարդներու հանդիպումը՝ անոնց մէջ ուսանողներ, կամաւորներ, հետազօտողներ, մարդավաճառութեան դէմ պայքարող գործիչներ:

Երիտասարդ պատուիրակները Հռոմ պիտի ժամանեն 2 Փետրուարին։ Ծրագիրը կը նախատեսէ՝

· Շաբաթ, 3 Փետրուարին, վերապատրաստում եւ իրազեկում մարդավաճառութեան նիւթին շուրջ,

· Կիրակի, 4 Փետրուարի առաւօտեան, մասնակցութիւն Մարեմեան աղօթքին՝ Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ:

· Երեքշաբթի, 6 Փետրուարին, ժամը 16.15ին, ֆլեշմոբ Հռոմի Թրասթեւերէ թաղամասի Սանթա Մարիա հրապարակին վրայ, ապա 17․30ին համանուն Պազիլիքայէն ներս համամիութենական աղօթքի հսկում՝ ընդդէմ մարդավաճառութեան 5 լեզուներով՝ իտալերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն եւ փորթուկալերեն, ոգեշնչուած 5 տարրերէն՝ ջուր, կրակ, օդ, մետաղ ու հող:

· Չորեքշաբթի՝ 7 Փետրուարին, երիտասարդներու միջազգային խումբը պիտի մասնակցի Ֆրանչիսկոս Պապի հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան Վատիկանի Պօղոս Զ սրահէն ներս

· Հինգշաբթի՝ 8 Փետրուարին, մարդավաճառութեան դէմ աղօթքի եւ խորհրդածութեան առցանց ուխտագնացութիւն՝ ներգրաւելով ՝ արդեն երկրորդ տարին անընդհատ, բոլոր ցամաքամասերէն ու ժամային գօտիներէն 50 երկիրներու երիտասարդներ:

Կը նախատեսուի նաեւ Սրբազան Քահանայապետին պատգամը։

Միջոցառումը պիտի հեռարձակուի ուղիղ՝ վերոնշեալ 5 լեզուներով, www.prayagainsttrafficking.net կայքէջի միջոցաւ:

Նախաձեռնութիւնը կը համակարգէ «Թալիթա Գում» մարդավաճառութեան դէմ պայքարի միջազգային ցանցը, որ կ’ընդգրկէ աւելի քան 6000 միանձնուհիներ, բարեկամներ ու գործընկերներ, անոր կ՛աջակցին Մեծաւորուհիներու միջազգային ընդհանուր միութիւնը (Unione Internazionale delle Superiore Generali - UISG) եւ Մեծաւորներու միութիւնը (Unione dei Superiori Generali -USG), համագործակցութեամբ ի միջի այլոց՝ Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի Խթանման Վերատեսչութեան եւ Հաղորդակցութեան Վերատեսչութեան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/01/2024, 12:21