World Watch List 2024. Աշխարհին մէջ հալածուած քրիստոնեաները 365 միլիոն են
Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան
Աշխարհիս մէջ 365 միլիոն է թիւը այն քրիստոնեաներուն` որոնք թիրախ են խտրականութեան ու հալածանքի իրենց հաւատքին համար։ Այս ի յայտ կու տայ «Բաց Դռներ» ոչ կառավարական կազմակերպութեան “World Watch List 2024” զեկոյցէն որ ներկայացուեցաւ Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատէն ներս։ Թղթածրար մը` որ կը պարունակէ շուրջ չորս հազար մարդու, ներառեալ տեղական ցանցերու, հետազօտողներու և արտաքին փորձագէտներու վերլուծութիւնները, և որ կ՛ ուսումնասիրէ «պատմական եկեղեցիները», գաղթականներու կամ ներգաղթեալներու և քրիստոնէութիւնը ընդունածներու հասարակութիւնները:
Թղթածրարին մէջ ուսումնասիրուած է 2022 Հոկտեմբերէն 2023ի սեպտեմբեր ամիսներուն իրադարձութիւնները, որոնք դժբախտաբար «World Watch List» երեսունմէկ տարուայ գործունէութեան ընթացքին ամենադաժանները եղած են։
Հալածուած քրիստոնեաներուն թիւը աճի մէջ է աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ, որոնց առաջին տեղը կը գրաւէ Հիւսիսային Քորէան, ուր անկարելի է ապրիլ քրիստոնէական հաւատքը։ Անոր կը հետեւին Սոմալիան, Լիպիան, Էրիթրէան եւ Եմէնը, երկիրներ` ուր քրիստոնէական հաւատքը կ՛ապրուի գաղտնի ձեւով, մահուան սպառնալիքէն խուսափելու համար։
Ցանկին վեցերորդ տեղը կը գրաւէ Նիճերիան, ուր արձանագրուած է սպաննուած քրիստոնեաներուն ամենաբարձր թիւը, որուն կը հետեւի Քոնկոյի Հանրապետութիւնը, մինչ Նիճերիոյ մէջ արձանագրուած է քրիստոնեաներու առեւանգումներու ամենաբարձր թիւը։
Քրիստոնեաներու կեանքը դժուար է նաեւ Փաքիստանի ու Աֆղանիստանի մէջ, ուր անոնք յաճախ թիրախ են խտրականութիւններու, յարձակումներու եւ բռնութիւններու։
Հնդկաստանը ցանկին տասներորդ տեղը կը գրաւէ կալանաւորուած քրիստոնեաներու ամենաբարձր թիւով, որուն կը յաջորդէ Էրիթրէան, Քուպան, Նիքարակուան որոնց պէտք է աւելցնել Սուրիան եւ Սէուտական Արաբիան։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ