Որոնել

2018.12.21 Bandiera UE

COMECEն եւ CECը Եւրոմիութենէն կը խնդրեն աւելի մեծ ջանքեր գործադրել խաղաղութեան համար

ԵՄ երկիրներու եւ Եւրոպական եկեղեցիներու եպիսկոպոսներու ներկայացուցիչները համատեղ յայտարարութիւն տարածած են որուն մէջ անդրադարձ կը կատարուի Ուքրանիոյ եւ Կազայի մէջ պատերազմներուն, մտահոգութիւն կ’արտայայտուի նաեւ հայ բնակչութեան համար, «որ կը տառապի կովկասեան տարածաշրջանի մէջ լարուածութենէն» ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Կրկնապատկել դիւանագիտական ​​ջանքերը Եւրոպայի մէջ եւ անոր սահմաններու մօտ ընթացող հակամարտութիւններու խաղաղ եւ կայուն լուծումի համար՝ յարգելով միջազգային իրաւունքը եւ խրախուսելով կողմերու միջեւ երկխօսութիւնը։ Այս է այն ինչ որ խնդրած են Եւրոպական Միութեան Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի Յանձնաժողովի (COMECE Commissione delle conferenze episcopali dell’Unione europea) եպիսկոպոսները եւ Եկեղեցիներու համամիութենական խորհուրդի (CEC - Consiglio ecumenico delle Chiese) ներկայացուցիչները համատեղ յայտարարութեամբ՝ ԵՄի մօտ Պելկիայի մշտական ​​ներկայացուցիչ Վիլեմ վան տե Վորտէէն՝ իր Երկրի կողմէ ԵՄ նախագահութեան ստանձնումին ընդառաջ։

Յայտարարութեան մէջ մասնաւորապէս անդրադարձ կը կատարուի Ուքրանիոյ դէմ Ռուսաստանի կողմէ իրականացուած «դաժան յարձակումին» եւ անոր ներխուժման հետեւանքով առաջացած «ողբերգական պատերազմին», որ պատճառած է «մարդկային սարսափելի տառապանք եւ համատարած աւերածութիւններ»։ Բացի այդ, COMECEն եւ CECը կը դատապարտեն «7 Հոկտեմբերի Համասի կողմէ իսրայէլական ժողովրդի վրայ իրականացուած անողոք յարձակումը», որ յառաջացուցած է Իսրայէլի կողմէ զանգուածային ռազմական պատասխան՝ «պաղեստինեան բնակչութեան համար սարսափելի հետեւանքներով»: Մտահոգութիւն կ’արտայայտուի նաեւ հայ բնակչութեան համար, «որ կը տառապի կովկասեան տարածաշրջանի մէջ լարուածութենէն»։

Գործել ընդդէմ արմատականացումի եւ բեւեռացումի

Ընթացիկ տարուայ ընթացքին Եւրոխորհրդարանի ընտրութիւններէն առաջ, COMECEի եւ CECի պատուիրակները կը խնդրեն նաեւ Եմէն` առաջին հերթին միաւորել տարբեր երկիրներու եւ տարբեր ընկերային եւ կրօնական խումբերու միջեւ համագործակցութեան ջանքերը եւ գործել յատկապէս ընդդէմ արմատականացումի եւ բեւեռացումի։

Խոյս տալ «բռնապետական վարչակարգերու հետ կնքուած տարաբնոյթ պայմանագիրներէն»

COMECEի Եպիսկոպոսները ու CECի ներկայացուցիչները, ապա հաշուի առնելով, որ վերոնշեալ ընտրութիւններու առանցքը պիտի կազմեն բնապահապանական հարցերը, համատեղ յայտարարութեան մէջ շեշտած են, որ հրատապ է քաղաքական եւ ընկերային համաձայնութիւն գտնել՝ ի նպաստ բնապահպանական անցումին։

Այս ծիրէն ներս, COMECEն եւ CECը՝ ողջունելով ապաածխաթթուացմանն ուղղուած ջանքերը, կ’ընդգծեն ուժանիւթի եւ հումքի ներմուծումը երաշխաւորելու ԵՄի ընդհանուր պատասխանատուութիւնը: Ուստի, կը յորդորեն զանոնք խոյս տալ «բռնապետական վարչակարգերու հետ կնքուած տարաբնոյթ պայմանագիրներէ, որոնք կը խախտեն քաղաքական հիմնարար չափանիշներն ու հիմնական իրաւունքները»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/01/2024, 11:45