Որոնել

Vatican Pope Francis

«Խաղաղութիւնը մտքին մէջ». Ացիոնէ Քաթթոլիքայի պատանիներու խաղաղութեան կարավանը

Յունուար ամսուայ վերջին կիրակին` 28 Յունուարին, ինչպէս ամէն տարի, Ացիոնէ Քաթթոլիքայի պատանեկան շարժումը կը նորոգէ իր յնաձնառումը ի նպաստ խաղաղութեան եւ այս կ՛ընէ «Խաղաղութեան Կարավանով», որ այս տարի կը բոլորէ իր 45րդ ամեակը եւ որուն որպէս բնաբան ընտրուած է ««Խաղաղութիւնը մտքին մէջ» կարգախօսը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Յունուար ամսուայ վերջին կիրակին` 28 Յունուարին, ինչպէս ամէն տարի, Ացիոնէ Քաթթոլիքայի պատանեկան շարժումը կը նորոգէ իր յանձնառումը ի նպաստ խաղաղութեան եւ այս կ՛ընէ «Խաղաղութեան Կարավանով», որ այս տարի կը բոլորէ իր 45րդ ամեակը եւ որուն բնաբան ընտրուած է ««Խաղաղութիւնը մտքին մէջ» կարգախօսը։

Այս առիթով Ացիոնէ Քաթթոլիքայի 3էն 14 տարեկան պատանիները հրաւէր ուղղած են իրենց հասակակիցներուն միասին վկայելու խաղաղութեան յոյսը Հռոմի ճամբաներուն վրայ։

Այս տարուայ խաղաղութեան կարավանը է նաեւ կոչ ի սպաս բնապահպանութեան եւ շարժումի գործունէութիւններուն հասոյթները պիտի յատկացուին Բնապահպանութեամբ զբաղող «Legambiente» հաստատութեան ինչպէս նեաւ Քարիթասի «Ես, մենք բոլորս. Մեր հասարակաց տունը» կամաւորական ձեռնարկի աջակցութեան։

Խաղաղութեան Կարավանը սկիզբ պիտի առնէ առաւօտենա 9.15 Վատիկանի մօտակայքը գտնուող Castel Sant’Angelo դղեակի պարտեզներէն։ Այնուհետև մասնակիցները ուրախ և գունեղ երթով կշարժին դէպի Սուրբ Պետրոս հրապարակ անցնելով խաղերու և բեմանկարչութիւններու միջեւ, յիշեցնելու համար  բնական արգելոցի միջավայրը։ Հուսկ մասնակցողները Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ պիտի սպասեն Քահանայապետին Մարեմեան Աղօթքը, որուն ընթացքին աւանդութիւն է, որ երկու պատանիներ Քահանայապետին մօտ կանգնելով կարդան խաղաղութեան պատգամը։

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին բոլոր մասնակցողները կը փոխադրուին Սուրբ Գրիգոր Ը ժողովրդապետութիւն, ուր նախատեսուած է կէսօրուան ճաշը եւ պատանիներուն յատկացուած զուարճանքի ու խաղերու պահեր, մինչ օրը պիտի աւարտի Սուրբ Պատարագով , զոր պիտի մատուցէ Հռոմի Թեմի օգնական եպիսկոպոս Փաոլօ Ռիչչարտի։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/01/2024, 07:58