Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Շնորհալիի «Գիր Հաւատոյ»ի մէջ քննուած հարցերը – Զ Մաս
«Մեր մասին այս ամբաստանութիւնն ալ գրուած էր թէ սուրբ քառասնորդին, շաբաթ եւ կիրակի, ձուկ եւ անասուններէ կթուածը կը ճաշակեն»։
Թէ ինչպէս հայերու մօտ Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը ձուկ եւ անասնասկան ծագում ունեցող սննդամթերք օգտագործելու քառասնօրեայ պահքի խստութիւնը մեղմացնող սովորութիւնը առաջացած ըլլայ՝ Շնորհալի կը բացատրէ յստակօրէն երկու ժամանակաշրջան զանազանելով, հետեւեալ արտայայտութեամբ. «Առաջին ժամանակներուն», «Եւ այժմ, մեր ժամանակ», որով կ՚ուզէ շեշտել յարափոփոխ իրավիճակ մը, նշան՝ ոչ կայուն եւ ոչ ալ ընդունուած սովորութեան մը։ Ժամանակային տարբերութենէն բացի, կարծէք տեղային սովորութեան մըն ալ կ՚ակնարկէ, երբ կը շեշտէ թէ «արեւելեան աշխարհի մէջ սովորութիւն ունէին»։ Շնորհալի կը զանազանէ նաեւ պահեցողութիւնը մեղմացնեող դերակատարները. հին ժամանակներու համար «Հայոց իշխանները» արտայայտութիւնը գործածելով, իսկ ներկայի համար՝ «իշխաններէն եւ զինուորներէն... ոմանք»։ Իսկ ասոնց դիմաց պահեցողներու խումբը նշելով կը գրէ «ողջ եկեղեցական դասը եւ ժողովուրդէն շատեր»։ Հետեւաբար, Շնորհալի թէ՛ ժամանակի առումով եւ թէ՛ դերակատարներու մասով եզրագծուած երեւոյթ կը համարի քառասնորդաց պահքի Շաբաթ եւ Կիրակի օրերու յիշեալ թերացումը, եւ այս իսկ պատճառով ամբաստանութիւն կ՚որակէ յոյներու առարկութիւնը։
Շնորհալի կը պարզաբանէ թէ հին ժամանակներուն արեւելքի մէջ հայ իշխանները քառասնորդական պահքի օրերուն սովորութիւն ունէին ձուկ եւ ձէթ ուտել եւ գինի խմել, յարելով՝ «ըստ ձեր եւ փռանգներու օրէնքին», այսինքն՝ յոյներու եւ լատիններու սովորութեան համաձայն։ Ասոր դէմ պայքարելու համար է որ ժամանակի առաջնորդները կը խրատէին գոնէ շաբթուան հինգ օրը հրաժարիլ նաեւ ձկնեղէնէն, որ չի տարբերիր միսէն, քանի որ այդ ալ կենդանի է աւելի քան անասուններէն կթուածը։ Իսկ որովայնամոլներուն համար, կ՚ըսէ Շնորհալի, արտօնեցին Շաբաթ եւ Կիրակի օրերը ձուկ, ձէթ եւ կթուածները ուտել, բայց քիչ ժամանակ անց այս սովորութիւնը վերացաւ։
Մինչդեռ իր ժամանակներուն համար Շնորհալի կը վկայէ թէ կան իշխաններէն եւ զինուորականներէն ոմանք որ պահքի օրերուն ինքնակամ ձուկ, ձէթ եւ գինի կ՚օգտագործեն, սակայն բոլոր եկեղեցականները եւ ժողովուրդէն շատեր, կ՚ըսէ, խստօրէն կը պահեն զերծ մնալով ամէն պարարտ կերակուրէ եւ գինիէն, առանց կաթնեղէնի եւ կթեղէնի, իսկ քառասնորդաց պահքի օրերուն ձուկի յիշատակն անգամ չ՚ըլլար։ Իսկ զանցառուները, որ զղջալով կը խոստովանին իրենց յանցանքը՝ Շնորհալի կ՚ըսէ թէ ծանր ապաշխարանքի կ՚ենթարկենք։
Այս բոլոր հաստատումներէն կարելի է եզրակացնել, որ պահեցողութիւնը կամովին եւ գիտակցաբար կատարուած որոշումի մը արդիւնքն է, որկրամոլութենէ հրաժարելով եւ ժուժկալութեամբ ամրապնդուած հրահանգում մը՝ միտուած մարմինը հոգիին ենթակայութեան պահելու։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ