Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Շնորհալիի «Գիր Հաւատոյ»ի մէջ քննուած հարցերը – Դ Մաս

Հաղորդաշար (41) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ.Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

«Ե­րեք սր­բա­սա­ցու­թեան հա­մար գրուած էր որ մենք խա­չե­ցար կ՚ը­սենք»։

Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լի այս խօս­քե­րով կը ներ­կա­յաց­նէ յոյ­նե­րը յու­զող եօթ­նե­րորդ հար­ցը, որ երեքսր­բեան օրհ­նա­բա­նու­թեան մա­սին է։ Սուրբ Աս­տուած, Սուրբ եւ հզօր, Սուրբ եւ ան­մահ աղօթ­քով՝ քրիս­տո­նեանե­րը կը միանան սե­րով­բէ­նե­րու եր­գին՝ փա­ռա­բա­նե­լու հա­մար ամե­նա­կալ Արա­րի­չը։ Յոյ­նե­րը ամե­նա­սուրբ Եր­րոր­դու­թեան կ՚ուղ­ղէին այս եր­գը, եւ հե­տե­ւա­բար հա­մո­զուած էին որ հայե­րը՝ երբ ան­մի­ջա­պէս կը շա­րու­նա­կեն՝ «որ խա­չե­ցար վասն մեր» եր­գե­լ՝ ոչ միայն գայ­թակ­ղու­թիւն կը պատ­ճա­ռեն, այլ սար­սա­փե­լի հայ­հո­յու­թիւն կը կա­տա­րեն։

Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լի հե­տե­ւեալ յս­տակ բա­ցատ­րու­թիւ­նը կու տայ. «ե­թէ մենք այս սր­բա­սա­ցու­թիւ­նը ի դէմս Եր­րոր­դու­թեան եր­գէինք՝ ինչ­պէս դուք, չար եւ յե­տին մո­լո­րու­թիւն կ՚ըլ­լար ըսել՝ որ խա­չե­ցար։ Բայց քա­նի որ մէկ ան­ձին՝ Որ­դիին կ՚ուղ­ղենք այս խօս­քե­րը, անոր հա­մար իր գոր­ծած մե­ծա­գոյն երախ­տի­քը իր առ­ջե­ւը կը դնենք, ըսե­լով. "Աս­տուած, եւ հզօր, եւ ան­մահ, որ մար­մի­նով խա­չուե­ցար մե­զի հա­մար, ողոր­մէ՛ մե­զի"»։ Մէկ խօս­քով՝ ան­գամ մը եւս թիւ­րի­մա­ցու­թեան ար­դիւնք էր մտա­ծել, որ հայե­րը ամե­նա­սուրբ Եր­րոր­դու­թեան ան­ձե­րուն կ՚ուղ­ղէին "որ մե­զի հա­մար խա­չուե­ցար" բա­ցատ­րու­թիւ­նը։ Ար­դա­րեւ, երբ Ժա­մեր­գու­թիւն­նե­րու ըն­թաց­քին երեքսր­բեանը կ՚եր­գուի՝ միայն Քրիս­տո­սի ուղ­ղուած է, այն­քան որ ան­մի­ջա­պէս յե­տոյ Աս­տուա­ծա­մօր միջ­նոր­դու­թիւ­նը կը խնդ­րենք, ըսե­լով. Փա­ռա­ւո­րեալ եւ օրհ­նեալ միշտ սուրբ կոյս Աս­տուա­ծա­ծին Մա­րիամ, մայր Քրիս­տո­սի, քու Որ­դիիդ եւ մեր Աս­տու­ծոյ ներ­կա­յա­ցուր մեր աղա­չան­քը։

Շ­նոր­հա­լի յոյ­նե­րուն տե­ղե­կու­թիւն մը եւս կու տայ, կար­ծէք կան­խե­լու հա­մար յա­ւե­լեալ հար­ցադ­րում­ներ կամ կան­խա­կալ թիւր կար­ծիք­ներ հայոց դա­ւա­նան­քի մա­սին։ Կը գրէ. «Այլ թէեւ այս­տեղ սր­բա­սա­ցու­թիւն­նե­րը ի դէմս Որ­դիին կը կա­տա­րենք, բայց սուրբ պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին, սե­րով­բէ­նե­րու այս եր­գը՝ երեք ան­ձնա­ւո­րու­թիւն­նե­րուն կ՚եր­գենք», նկա­տի ու­նե­նա­լով պա­տա­րա­գի ըն­թաց­քին եր­գուած «Սուրբ սուր­բը»։­

Այս խն­դի­րը լու­սա­բա­նե­լէ ետք եւս, Շնոր­հա­լի կ՚եզ­րա­կաց­նէ նշե­լով թէ եկե­ղե­ցա­կան հար­ցե­րու քն­նարկ­ման երկ­խօ­սու­թիւն­նե­րու ծի­րէն ներս իւ­րա­քան­չիւ­րի տրա­մադ­րու­թեան եւ դի­տա­ւո­րու­թեան առաջ­նային մղիչ ոյ­ժը եւ վերջ­նան­պա­տա­կը ոչ թէ հա­մա­հար­թե­ցու­մը՝ այլ հո­գի­նե­րու միու­թիւ­նը եւ հա­կա­ռա­կու­թիւն­նե­րու վե­րա­ցու­մը պէտք է ըլ­լայ, մէկ խօս­քով սի­րոյ գե­րա­կա­յու­թիւ­նը։

«­Հե­տե­ւա­բար, թէ մէ­կը ի դէմս Եր­րոր­դու­թեան ըսէ, ինչ­պէս դուք, թէ ի դէմս Որ­դիին միայն, ինչ­պէս մենք, եր­կուքն ալ հա­ճե­լի կ՚ըլ­լան Աս­տու­ծոյ երբ առանց հա­կա­ռա­կու­թեան կա­տա­րուին»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/12/2023, 07:20