Որոնել

2022.10.18   Cardinal Gregorio XV Agagianian

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (52)

Այսօրուայ հաղորդումին ընթացքին պիտի անդրադառնանք Աստուծոյ խոնարհ ծառայ` Աղաճանեան Կարդինալի յաւերժական արժանիքներուն:

ԾԲ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումին ընթացքին պիտի անդրադառնանք Աստուծոյ խոնարհ ծառայ` Աղաճանեան Կարդինալի յաւերժական արժանիքներուն:

 

Ի. դարու ականաւոր դէմքերէն՝ Աղաճանեանի անունը արդէն անցած է հայ ազգին անմահներու շարքին: Յիրաւի, Աղաճանեան իր աստուածատուր շնորհքներով վերածաղկեցուց  հայութեան կեանքը, զինք ծնած ժողովուրդը, զինք որդեգրած ասպնջական Լիբանանը` իր անձը սուրբերու պատուանդանին արժանի դարձնելու աստիճան: Այսօր մեր սերունդի եկեղեցականներս՝ Աղաճանեան անունը պէտք է յիշենք միշտ երախտագիտութեամբ և օրհնութեամբ, փոխանցելով զայն սերունդէ սերունդ:

Արդարեւ, Աղաճանեան կատարեալ մարդու, հոգեւոր առաջնորդի, ճշմարիտ քրիստոնեայի եւ ազգանուէր հայի օրինակ է իւրաքանչիւր հայ երիտասարդի համար՝ պահպանելու սեփական հաւատքը եւ ազգային պատկանելիութիւնը: Մեծագոյն պատիւներուն արժանանալով հանդերձ, Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան միշտ գիտցած էր հայ մնալ: Երբ աշխարհը իր մէջ Վատիկանի Հաւատոյ Տարածման Կարդինալը կը մեծարէր, ան չէր վարանէր իր հանդիպումներուն և ստացած պատիւներուն տալ հայկականութեան դրոշմը:

Կարդինալ Աղաճանեանի մահով հայութիւնը կը կորսնցնէր իր ամենէն գործունեայ զաւակներէն մէկը,  որուն կեանքն ու գործը, ինչպէս անցեալի, նոյնպէս ներկայ եւ ապագայ սերունդնեդուն համար պիտի հանդիսանայ խանդավառութեան և ներշնչման աղբիւր, և կեանքի առաջնորդ: Իր ժամանակակից եկեղեցականներուն աչքին սրբութիւն կը բուրէր մեծահոգի Պատրիարքը: Մէկ խօսքով, զանոնք առինքնած էր, ինչպէս նաեւ ժամանակակի

ց առաքինազարդ հայ քոյրերը, որոնք յատուկ ակնածանքով կը յիշեն և կ'արտայատուին իր մասին մինչեւ այսօր: Կարդինալ Աղաճանեանի ժամանակակից թէ՛ եկեղեցականներ և թէ աշխարհականներ, որոնք ականջալուր և ականատեսն վկաները եղած են իր կեանքի զանազան հանգրուաններուն, քահանայութենէն մինչեւ Կարդինալութիւն՝ բազմիցս զրուցած են իր սրբակենցաղ կեանքի եւ գործունէութեան մասին:

Անոնք բազմաթիւ յիշողութիւններ ունին՝ կապուած սրբալոյս Հայրապետի հետ: Անոնք յատկապէս կը յիշեն, թէ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ և հայ ազգի նուիրեալ զաւակ՝ Կարդինալ Աղաճանեանի զգայուն սիրտը միշտ կը խռովէր «Լեռներ Հայրենի» երգը լսելուն եւ արցունքներն առատօրէն կը հոսէին աչքերէն: Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան արդի պատմութեան հոլովոյթէն անցած՝ լուսաւոր ջահ մըն էր Աղաճանեանը, որուն լոյսը մինչեւ այսօր կը ճառագայթէ ամէն հայու սրտին ու հոգիին մէջ:

Այսօր ան լուսաւոր աստղ մըն է, որ ամէն օր քիչ մը աւելի կը փայլի Հայ Եկեղեցւոյ երկնակամարին վերեւ: Այսօր, պարտք ունինք խոնարհելու այս մեծ և անմահանուն Հայրապետին յիշատակին առջեւ, որ իբրեւ ճշմարիտ հովիւ Քրիստոսի հօտին, խօսած էր հայ ժողովուրդի հայրապետներու հարազատ լեզուով, առաջնորդելով զայն դէպի լոյսն ու ճշմարտութիւնը: Աստուած յաւերժացնէ անոր յիշատակը Հայ Ազգին, Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ և Տիեզերական Եկեղեցւոյ մէջ, արժանի դարձնելով զայն երանելիներու կարգին և ապա սրբադասման:

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/12/2023, 08:16