Որոնել

2022.11.07 Cardinal Gregorio XV Agagianian

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (51)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան:

ԾԱ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի յուղարկաւորութեան արարողութեան:

 

Աստուծոյ և Եկեղեցւոյ խոնարհ ծառային յուղարկաւորութիւնը մեծ շուքով տեղի կ'ունենայ Վատիկանի Ս. Պետրոս Մայր Տաճարին մէջ Ուրբաթ 21 Մայիս 1971-ին: Չորեքշաբթի 19 Մայիսին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պաթանեան Պատրիարքը, որ Պէյրութէն փութացած էր Հռոմ, Հ. Կ. Համայնքի եկեղեցական ու աշխարհական պատուիրակութեան մը հետ, Սուրբ Պատարագ և Հոգեհանգստեան պաշտօն կը կատարէ, Հռոմի Հայոց Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ:

Հոգելոյս Կարդինալին վերջին հրաժեշտի համար Հոգեւոր Տիրոջ միացած էին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Լիբանանի Թեմի Առաջնորդ՝ Տաճատ Արք. Ուրֆալեան և Արտավազդ Եպս. Թրթռեան:

Իսկ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնէն կը ժամանէ Վազգէն Ամեայն Հայոց Կաթողիկոսի ներկայացուցիչ Զգօն Եպսիսկոպոս: Յուղարկաւորութիւնը տեղի կ'ունենայ երեք հանգրուաններով. առաջին հերթին՝ հանգուցեալ Հայրապետին մարմինը կը զետեղուի Լեւոնեան Վարժարանի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցւոյ մէջ, Հռոմի հայ գաղութիւն և իտալացի ժողովուրդին բարեպաշտութեան համար, որպէսզի առիթը ունենան իրենց յարգանքի վերջին տուրքը մատուցանելու:

Հինգշաբթի 20 Մայիսին երեկոյեան հոգելոյս Կարդինալին մարմինը ամփոփող դագաղը կը փոխադրուի Վատիկանի Ս. Պետրոս Մայր Տաճար, առ ի պատրաստութիւն յաջորդ օրուայ յուղարկաւորութեան: Յաջորդ օրը առաւօտեան, խոր յուզականութեամբ՝ Ս. Պատարագ կը մատուցանէ հանգուցեալի հոգւոյն խաղաղութեան համար Արհի. Ճովաննի Պենելլին և թաղման կարգ կը կատարուի ի ներկայութեան 32 Կարդինալներու, 200-է աւելի Եպիսկոպոսներու և բարձրաստիճան հոգեւորականներու, Պետական անձնաւորութիւններու, լրագրողներու և բազմահազար հաւատացեալներու, որոնք եկած էին հրաժեշտի վերջին ողջոյնը տալու իրենց սիրելի Հայ Կարդինալին:

Արարողութեան աւարտին, հոգելոյս Հայրապետին մարմինը կրկին կը փոխադրուի Լեւոնեան Հայկազեան Վարժարանի Ս. Նիկողայոս Դոլենդինացիի եկեղեցին և կ'ամփոփուի Եկեղեցւոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորչի մարմարակերտ շքեղ խորանի կողքին, ոսկեձեղուն կամարներով, հայկական խաչքարերով պատուած դամբարանի մը մէջ:

Տեղին է յիշել թէ 1971 Մայիս 21-ին, ի լուր Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս Կարդինալին վախճանման՝ աշխարհով մէկ սուգի արձագանգ կը սփռուի և բազմամիլիոնաւոր անձեր անկեղծօրէն կը ողբան հոգելոյս Հայրապետի կորուստը: Համայն երկիրներու օրաթերթերը իրեց առաջին էջերուն վրայ կը գրեն վախճանեալ Կարդինալի մասին, զայն սահմանելով. «Ծայրաստիճան աստուածասէր հոգի, անմնացորդ նուիրուած աղօթքի, իրողութիւններու գերբնական տեսութեան, խոնարհութեան ու ամփոփումի»:

Այդ օրը, Լիբանանի բոլոր ազգային վարժարաններուն դռները փակ կը մնան ի յարգանս անոր յուղարկաւորութեան: Ահա թէ ինչու ամբողջ հայութիւնը կը խոնարհի գլխահակ սրբակենցաղ Աղաճանեան Կարդինալին սուրբ դամբանին առջեւ, ձօնելու համար իր յարգանքի տուրքը անոր լուսաւոր հոգիին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/12/2023, 08:07