Որոնել

2022.11.07 Cardinal Gregorio XV Agagianian

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (49)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Պօղոս Զ. Սրբազան Քահանայապետի արտասանած խօսքին՝ Կարդինալ Աղաճանեանի վախճանման առթիւ:

ԽԹ. Հաղորդում

Ունկնդրէ լուրը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Պօղոս Զ. Սրբազան Քահանայապետի արտասանած խօսքին՝ Կարդինալ Աղաճանեանի վախճանման առթիւ:

1971թ. Մայիս 16-ի երեկոյեան, ստանալով Գրիգոր-Պետրոս Աղաճանեան Կարդինալի մահուան լուրը, Պօղոս Զ. Սրբազան Քահանայապետը այնքան կը յուզուի որ՝ կ'առանձնանայ եւ կ'աղօթէ: Այնուհետեւ, Վատիկանի Պետական Քարտուղարութեան Փոխանորդ՝ Արհի. Ճովաննի Պենելլին կ'ուղարկէ, որպէսզի իր խոր յարգանքի տուրքը ընծայէ հանգուցեալին և Հ. Կ. հասարակութեան:

Երկուշաբթի առաւօտեան, իր սեփական մատրան մէջ, Պօղոս Զ. Քահանայապետը Սուրբ Պատարագ կը  մատուցանէ հանգուցեալ Կարդինալին հոգւոյն հանգստեան համար: Կարդինալ Աղաճանեանի վախճանումէն քանի մը օր ետք, 26 Մայիս 1971-ին, Նորին Սրբութիւնը ունկնդրութիւն կը շնորհէ Հ. Կ. Նուիրապետութեան, յանձին՝ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Տ. Իգնատիոս Պետրոս Պաթանեան ԺԶ. Կաթողիկոս Պատրիարքին և Հռոմի Հ. Կ. Գաղութիւն:

Ան գնահատելէ վերջ նորօք վախճանեալ Կարդինալին արժանիքը, Եկեղեցւոյ նուիրումը և մտքի ու սրտի յատկութիւնները, կը վկայէ ըսելով. «Կը միանանք բոլոր սրտով Հայ ժողովուրդի սուգին, որ կ'ողբայ իր նախկին Պատրիարքը՝ Կարդինալ Աղաճանեանը, որուն բազում արժանիքներն ու արդիւնքները կրցանք գնահատել, երկար տարիներու համագործակցութեան ընթացքին, ինչպէս նաեւ անոր նուիրումը Ս. Աթոռին եւ Առաքելութեանց, Եկեղեցւոյ ծառայութեան ի նպաստ: Արդարեւ, Պիոս ԺԲ. Քահանայապետի կողմէ համարուած էր «ամենահաւատարիմ եկեղեցականը»:

Աղաճանեան նորընծայ աշակերտ, ժողովրդապետ, տնօրէն, ուսուցչապետ, դասախօս և այցելու, Պատրիարքութեան եւ Կարդինալութեան պատիւները կրեց ինքնատիպ Խաչի նման, որու ծանրութիւնն ու պատասխանատուութիւնը զգաց միայն ինք եւ մինչեւ վերջին շունչը կրեց ուրախութեամբ եւ հոգեւոր կատարեալ անդորրութեամբ:

Կարդինալ Աղաճանեան եղաւ շինարար հայրապետ մը իր կառուցած եկեղեցիներով, իր բացած վարժարաններով, իր հիմնած բարեգործական հաստատութիւններով:

Կը խնդրենք Աստուծմէ, որ ընդունի իր բարի եւ հաւատարիմ ծառան յաւիտենական երանութեան եւ լոյսերուն մէջ եւ կ'ուղարկենք, Ձերդ Ամենապատուութեան ու համայն Հայ Կաթողիկէներուն առատ եւ սրտաբուխ Առաքելական Օրհնութիւն ի նշան աստուածային մխիթարութեան՝ փորձանքներու մէջ:

Անոր յատուկ սէրը Քրիստոսի ու Անոր Աւետարանին, անոր  ազնուութիւնը, անոր զարգացումը, անոր գերազանց բազմալեզուանի ձիրքերը, ընդարձակ հմտութիւնը, անոր մտքի և սրտի յատկութիւնները, մանաւանդ մասնաւոր առաքինութիւնները, զինք ըրած էին մեզի համար օրինակելի աշխատակից մը, որ չէր խնայեր ո՛չ իր ժամանակը, և ո՛չ ալ իր նեղութիւնները, լաւագոյն կերպով ծառայելու համար Եկեղեցւոյ:

Հանգուցեալը իսկապէ՛ս կը փայլէր ուղղամտութեամբ եւ յստակեսութեամբ: Իր հաւատքի, սիրոյ և մերձաւորի ծառայութեան միջոցով, սիրոյ լեզուն ապրեցաւ Կարդինալ Աղաճանեանը` լռութեամբ, խոնարհութեամբ և վկայութեամբ, անխոնջ ծառայելով եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան։

Պատմութիւնը պիտի ըսէ թէ ի՛նչ կը պարտին ամենապայծառ Հայրապետին քրիստոնեայ Հայաստանը, Կաթողիկէ Առաքելութիւնները, Ս. Աթոռը և ամբողջ Եկեղեցին»: Եւ յիրաւի, Կարդինալ Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան դարձաւ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հաստատուն սիւներէն մէկը: Լոյսերու մէջ ննջէ ու աստուածային տեսութեան արժանանայ գերազանցօրէն եկեղեցաշէն ու ազգանուէր այս մշակը: 

Օրհնեա՛լ ըլլայ անոր անմա՛հ յիշատակը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/12/2023, 08:44