Որոնել

2023.12.22 Visita del presidente del Consiglio delle Chiese del Medio Oriente al Patriarca Minassian

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն խորհուրդին ատենապետի այցելութիւնը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Հանդիպումին ընթացքին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն խորհուրդին անունով ատենապետ Դոկտ. Միշէլ Ապս շնորհաւորեց Ամենապատիւ Տէր Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը, քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեայ յոբելեանին առիթով ապա անոր տեղեկացուց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն խորհուրդին հիմնադրութեան յիսնամեակին առիթով՝ 2024-ին կայանալիք ձեռնարկներուն հետ առնչուող նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին:
Ունկնդրէ լուրը

Երեքշաբթի, 19 Դեկտեմբեր 2023-ին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն խորհուրդին ատենապետը՝ Դոկտ. Միշէլ Ապս, գլխաւորելով խորհուրդին պատուիրակութիւնը, այցելեց Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն խորհրուդին կաթողիկէ ընտանիքին պատկան մարմինին նախագահ Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, Աշրաֆիէի Պատրիարքարանին մէջ, Լիբանան։

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն Խորհուրդին պատուիրակութեան մաս կը կազմէին խորհուրդին համաքարտուղարուհին՝ տիկ. Սեդա Հատէշեան, աստուածաբանական հարցերու եւ տիեզերական յարաբերութիւններոն բաժանմունքին տնօրէնը՝ Հայր Դոկտ. Անթուան Ալ-Ահմար, ֆինանսական հարցերուն տնօրէնուհին՝՝ Օր. Լոտի Ալ-Խուրի, ընկերային հաղորդակցութեան պատասխանատուն՝ Շատի Ալ-Շէտիաք, 2024 թուականին կայանալիք միջեկեղեցական երաժշտական ձեռնարկին համակարգողը՝ պարոն Մարք Մերհէժ եւ մեներգուհին՝ Օր. Ռիթա Կիւրիւմլեան:

Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն խորհուրդին ատենապետի այցելութիւնը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան
Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն խորհուրդին ատենապետի այցելութիւնը Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքարան

Հանդիպումին ընթացքին, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն խորհուրդին անունով ատենապետ Դոկտ. Միշէլ Ապս շնորհաւորեց Ամենապատիւ Տէր Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը, քահանայական ձեռնադրութեան յիսնամեայ յոբելեանին առիթով՝ անոր մաղթելով յարատեւ առողջութիւն ու յաջողութիւններ հովուական առաքելութեան մէջ եւ լի բարութեամբ, օրհնութեամբ եւ սրբութեամբ երկար տարիներ:

Ինչպէս նաև, Դոկտ. Միշէլ Ապս տեղեկացուց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներուն խորհուրդին հիմնադրութեան յիսնամեակին առիթով՝ 2024-ին կայանալիք ձեռնարկներուն հետ առնչուող նախապատրաստական աշխատանքներուն մասին:

Ան խնդրեց Հոգեւոր Տիրոջմէն, որպէս զի իր օրհնութիւնը շնորհէ միջեկեղեցական երաժշտական ձեռնարկին, որ տեղի պիտիունենայ յառաջիկայ Յունուարին խորհուրդին կազմակերպութեամբ: Անոր ուղղեց հրաւէր մը մասնակցելու այս ձեռնարկին, որ պիտի համատեղէ տարբեր եկեղեցական համայնքներէ եւ ծիսական աւանդութիւններէ քանի մը երաժշտական խումբեր:

Այս շրջագիծին մէջ՝ ներկաները քննարկեցին Եկեղեցիներուն համամիութեան հրամայականն ու այլ միջեկեղեցական յարաբերութիւններուն առնչուող հարցեր՝ ընդգծելով իրարու հանդիպումին կարեւորութիւնն ու հաղորդակցութեան կամուրջներու կառուցումը: Անոնք նաեւ անդրադարձան երկրի եւ տարածաշրջանի դժուար պայմաններուն, յատկապէս՝ Կազայի մէջ տիրող պատերազմին եւ անոր ահաւոր հետեւանքներուն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/12/2023, 07:08