Որոնել

2023.12.16 Presa di possesso della Diocesi di Damasco Mons Assadourian

«Սիմո՛ն, Յովնանի որդի, զիս ատոնցմէ աւելի կը սիրե՞ս» ( Յովհ.21:15):

Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Թեմի Առաջնորդի պաշտօնի ստանձնման արարողութեան առիթով Արհ. Գէորգ Եպիսկ. Ասատուրեանը արտասանած խօսքը
Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի 14 Դեկտեմբեր 2023-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը հովուապետական այցով ժամանեց Սուրիայի մայրաքաղաք Դամասկոս ուր նախագահեց Դամասկոսի Պատրիարքական Թեմին համար իր նշանակած առաջնորդ՝ Արհիապատիւ Գերապայծառ Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի գահակալութեան Ս. Պատարագին:

Պաշտօնի ստանձնման արարողութեան ներկայ կղերական դասը
Պաշտօնի ստանձնման արարողութեան ներկայ կղերական դասը

ԱՐՀԻ. Հ. ԳԷՈՐԳ ԵՊՍ. ԱՍԱՏՈՒՐԵԱՆԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆԸ

Դամասկոս, 14 Դեկտեմբեր 2023-ին, ժամը 17-ին, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքին հանդիսապետութեամբ, գոհաբանական Ս. Պատարագով, ժողովրդական ու պաշտօնական ներկայութեամբ՝ Պապ Թումայի «Թագուհի Տիեզերաց» աթոռանիստ եկեղեցիին մէջ տեղի ունեցաւ Հայ Կաթողիկէ Թեմին նորանշանակ առաջնորդին՝ Արհի. Հ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի գահակալութեան արարողութիւնը:

Եկեղեցիին զանգերու ղօղանջով մուտք գործեցին Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը եւ Գերպծ. Առաջնորդը՝ օրհնելով հաւատացեալներու հոծ բազմութիւնը: Հանդիսաւոր արարողութիւնը տեղի ունեցաւ Անտիոքի Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցիին Ամենպտ. Եուսէֆ Ալ Ապսի Պատրիարքին, Դամասկոսի Հայ Առաքելական Առաջնորդին՝ Գերշ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանի եւ վարդապետներու, քահանաներու, միաբան հայրերու, մայրապետներու եւ սարկաւագներու ներկայութեամբ:

Պաշտօնական հիւրերու շարքին էին կենսոլորտի հարցերուն նոր նախարարը՝ տիկին Լամիա Շաքքուր, այլ նախարարներ, պետական, դիւանագիտական քաղաքապետական ու համայնքային ներկայացուցիչներ: Սուրբ Զոհը ընթացաւ եկեղեցիին երգչախումբին կատարողութեամբ:

Յաւարտ սուրբ Պատարագին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը հովուական գաւազանը փոխանցեց նոր առաջնորդ Հօր, ապա անոր Գահակալութեան առթիւ իր արտասանած քարոզին մէջ յատկապէս նշեց.

«Իմ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, ուրախ եմ, որ երկրորդ այցելութիւն մը կը կատարեմ ձեզի:

Մասնաւորաբար այս ուրախ առիթով շնորհակալութիւն կը յայտնեմ Արհիապատիւ Հայր Յովսէփ Եպս. Արնաութեանին, որ իր կեանքին մեծ մասը նուիրեց ձեզի ծառայելու, հոգևոր ու նիւթական բարիքներ շնորհելու համար, ձեզի տալով իր համակ ոյժն ու առատաձեռնութիւնը՝ ապահովելու համար ձեր սիրելի երեխաներուն ապագան:

Անոր ի սրտէ շնորհակալութիւն այն ամէն ինչին համար, զոր ի նպաստ ձեզի կատարած է եւ պիտի կատարէ իր աղօթքներուն միջոցաւ:

Իսկ այսօր, պատմական օր է Արհիապատիւ Հայր Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի գահակալութեան առիթով, որ, իր կարգին, նոյնպէս մաս կը կազմէ ձեզի նման շատ դժուարութիւններ ու զրկանքներ կրած հասարակութեան, ուստի, ան բարեգութ հայր է աղքատներուն ու թշուառներուն, ինչպէս նաեւ եղբայր ու սիրող առաջնորդ՝ երիտասարդներուն համար։ Այսօր ոչինչ կը փոխուի Գերապայծառին կեանքին մէջ, որովհետեւ ան նման է բոլոր առաքեալներուն, որոնք զինքը նախորդեցին իրենց բարի օրինակով եւ արդար գործերով:

Ուստի, ես եկայ ձեզ հաստատելու Գերապայծառին խնամքին մէջ եւ ձեզի օգնելու, որ քալէք մեր Մօր՝ Մարիամ Աստուածածնի հովանիին ներքեւ, որուն հանդէպ ձեր սէրը նշմարեցի իմ առաջին այցելութեանս ընթացքին, ինչպէս ալ ձեր կապուածութիւնն ու համերաշխութիւնը հոգեւոր կեանքին մէջ, որ ներշնչուած է երկնքի օրհնութիւններէն:

Իմ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, կ'ուզեմ հաւաստիացնել իմ անկեղծ սէրս ձեզի հանդէպ ու իմ աղօթքներս, որոնք ձեզի կ'ուղեկցին այս դժուար օրերուն, երբ պատերազմները, դժուարութիւններն ու զրկանքները ձեզ կը շրջապատեն, վստահ ըլլալով Աստուծոյ ողորմութեան եւ հայրական նախախնամութեան, որ միշտ կը հասնի ձեր օգնութեան յատկապէս այս տագնապալի ժամանակներուն մէջ:

Այս այցելութիւնը տեղի կ'ունենայ ամենագեղեցիկ ժամանակամիջոցին մէջ, որ կարելի է երեւակայել: Այս շրջանը սուրբ է, քանի որ ան կը զուգադիպի մեր Տիրոջ ու Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան նախապատրաստական օրերուն հետ:

Չեմ գիտեր, եթէ արդեօք կը հասկնա՞ք այս տօնին խորհուրդը, իմաստը, երբ կը լսէք Աւետարանին այն խօսքերը, զորոնք աւետաբեր հրեշտակները արտասանեցին հովիւներուն.«Ահա, մենք ձեզի կու տանք մեծ ուրախութեան աւետիսը, որովհետեւ այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ, Փրկիչ մը ծնաւ ձեզի, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղկ. 2:11):

Մենք կը փափաքինք, որ իսկապէս զգանք այս ուրախութիւնը եւ հասկնանք փրկագործութեան նշանակութիւնը, որուն համար Փրկիչը մարմնացաւ եւ ծնաւ մեր Մօր՝ Սուրբ Կոյսէն, որպէսզի մեզ հաւատքով առաջնորդէ երկնաւոր Հօր մօտ՝ երջանիկ յաւիտենական կեանքին համար:

Եւ մինչ հրեշտակները կը ցնծային եւ մեզի կ'աւետէին անդորրութեան մասին երկրին զաւակներուն համար, անոնք կ'երգէին ու կ'աղաղակէին.«Փա՜ռք Աստուծոյ երկնքին բարձրութեան մէջ եւ խաղաղութի՜ւն մարդերուն երկրին վրայ» (Ղկ. 2,14):

Փառքն ու ուրախութիւնը կը պատկանին Հօր, որ մարդկութեան տուաւ Իր Միածին Որդին, որպէս զի խաղաղութիւն բերէ բոլոր անոնց, որոնք կը սիրեն խաղաղութիւնը:

Հետեւաբար, մենք՝ մեղաւորներս, որ կը տենչանք ունենալ խաղաղութիւնը, պէտք է զայն նախ վերակենդանացնենք մեր սրտերուն մէջ, ապա՝ մեր միջավայրին մէջ, որովհետեւ մենք ենք, որ կը հաւատանք ի վերուստ տրուած այդ աւետիսին: Խաղաղութիւնը սուրբ պարտականութիւնն է, որ մեզ կը յորդորէ զայն ապրիլ եւ աճեցնել հաւատացեալներու սրտերուն մէջ:

Իմ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, մեր այսօրուան ուրախութիւնը մեծ հրճուանք է, որովհետեւ ան կը ներառէ հոս նշուած բոլոր առիթներն ու խորհուրդները միատեղ:

Թող Տիրոջ օրհնութիւնն ըլլայ ձեզի հետ, եւ Աստուածածինը՝ մեր Տիրամայրը մեզ պահպանէ եւ առաջնորդէ իր Միածին Որդիին, որպէսզի Զայն գովաբանենք ու պաշտենք մեր սրտերուն մէջ՝ Ամենասուրբ Հաղորդութեան Խորհուրդին ներքեւ, որուն միջոցաւ Յիսուս մեզի խոստացաւ իր ներկայութիւնը բոլոր օրերուն, բայց մանաւանդ ողբերգութիւններուն եւ տառապանքներուն ժամանակ։

Նորածին Արքան՝ Յիսուս Քրիստոս Աստուած Էմմանուէլն է, Աստուած մեզի հետ է:

Իմ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, իմ հայրական խորհուրդն է ձեզի՝ անսասա՛ն մնաք ձեր հաւատքին մէջ ու մասնակցի՛ք ձեր հոգեւոր առաջնորդներուն առաքելութեան՝ միասնաբար ընթանալով սիւնհոդոսական ոգիին համաձայն, որուն մեզ կ'առաջնորդէ Ընդհանրական եւ Առաքելական Եկեղեցին։

Իմ սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր, իրարու օգնեցէ՛ք և զիրար պաշտպանեցէ՛ք՝ ամուր մնալով հաւատքին, սիրոյն ու բարենպաստ խաղաղութեան մէջ: Ամէն»:

Հոգեւոր Տիրոջ քարոզին յաջորդեց Արհի. Ասատուրեանի շնորհակալական խօսքը, զոր սկսաւ Աւետարանական մէջբերումով.

««Սիմո՛ն, որդի Յովնանի,

Զիս կը սիրե՞ս ասոնցմէ աւելի»:

Երկրային իր առաքելութեան աւարտին՝ յարուցեալ Տէրը փափաքեցաւ իր աշակերտներուն հանդիպիլ եւ միասին ճաշել: Տիբերիայի ծովուն եզերքը, Յիսուս անոնց ձուկ եփեց եւ կերակուր պատրաստեց: Երբ անոնք ձկնորսութենէն վերադարձան, միասին ճաշեցին:

«Ճաշէն ետք, Յիսուս հարցուց Սիմոն Պետրոսին.‘Սիմո՛ն, որդի Յովնանի, Զիս կը սիրե՞ս ասոնցմէ աւելի’։ Ան պատասխանեց.‘Այո՛, Տէ՜ր, Դուն գիտես, թէ կը սիրեմ Քեզ’ Յիսուս յարեց անոր.‘Արածէ՛ իմ գառնուկներս’» (Յվհ. 21,15):

Յիսուս Ս. Պետրոսի սէրը ուզեց հաստատել եւ որպէս նշան այդ սիրոյն՝ անկէ պահանջեց, որ արածէ իր «գառները»:

Իմ կեանքիս ընթացքին՝ Քրիստոս, տարբեր առիթներով, իր սիրոյն հրաւէրն ուղղեց ինծի: Քահանայական ձեռնադրութենէս սկսելով եւ շարունակելով մինչեւ կեանքիս տարբեր ծառայութիւններ ստանձնելու ժամանակները:

Այսօր, անգամ մը եւս կ’ուղղուի ինծի այս ձայնը.«Կը սիրե՞ս Զիս...»:

Նուիրական եւ դժուար պարտականութիւն է հետեւիլ Քրիստոսի եւ անոր հովուական առաքելութիւնը շարունակել: Ս. Յովհաննէս Ոսկեբերան խօսելով քանատահայութեան կոչումին մասին՝ կ’ըսէ.«Քահանայութեան պաշտօնը երկրին վրայ կը կիրարկուի, ապա, ան կը դասուի երկնային իրականութիւններուն շարքին»:

Այսինքն՝ քահանան, երկնայիններուն նման, անձնուրացութեան եւ ամբողջական նուիրումին կեանք մը պէտք է ապրի: Քահանան, ամէն անգամ, որ Ս. Նշխարը կը բարձրացնէ ու նուիրագործումին բառերը կ’արտասանէ ըսելով՝ «առէ՛ք, կերէք...», Քրիստոսի բերանով է, որ կը խօսի: Քահանան Քրիստոսի հետ միանալով՝ իր անձն է, զոր կու տայ ժողովուրդին:

Այսօր, ձեր դիմաց կեցած եմ պատասխանելու Քրիստոսին եւ ըսելու.«Այո՛, Տէ՜ր, կը սիրեմ Քեզ»:

Իմ տուած «Այո»-ն զիս պիտի առաջնորդէ այս օրհնեալ համայնքին հովիւն ըլլալու: Ըլլալ ձեզի հետ եւ ծառայել ձեզի, Քրիստոսէ տրուած օրհնութիւն ու պատիւ է ինծի համար:

Քանի մը ամիսէ ի վեր արդէն ձեզի հետ եմ եւ ձեր կենցաղին մօտէն ծանօթացայ: Հիմա աւելի տեղեակ եմ կարիքներուն ու պահանջքներուն այս համայնքին եւ անոր տարբեր կառոյցներուն: Շարք մը նորոգութիւններ կատարեցինք, սակայն տակաւին ճամբան երկար է: Հանդիպումներ ունեցայ տարբեր միութիւններու եւ հաստատութիւններու պատկան մարմիններու հետ: Կրնամ ըսել, թէ բոլոր տեսակցութիւններն ալ արդիւնաւէտ եղան: Ընթացքէն գոհ եմ, բայց մեր դիմաց շատ մարտահրաւէրներ կան տակաւին: Ձեռք ձեռքի, սիրոյ եւ համերաշխութեան մէջ պէտք է գործակցինք՝ մեր լաւագոյնը տալու համար մեր համայնքին:

Այս առիթին՝ թոյլ տուէք, որ փառք ու գոհութիւն բարձրացնեմ ամենաբարի Աստուծոյ, որ ինծի այս օրհնեալ առաքելութիւնը յանձնեց եւ զիս ձեզի միացուց:

Շնորհակալութի՛ւն Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տ. Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս-Պատրիարքին՝ իր հայրական հոգատարութեան համար:

Շնորհակալութի՛ւն Հ. Գէորգին, որ առաջին օրէն հետս եղաւ:

Շնորհակալութի՛ւն ձեզի եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրին՝ ցուցաբերած սիրոյն եւ բարի կամեցողութեան համար:

Այսօր, սրտաբուխ աղօթքս է, որ Աստուած մեզ իր աստուածային նախախնամութեան ներքեւ պահէ եւ իր հայրական սիրով առաջնորդէ:

Որով մնաք օրհնեալ այժմ եւ միշտ: Ամէն:»:

Արարողութենէն ետք, Գերերջ. Հոգեւոր Տէրը եւ Գերապայծառն ընդունեցան շնորհաւորութիւնները առաջնորդարանին հիւրասրահին մէջ։

Արարրոպութեան ներկայ եկեղեցականներ
Արարրոպութեան ներկայ եկեղեցականներ

Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/12/2023, 08:00