Որոնել

2023.06.12 Visita del Patriarca Minassian a Zahle

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կաթողիկոս պատրիարքին Սուրբ Ծննդեան բարեմաղթանքը

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, սիրոյ, ուրախութեան ու վերանորոգումի մեր տօնակատարութեան համար, իբր երաշխիք մեր հայրական գուրգուրանքին ու հայցելով Աստուածամօր հովանին՝ բոլորիդ կը շնորհենք մեր հայրապետական օրհնութիւնը եւ Ամանորի սեմին՝ ձեզի կը մաղթենք բարեբեր ու խաղաղ տարի մը: Ամէն:
Ունկնդրէ պատգամը

ԾՆՈՒՆԴ ՔՐԻՍՏՈՍԻ 2023

«Փառք ի բարձունս Աստուծոյ,

եւ յերկիր խաղաղութիւն,

ի մարդիկ հաճութիւն» (Ղկ․ 2,14)։

Պատուական Եղբարք եւ սիրեցեալ Զաւակք ի Քրիստոս,

Այսօր, սրտի մեծ ուրախութեամբ եւ գահունակութեան զգացումով կը տօնենք Քրիստոսի Սուրբ Ծննդեան տօնը։

Սուրբ Ղուկաս աւետարանիչը կը վկայէ Փրկչի ծննդեան աւետիսին մասին, զոր հաղորդեցին հրեշտակները հովիւներուն․«Մի՛ երկնչիք, զի ահաւասիկ աւետարանեմ ձեզ ուրախութիւն մեծ, որ եղիցի ամենայն ժողովրդեանն․ զի ծնաւ ձեզ այսօր Փրկիչ, որ է օծեալ Տէր, ի քաղաքի Դաւթի» (Ղկ․ 2,10)։

Յիրաւի, հրեշտակներուն այս աւետիսը ուրախաբեր եւ բարի լուր է, ինչպէս հովիւներուն, այնպէս ալ մեզի ուղղուած հրաւէր է՝ փութով երթալու եւ հանդիպելու Անոր՝ Փրկչին, որ Օծեալ Տէրն է։ 

Եւ այս հրաւէրին անսալով՝ հարկաւոր է շուտափոյթ երթալ դեպի Աղբիւրը այս ուրախութեան, որ մարմնացեալ Աստուածորդին է, կանխապէս խոստացեալ Մեսիան։

Մարմնացեալ Աստուածորդին խոստացուած Փրկիչը եւ սպասուած Մեսեան է, որ մարգարէներուն բերանով քարոզուեցաւ Աստուծոյ ժողովուրդին, որպէսզի Անոր սպասողներն ու հաւատացողները ընդունին Տիրոջ առատ շնորհքները։

Քրիստոսի անունով մկրտեալ եւ Անոր շնորհիւ վերստին աստուածային որդեգրութիւնը ստացած Աստուծոյ ժողովուրդը, այսօր, մենք ենք, եւ հրեշտակներու հրաւէրը հիմա վերստին մեզի կ’ուղղուի՝ ընդունելու Փրկչին եւ կիսելով ուրախութիւնը՝ իրարու հետ ապրելու Անոր տուած շնորհքներով։

Եւ սակայն, մեր Տիրոջ Ծննդեան օրերուն ինչպէս անցեալին, նոյնպէս ներկային մէջ, համայն աշխարհը կը տառապի նոյն ձախորդութիւններէ, այսօր մենք եւս, ըլլայ Միջին Արեւելք թէ Սուրբ Երկիր, Հայաստան թէ հայրենազրկուած Արցախ, եւ աշխարհիս չորս ծագերը, նոյն պատերազմներու զրկանքները կը կրենք մեր մարմնին վրայ եւ կը տառապինք անարդարութիւններէ:

Նոյն զրկանքները կրեցին Փրկչին Մայրը՝ Սուրբ Կոյս Մարիամ եւ Աստուածահայր Սուրբ Յովսէփ, որոնք մինչեւ իսկ չունենալով օթեւան Բեթղեհէմի մէջ՝ գտան լքուած քարայր մը, լոյս աշխարհ բերելու համար իրենց Մանուկը, որ Տէրը եւ Թագաւորն է բոլորին եւ ամէն ինչի։

Եւ սակայն ի հեճուկս այս բոլոր անմարդկային իրողութիւններուն՝ մեր Տէր Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը անխափան եւ անփոխելի յոյսն է եւ գրաւականը մեր  ազատութեան մեղքին գերութենէն ու յաւիտենական փրկութեան անսասան երաշխիքն է։

Անոնք, որոնք հաւատքի աչքով կը դիտեն եւ սրտով կ’ընկալեն, պիտի լսեն Տիրոջ խօսքը՝ ըսուած հրեշտակներուն բերանով․«Մի՛ երկնչիք»։

Յիսուս՝ Փրկիչը եկաւ փրկելու աշխարհը եւ սփռելու խաղաղութիւնը, ինչպէս կ’ըսէ մեզի աւետարանիչը․«Մի՛ երկնչիք, զի ծնաւ ձեզ այսօր Փրկիչ»:

Հրեշտակին հետ երկնային զօրքերու բազմութիւնը Աստուած կը փառաբանէին՝ երգելով․«Փառք ի բարձունս Աստուծոյ, եւ յերկիր խաղաղութիւն, ի մարդիկ հաճութիւն» (Ղկ․ 2,14)։

Աւա՜ղ, եղած են անաստուած ժամանակներ, երբ փորձուած է մոռացութեան տալ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը, ինչպէս ցաւօք այսօր շատերու համար դարձած  է արձակուրդի ու հանգիստի շրջան մը, ուստի, անոնց կ’ըլլայ ծնունդ մը առանց Ծնեալին:

Բայց մենք, սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, որ հաւատացինք Որդի Աստուծոյ Մարդեղութեան եւ ընդունեցանք սուրբ Ծննդեան հրաշափառ տօնին խորհուրդը, եկէ՛ք, վերանորոգենք մեր տրամադրութիւններն ու մեր դիտաւորութիւնները՝ մեր սրտերը հոգեւոր ապրումներով լեցնելով, որպէս զի արժանավայել կերպով տօնենք մեր Փրկիչին՝ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը:

Հետեւաբար, դիմաւորենք Նորածին Արքային ծնունդին տարեդարձը ուրախութեամբ, ինչպէս Աւետարանիչը կը ներկայացնէ մեզի: Ցնծութեամբ  եւ հաւատքով շտապե՛նք Անոր Մսուրին, որ մեզի համար, այսօր, Տապանակն է Ամենասուրբ Հաղորդութեան:

Արդ, մօտենա՛նք Յիսուս Մանուկին, ինչպէս մոգերը արեւելքին մէջ տեսան եւ եկան, նուիրեցին Անոր ամենաթանկագինը՝ ոսկին, կնդրուկն ու խունկը, այդպէս  ալ մենք մեր սրտերուն ամէն արժէքաւոր ընծաները տա՛նք Անոր՝ իբր խորհրդանշանները մեր սիրոյն եւ հաւատարմութեան:

Սիրելի քոյրեր եւ եղբայրներ, սիրոյ, ուրախութեան ու վերանորոգումի մեր տօնակատարութեան համար, իբր երաշխիք մեր հայրական գուրգուրանքին ու հայցելով Աստուածամօր հովանին՝ բոլորիդ կը շնորհենք մեր հայրապետական օրհնութիւնը եւ Ամանորի սեմին՝ ձեզի կը մաղթենք բարեբեր ու խաղաղ տարի մը: Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/12/2023, 09:01