Որոնել

2020.04.10 Mons Hovhannes Teyrouzian

Արհիապատիւ Յովհաննէս Եպ. Թէյրուզեանի Սուրբ Ծննդեան առիթով տարածած պատգամը

Հարկ է դառնալ Բեթղեհէմի մսուրին պարզութեան, աղքատութեան եւ խաղաղութեան: Պատմութիւնը վկայ, Եկեղեցին եւ մարդկութիւնը նահանջներ ապրեցան, երբ հեռացան «Քարայրի» հոգիէն:

Սիրեցեալ Քոյր եւ Եղբայր ի Քրիստոս

«Աստուած սէր է» (1 Յովհաննէս 4, 8), ու սիրոյ այդ խորհուրդին մէջ է տապանակուած համակ հաւատարմութիւնը աստուածային խոստումներուն՝ ի հեճուկս մարդկային ապերախտութեան, ինքնասիրութեան եւ յոխորտութեան:

Սուրբգրային էջերը կը հաւաստեն, թէ ի'նչպէս Աստուած սաստեց օձին, դրախտին մէջ. «Թշնամութիւն պիտի դնեմ քու եւ կնոջ միջեւ, քու սերունդիդ եւ անոր սերունդին միջեւ: Ան քու գլուխդ պիտի ջախջախէ եւ դուն անոր գարշապարը պիտի խայթես» (Գիրք Ծննդոց 3, 15):

Եւ Աստուած կատարեց իր խոստումը :

Ստուերին մէջ բնակողներուն վրայ յոյսի աստղը շողշողաց. «Ահա' Կոյսը պիտի յղանայ, որդի մը պիտի ծնի ու անոր անունը պիտի կոչեն Էմմանուէլ» (Մատթէոս 1, 23):

Խոստումը իրականացաւ ու Բեթղեհէմի անփառունակ մսուրին մէջ ծնաւ Էմմանուէլ: Իր շուրջը համախմբեց մարդկային պարզ էակներ, ինչպէս՝ հովիւներն ու աշխարհասփիւռ մոգերը, որոնք բարի կամքով հրահրուած ճշմարտութիւնը կը փնտռէին:

2023 տարի է, ահա', եւ այդ Սէրը կը դարբնէ յարատեւ. «Ես ձեզի հետ եմ ամէն օր մինչեւ աշխարհիս կատարածը» (Մատթէոս 28, 20): Կը շարունակէ ծնիլ ու եկեղեցիներու լուռ տապանակներէն կը քաջալերէ. «Ես եմ, մի վախնաք» (Յովհաննէս 6, 20):

Բայց, թխպոտ է դարձեալ երկինքը 2023 տարւոյն Ս. Ծննդեան տօնին, եւ փոխան անոր աւետած խաղաղութեան եւ ուրախութեան՝ զէնքերն են, որ կը շաչեն, որովհետեւ պատերազմը կ'որոտայ կրկին, եւ աշխարհի անտարբեր հայեացքին առջեւ՝ անմեղ մանուկներ, խաղաղասէր ընտանիքներ եւ ալեհեր ծերունիներ կը փակեն իրենց աչքերը առանց գիտնալու, թէ ինչու:

Քաղաքական ու տնտեսական մակընթացութիւններուն առընթեր, եկեղեցական տագնապներ եւս կը թուին մթագնել հորիզոնը այս գեղեցիկ տօնին: Բաւ է նկատի առնել կղերական դասակարգի որոշ անդամներու գայթումները, առաքելական եւ կրօնական միաբանութիւններու դեդեւումները, ընտանիքներու քայքայումն ու գահավիժումը գերբնական ու մարդկային այժէքներուն:

Անխուսափելի է հարց չտալ, թէ արդեօք նմանօրինակ համայնապատկերի մը մէջ կարելի՞ է Ս. Ծնունդը տօնել տակաւին: Ի՞նչպէս կարելի է յուսալ ու բերկրիլ, երբ բուռ մը անպատասխանատու մարդիկ կը նկրտին յարաժամ երկրագունդի պտուտակները դարձնել, յագուրդ տալու իրենց անսանձ հակումներուն՝ կործանելու մարդկութիւնն ու աշխարհը, ինչպէս նաեւ՝ Եկեղեցին:

Խաղաղութիւն, Համերաշխութիւն, Սէր, Ներում եւ Ուրախութիւն մերկացած կը թուին իրենց իսկական իմաստէն ու անհետացած՝ մերօրեայ կեանքի բառարաններէն:

Հետեւաբար, ի՞նչպէս կարելի է ապրիլ քրիստոնէական հաւատքը, վառ ու անսասան պահել յոյսն ու աստուածային Սէրը, հետապնդելու համար ապագայի լուսաշող հեռանկարներ: Եւ սակայն, կառչած մեր հաւատքին եւ ի հեճուկս ներկայ դարը յատկանշող հակաքրիստոնէական քարոզարշաւներուն, մենք պիտի յարատեւենք ու միշտ յուսալիր պիտի բարձրաձայնենք. «Շնորհաւոր Ս. Ծնունդ, ձեզի մեզի մեծ Աւետիս»:

Սոյն խօսքերը թող ներփակեն մեր ամբողջ վճռակամութիւնը նմանելու մեր նախնիքներուն օրինակին, որոնք զերդ ռահվիրաներ քալեցին Աւետարանի ցոյց տուած ուղիէն,

- Առանց անտեսելու Գողգոթայի արտեւանին վրայ տիպարը Ս. Կոյսին՝ խաչին դիմաց կանգուն.

- Առանց մոռնալու Եկեղեցին եւ հերոսական կենցաղը իր մարտիրոսներուն, սուրբերուն ու սրբուհիներուն,

- Եւ ի վերջոյ, 1915 թուականի մէկ ու կէս միլիոն հայ անմեղ նահատակները, որոնք լիացած ու հզօրացած Ս. Հաղորդութեամբ, երանելի Ինգնատիոս Մալոյեաններու հանգունակ՝ հաւատարիմ մնացին Քրիստոսի:

Սիրեցեալ Քոյր եւ Եղբայր ի Քրիստոս,

Քանի Աստուած Սէր է, հետեւաբար ա'յս պէտք է ըլլայ նաեւ՝

- իր հայրն ու մայրը լալագին փնտռող որբին արցունքները սրբող,

- ու պատառ մը հաց հայցող աչքերուն տխրութիւնը փարատող՝

Միակ քրիստոնէավայել գրաւականը:

Քանի Աստուած Սէր է, ներթափանցելու ենք լիով Ս. Ծնունդի Խորհուրդը, ո'չ միայն ապրելու անոր աւետած սիրոյ ու եղբայրութեան հոգին, այլեւ՝ զայն փոխանցելու բոլորին:

Հարկ է դառնալ Բեթղեհէմի մսուրին պարզութեան, աղքատութեան եւ խաղաղութեան: Պատմութիւնը վկայ, Եկեղեցին եւ մարդկութիւնը նահանջներ ապրեցան, երբ հեռացան «Քարայրի» հոգիէն:

Իւրաքանչիւրիս կը մաղթեմ, որ լիանանք հրեշտակներուն աւետած ուրախութեամբ եւ խաղաղութեամբ՝ «Ի Մարդիկ հաճութիւն» (Ղուկաս 2, 14):

Կը մաղթեմ միաժամանակ, որ 2024 տարին ըլլայ բոլորիս համար շատրուան մը գեղեցիկ ու երջանիկ օրերու, միշտ Բեթղեհէմի մանկացած Աստուծոյ ժպիտով վարար:

 

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐ ՍՈՒՐԲ ԾՆՈՒՆԴ

ԵՒ

ՇՆՈՐՀԱԲԵՐ ՆՈՐ ՏԱՐԻ

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/12/2023, 07:58