Որոնել

2023.12.17 Festa di San Hagop Mdzpna a Kessab

Քեսապ. Սուրբ Յակոբ Մեծբնայ հայրապետի տօնին նուիրուած Սուրբ Պատարագ

"Յակոբ Մծբնացի Հայոց Եկեղեցւոյ ամենասիրուած սուրբերէն մէկն է, Ան փորձած է Նոյեան տապանը գտնել։ Վերելքի երրորդ օրը, հրեշտակ մը երեւցած ու յայտնած է իրեն, թէ գագաթը մագլցելու պէտք չունի, ու իրեն յանձնած՝ տապանի մասունք մը, որ կը պահպանուի մինչեւ օրս Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ"
Ունկնդրէ լուրը

Վատիկան Նիուզ - Հայկական բաժանմունք

Կիրակի, 17 Դեկտեմբերին,առաւօտեաn ժամը 10։00-ին, աւանդութեան համաձայն` Քեսապի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի Սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետ եկեղեցւոյ մէջ, հոծ բազմութեան ներկայութեամբ, Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետի տօնին նուիրուած Սուրբ եւ անմահ պատարագ մատուցեց` Համանուն եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Գեր. Հայր Նարեկ Վրդ. Լուիսեան։

«Սուրբ Յակոբ` ծնած եւ մահացած է Մծբին,որ պատմականօրէն Հայոց Միջագետքի մաս կազմած է ու ներկայիս Թուրքիոյ հարաւ-արեւելքը կը գտնուի։ Մծբին վաղ քրիստոնէական կարեւոր կեդրոն մըն էր Փոքր Ասիոյ մէջ եւ դէպի արեւելք ու արեւմուտք ուղղուող կարաւաններու հանգրուան մը».

Հայր Նարեկը հետեւեալ խօսքերով սկսաւ իր քարոզը եւ աւելցուց"Ս. Յակոբ Մծբինի եպիսկոպոս ձեռնադրուած է 320 թուականին։ Մասնակցած է Նիկիոյ Տիեզերական առաջին Ժողովին (325), ուր մեծ յարգանքի արժանացած է Կոստանդին կայսեր եւ միւս մասնակիցներուն կողմէ»։

"Յակոբ Մծբնացի Հայոց Եկեղեցւոյ ամենասիրուած սուրբերէն մէկն է, Ան փորձած է Նոյեան տապանը գտնել։ Վերելքի երրորդ օրը, հրեշտակ մը երեւցած ու յայտնած է իրեն, թէ գագաթը մագլցելու պէտք չունի, ու իրեն յանձնած՝ տապանի մասունք մը, որ կը պահպանուի մինչեւ օրս Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ" ըսաւ ապա Հայր Նարեկը որ քարոզը եզրափակեց` շնորհաւորելով բոլոր անոնք, որոնք կը կրեն Յակոբ անունը։

Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ պատարագին` բոլոր Յակոբ անուն կրողները ստացան` Հայաստանէն բերուած փայտեայ խաչքար մը։

Այնուհետեւ «Հ. Կ. Մ.» -ի դահլիճին մէջ` տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն։

--------------------------

Սուրբ Յակոբ մծբնայ հայրապետին տօնը  Թուրքիոյ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ

Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի տօնակատարութիւնը, Հայ Կաթողիկէ համայնքի կարեւորագոյն տօնակատարութիւններէն է, որ այս տարի եւս տեղի ունեցաւ Պէյօղլուի Ս. Յովհան Ոսկեբերան Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։

Ս. Պատարագը մատոյց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան։ Օրհնութեամբ՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր մասնակցեցաւ նաեւ Պէյօղլուի Ս. եկեղեցեաց Քարոզիչ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան։ Ս. Սեղանին սպասարկեց նաեւ Առաջնորդական Փոխանորդ Տ. Վարդան Ծ. Վարդապետ։ Այս հանդիսաւոր առիթով Ս. Պատարագին վերաբերուեցաւ Ս. Յակոբ Մծբնայ Հայրապետի մասունքակիր աջը, որ կը պահուի Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն եկեղեցւոյ մէջ։

Ս. Պատարագի սկիզբը, ժամը 11.00-ին Հայր Սուրբը, ընկերակցութեամբ Բրշ. Լեւոն Սրկ. Գույումճեանի եւ Բրկ. Գարեգին Կ.Սրկ. Պարսամեանի մասունքը թափօրով վերաբերեց եկեղեցի։ Ս. Գիրքի ընթերցումէն յետոյ, քարոզեց Գերապայծառ Լեւոն Արքեպիսկոպոս եւ իր խօսքերուն մէջ յատուկ ձեւով շնորհակալութիւն յայտնեց Պատրիարք Հօր բարեհաճ արտօնութեան համար, ինչպէս նաեւ Հայր Սուրբի

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/12/2023, 10:56