Որոնել

2022.07.22 Chiesa Armeno cattolica dell'Assunzione - Sidney

Եկեղեցական գիտելիքներ Դ. Շաբաթ Յիսնակաց ( 10-17 Դեկտեմբեր 2023)

Շաբաթ 16 Դեկտեմբերին` տօնն է Յակոբ Մծբնայ մեծ հայրապետին։ Ասորի ծագումով` սակայն սերտօրէն կապուած է հայ Եկեղեցւոյ, որով ան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Խոսրովուհի հօրաքրոջ որդին էր եւ մանկութեան շրջանին` դաստիարակուած էր Գրիգորի հետ Կեսարիոյ մէջ. Ապագային ալ` ան շատ օգտակար դարձաւ հայ ազգի աւետարանացման համար։ Կը պատմուի թէ մագլցած ըլլայ Արարատ լեռը, ուրկէ բեկոր մը բերած է Նոյան Տապանէն։ Իր հետ կը տօնուի նաեւ Մարուգէ ճգնաւորը, որ մարգարէացած էր իրեն թէ մօտօրէն Մծբինի հայրապետ պիտի ըլլար։
Ունկնդրէ լուրը

Յիսնակաց չորրորդ շաբթուան ընթացքին, կը խօսինք «Աստուծոյ  նախախնամութեան» մասին։ Նախախնամութիւնը կը հոգայ ամէն բան...

Յիսուս ըսաւ. «Մի մտահոգուիք ձեր կեանքին համար թէ ինչ պիտի ուտէք եւ ոչ ալ ձեր մարմնին համար թէ ինչ պիտի հագնիք։ Կեանքը աւելի կ՝արժէ քան սնունդը եւ մարմինը քան հագուստը»։

Երկուշաբթի  11 Դեկտեմբերին կը տօնենք Ս. Նիկողայոս Զմիւռնիոյ Սքանչելագործ հայրապետին տօնը:  

Այս նշանաւոր սուրբը, որ աշխարհի բոլոր կողմերը ունի իր աղօթատեղիները,  Եպիսկոպոս էր Զմիւռնիոյ կից՝ Միւռայ քաղաքին:  Շատ նշանաւոր դարձաւ իր հրաշքներով եւ բարեգործութիւններով:  Ան պաշտպան սուրբը հանդիսացած է նաւաստիներուն,  նաւաբեկութենէ փրկած ըլլալով շատ մը նաւեր:  Պաշտպանն է նաեւ մանուկներուն,  յարութիւն տուած ըլլալով (ըստ աւանդութեան) երեք փոքր անմեղ մանուկներու,  որոնք  սպաննուած էին քաղաքի մսավաճարին կողմէ:

Տօնն է նաեւ երեք սուրբ նահատակներ, որոնք, ծագումով աթենացի զինուորականներ էին, սակայն ղրկուած էին Հռոմի կայսեր կողմէ Աղեքսանդրիա, հոն հանդարտեցնելու համար զանազան խռովութիւնները.  Անոնց առաջինն է Մինաս, ճարտասան եւ իմաստուն զօրականը, իր քարտուղարը` Գրափոս եւ ապա` Երմոգինէս աթենացի եպարքոսը։ Առաջին երկուքը Աղեքսանդրիոյ մէջ ընդունեցան քրիստոնէութիւնը եւ համարձակ կերպով անոր կը վկայէին. Երմոգինէս ղրկուեցաւ զիրենք դատելու համար, սակայն ինք եւս դարձաւ քրիստոնեայ եւ ի վերջոյ երեքն ալ նահատակուեցան Գաղերիոս կայսեր ձեռամբ։

Նոյն օրը կը տօնենք նաեւ երկու կամաւոր աղքատներ. Ալեքսիանոս` Հռովմայեցի եւ Յովհաննէս Կ.Պոլսեցի, որոնք թողլով աշխարհի հրապոյրները ՜՜ երկուքն ալ հարուստ ընտանիքի զաւակ էին՝՝ կամաւորապէս շրջեցան որպէս աղքատներ, ողորմութիւն խնդրելով եւ իրենց հացը անցորդներէն մուրալով։

Երեքշաբթի 12  Դեկտեմբերին` տօնն է Կուռնելիոս հռովմայեցի հարիւրապետին, որ քրիստոնէութիւնը ընդունեցաւ եւ մկրտուեցաւ ընտանեօք ձեռամբ Պետրոս Առաքեալի, ինչպէս նաեւ Շմաւոնին, որ Քրիստոսի ազգական կը կոչուի։

Նոյն օրը կը տօնենք նաեւ Եկեղեցւոյ մեծ սուրբ Հայրերէն` Ս. Պօղիկարպոս, Զմիւռնիոյ հայրապետը, որը աշակերտած էր Յովհաննէս Աւետարանիչին եւ Առաքեալին եւ որմէ ստացած էր եպիսկոպոսական օծումը, 96 թուին. Նահատակուեցաւ Մարկոս-Աւրելիոս կայսեր յարուցած հալածանքներուն առթիւ, 166 թուին, կարգ մը վկաներու հետ, զորս Եկեղեցին կ՛անուանէ Արեւելեան Վկաներ։

Հինգշաբթի 14 Դեկտեմբերին տօնն է հինգ սուրբ վկաներու, որոնց անուններն են. Եւստռատիոս, Օքսենտիոս, Եւգինիոս, Ովրեստէս եւ Մարդարիոս։ Ասոնք հինգ հայ երիտասարդներ էին, Սեբաստիոյ գաւառէն, որոնք իրենց քրիստոնէական հաւատքին համար յանձն առին նահատակութիւնը։ Անոնց անունները հռովմէական ըլլալով` շատեր կը կարծեն թէ օտար սուրբեր են, սակայն այդ շրջանին` -Գ. դարուն վերջը - Սեբաստիոյ նահանգը կը կառավարուէր հռովմայեցի կուսակալի մը կողմէ եւ ընդհանրապէս նորածիններու անունները կ՚որոշուէին հռովմէացի պաշտօնեաներու կողմանէ։

Շաբաթ 16 Դեկտեմբերին` տօնն է Յակոբ Մծբնայ մեծ հայրապետին։ Ասորի ծագումով` սակայն սերտօրէն կապուած է հայ Եկեղեցւոյ, որով ան Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի Խոսրովուհի հօրաքրոջ որդին էր եւ մանկութեան շրջանին` դաստիարակուած էր Գրիգորի հետ Կեսարիոյ մէջ. Ապագային ալ` ան շատ օգտակար դարձաւ հայ ազգի աւետարանացման համար։ Կը պատմուի թէ մագլցած ըլլայ Արարատ լեռը, ուրկէ բեկոր մը բերած է Նոյան Տապանէն։ Իր հետ կը տօնուի նաեւ Մարուգէ ճգնաւորը, որ մարգարէացած էր իրեն թէ մօտօրէն Մծբինի հայրապետ պիտի ըլլար։

Շաբաթ 16 Դեկտեմբերին, տօնն է նաև Քաղկեդոնի Ս.Ժողովի 636 հայրապետներուն : 

Կիրակի 17  Դեկտեմբերը՝ Յիսնակաց Ե. կիրակին է։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/12/2023, 07:55