Որոնել

2022.10.27 croce - fede

2023ին սպաննուեցան 20 միսիոնարներ. Ֆիտես լրատու գործակալութիւն

Ըստ գործակալութեան հաւաքած տեղեկութիւններուն 2023 թուականին աշխարհի մէջ սպաննուեցան 20 միսիոնարներ, որոնց շարքին մէկ եպիսկոպոս, 8 կուսակրօն քահանաներ, երկու կրօնաւորներ, մէկ նորընծայ, մէկ ուխտադրեալ, եւ եօթը աշխարհականներ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քահանայապետական Միսիոներական Գործունէութեան պատկան Ֆիտես լրատու գոծակալութիւնը, որ ստեղծուած է 1927 թուականին այս տարի եւս հրատարակեց աշխարհի մէջ սպաննուած միսիոնարներու հաշուեկշիռը։

Ըստ գործակալութեան հաւաքած տեղեկութիւններուն 2023 թուականին աշխարհի մէջ սպաննուեցան 20 միսիոնարներ, որոնց շարքին մէկ եպիսկոպոս, 8 կուսակրօն քահանաներ, 2 կրօնաւորներ, մէկ նորընծայ, մէկ ուխտադրեալ, եւ 7 աշխարհականներ։

Այս սպաննուած միսիոնարներու ցուցակին առաջին տեղը կր գրաւէ Աեփրիկեան ցամաքամասը ուր սպաննուեցան 9 միսիոնրաներ, 5 քահանայ, 2 կրօնաւոր, մէկ նորըծայ եւ մէկ ուխտադրեալ։ Ամերկայի մէջ սպաննուեցան վեց միսիոնարներ` մէկ եպիսկոպոս, երեք քահանայ եւ երկու աշխարհական։ Ապա Ասիական ցամաքամասին մէջ սպաննուեցան 4 աշխարհականներ` թիրախ բռնութիւններուն, մինչ Եւրոպայի մէջ սպաննուեցաւ աշխարհական մը։

Կազայի նահատակները

Վերոնշեալ սպաննուած քրիստոնեայ աշխրահական հաւատացփալներու միջեւ կան նաեւ Կազայի Մայր Թերեզայի Քոյրերու Տան խոհարարուհի` Տիկ Քամալ Անտոնը ու անոր մայրը Նահիտա Խալիլ Անտոք,  որոնք սպաննուեցան իսրայելացի դիպուկահարի մը կողմէ, անցեալ 16 դեկտեմբերին, Սուրբ Ընտանիք ժիղովրդապետութեան մէջ։

Բնականոն կեանքով հերոսներ

«2023-ին սպաննուած բոլոր նահատակներուն յատկանիշը անկասկած եղած է անոնց բնականոն կեանքը. այսինքն՝ անոնք արտակարգ գործողութիւններ կամ արտառոց ձեռնարկումներու չեն դիմած, որոնք կարող էին իրենց վրայ ուշադրութիւն կեդրոնացնել» կը կարդանք Ֆիտես լրատու գործակալութեան հրատարակած հաշուետու փաստաթուղթին մէջ, ուր նաեւ յղում կը կատարուի անցեալ 26 դեկտեմբերի Սուրբ Ստեփանոս նախասարկաւագի ու առաջին մարտիրոսի տօնին օրը Մարեմեան աղօթքի ընթացքին Քահանայապետին արտասանած խօսքերուն ուր ան հաստատած էր, թէ «այսօր եւս կան բազմաթիւ նահատակներ, որոնք կը տառապին ու կը մեռնին վկայելու համար Յիսուսը...անոնք եւս կը թուան ձախողութեան ենթարկուած ըլլալ- բայց այդպէս չէ... այսօր ինչպէս անցեալին, անոնց զոհաբերութեան սերմը- որ կը թուայ մեռնիլ, կը ծաղկի ու պտուղներ կու տայ- որովհետեւ Աստուած անոնց միջոցաւ կը շարունակէ հրաշքներ գործել, փոխել սրտերը ու փրկել մարդիկը»:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/12/2023, 10:12