Որոնել

Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան 

Դամասկոսի Թեմիս նորանշանակ եպիսկոպոսին գահակալութեան առիթով Ռաֆայել Պետրոս ԻԱ-ի հովուական անդրանիկ այցը

Այս կը հանդիսանայ Ամենապատիւ հոգեւոր Տիրոջ առաջին հովուական այցելութիւնը Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Թեմին՝ 2 3 Սեպտեմբեր 2021-ին տեղի ունեցած անոր կաթողիկոսական ընտրութենէն ի վեր։

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ն.Ա.Գ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը, Հինգշաբթի օր, 14 Դեկտեմբեր 2023-ին, հովուապետական այցով ժամանեց Սուրիայի մայրաքաղաքը՝ Դամասկոս։

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը պիտի նախագահէ Դամասկոսի Պատրիարքական Թեմին համար իր նշանակած առաջնորդին՝ Գերպծ. Հ. Գէորգ Եպս. Ասատուրեանի գահակալութեան Ս. Պատարագին:

Այս կը հանդիսանայ Գերերջ. Եկեղեցապետին առաջին հովուական այցելութիւնը  Հայ Կաթողիկէ Թեմին՝ 23 Սեպտեմբեր 2021-ին տեղի ունեցած անոր կաթողիկոսական ընտրութենէն ի վեր։


Հայր Գէորգ եպիս Ասատուրեանին կենսագրական

Հայր Գէորգ եպիս Ասատուրեան Ծնած է 29 Ապրիլ 1961ին Քամիշլի, Սուրիա:

Նախակրթարանի ուսումները կատարած Քամիշլիի Սուրբ Յովսէփի եւ Անարատ Յղութեան քոյրերուն վարժարաններուն մէջ:

1972ին Զմմառու վանքի Սուրբ Միքայէլ նորընծայարանը կը մտնէ:

1980ին բարձրագոյն ուսումները աւարտելէն ետք, մեծաւորներուն կողմէն կը ղրկուի Հռոմ:

1980-1985 Կը հետեւի փիլիսոփայութեան եւ Աստուածաբանութեան ուսումներուն Angelicum Համալսարանին մէջ

1980-1985 Աշխատակցած է Ռատիօ Վատիկանին հայկական բաժնի անձնակազմին հետ որպէս խօսնակ

1985-1986 Հետեւած է հովուական ուսումներուն Laterano քահանայապետական համալսարանին մէջ:

1986 Հոկտեմբեր 3ին ձեռնադրուած է քահանայ որպէս Զմմառեան Արծիւեան Միաբանութեան անդամ ձեռամբ Արհիապատիւ Անդրէաս Եպիսկոպոս Պետողլեանի:

Ամենապատիւ Գասպարեան Կաթողիկոսը զինք կ՛անուանէ որպէս փոխ տեսուչ Զմմառու Միաբանութեան Սուրբ Միքայէլ նորընծայարանին:

1986-2007 վարած է Լիբանանի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ «Եղբայրսիրութեան ձայն» ռատիօի հայկական բաժինը:

1987ին Գասպարեան Կաթողիկոսը անուանած է զինք փոխ ժողովրդապետ Սուրբ Գրիգոր-Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ, Պատրիարքարանի ներքին մատակարար, Հայ կաթողիկէ ատեանին քարտուղար:

1988ին անուանուած է ժողովրդապետ Սուրբ Գրիգոր-Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ զոր վարած է մինչեւ 2007, ինչպէս նաեւ հոգեւոր վարիչ Հայ կաթողիկէ աղքատախնամ միութեան:

1990էն - 2000 ընտրուած է վարչական Զմմառեան Արծիւեան միաբանութեան: Ամենապատիւ Գասպարեան Կաթողիկոսը զինք անուանած է նաեւ Սուրբ Աւետման եկեղեցւոյ ժողովրդապետ մինչեւ 1993:

1994-2006 կ՛անուանուի դատաւոր Հայ կաթողիկէ ատեանին: Աշխատակցած է նաեւ Լիբանանի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Քարիթաս» ընկերութեան հետ, նախ իբրեւ հոգեւոր հովիւ, ապա որպէս պատասխանատու Ժէյթաուի կեդրոնին:

Աշխատակցած է նաեւ որպէս հոգեւոր հայր Լիբանանի բանտերու եւ Ժէյթաուի հիւանդանոցին:

2007ին կը ղրկուի Ֆրանսա եւ կ՛անուանուի ժողովրդապետ Փարիզի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ, ինչպէս նաեւ Փարիզի արուարձաններուն մէջ գտնուող Արնուվիլի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ:

2012-էն ի վեր կը համագործակցի Ռատիօ Վատիկանի Հայկական բաժնի հետ։

21 նոյեմբեր 2015-ին,հայր Գէորգ Ծ. վրդ. Ասատուրեան եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում ստացաւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքին ձեռամբ։

Գերապայծառ Հայր Գէորգ եպիս Ասատուրեան, 2015էն մինչեւ 2023, ծառայեց Պէյրութի պատրիարքական Թեմի, որպէս օգնական եպիսկոպոս։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/12/2023, 09:00