Որոնել

Յիսուսի Ծնուդնը Յիսուսի Ծնուդնը 

«Ինչո՞ւ համար եկաւ Յիսուս» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեան

Այս ծնունդի առիթով եկէք բոլորս դիմենք Յիսուս մանուկին ըսելով՝ «Տէր ները ինծի իմ մեղքերս: Ես բոլոր ժամանակս վատնեցի ուրիշներուն սխալներուն նայելով եւ հետեւանքը եղաւ այն, որ իմ մեղքերս ծածուկ մնացին եւ մեծցան: Մեղայ յերկինս եւ առաջի քո: Վերստին հաստատէ քու պատկերդ իմ մէջս, որպէս զի ըլլամ քու խաղաղութեանդ եւ բժշկութեանդ աղբիւրը այս տագնապալի աշխարհին մէջ:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի ծնունդը արդէն հասաւ եւ մեր դռները կը թակէ: Տօնական զարդարանքներն ու ուրախութիւնը մեր բոլորին սրտերը կը ջերմացնեն: Մանուկներու դէմքերու ժպիտը մեր հոգիները ուրախութեամբ կը լեցնեն:

Այսուամենայնիւ մեր երկիրները, յատկապէս արեւելքի մէջ, դժուար օրեր կ'ապրին: Ի տես այս բոլորին ոմանք կրնան հարց տալ՝ «Տէր ե՞րբ պիտի ազատես մէզ այս բոլորէն»:

Հոս այլ հարցում մը կրնայ առաջադրուիլ՝ «ինչո՞ւ համար եկաւ Յիսուս»: Պատասխանելու համար այս հարցումին դարձեալ սկսինք ուրիշ հարցումով մը՝ « ի՞նչ է մարդկութեան իսկական կարիքը, որպէսզի ան կարենայ լուծում գտնլ իր բոլոր հարցերուն»: Ոմանք խորհուրդ կու տան ըսելով՝ « գիտութիւնն է մարդու իսկական կարիքը: Մարդը տագնապի մէջ է, որովհետեւ բաւարար գիտութիւն չունի»: Եթէ այդպէս ըլլար Աստուած գիտնական մը պիտի ղրկէր աշխարհ: Ուրիշներ կ'ըսեն՝« տնտեսական պայմաններն են պատճառը»: Յիշենք, որ մարդ ամենալաւ պայմաններու մէջ՝ Եդեմի պարտէզին մէջ, մեղանչեց:

Եւ առաջարկներու ցանկը կրնան երկարիլ: Սակայն եկէք միասին նայինք թէ Աստուած ո՞վ ղրկեց: Ան ղրկեց Փրկիչ մը. ինչո՞ւ ... Որպէսզի մարդը իր մեղքերէն մաքրէ եւ փրկէ:
Մարդու գլխաւոր հարցը իր ինկած եւ աղաւաղուած բնութիւնն է: Մեղքը պատճառ եղաւ, որ մարդ հեռանայ Աստուծմէ. ըստ որուն ան իր ստեղծագործութեան նպատակը կորսնցուց: Ինչպէս որ աղտոտ աղբիւր մը մաքուր ջուր չի կրնար տալ, նոյնպէս ալ մարդուն ինկած բնութիւնը չի կրնար ճիշտ որոշումներ առնել: Յիսուս եկաւ, որպէսզի մարդը հաշտեցնէ Աստուծոյ հետ, ըստ որուն ան կարենայ իրականացնել այն նպատակը, որու համար ստեղծուած է: Աստուած ընտանեկան յարաբերութեան համար ստեղծեց մարդը. ինք ըլլայ Հայր ըլլայ անոր եւ ան որդի: Մարդ իր մեղքով հեռացաւ Աստուծմէ եւ մեծ վիհ մը ստեղծեց իր եւ Արարչին միջեւ: Յիսուս եկաւ այդ վիհը փակելու եւ Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնը վերահաստատելու:

Ի՞նչ է այն բանը, որ արգելք կ'ըլլայ մարդուն հաշտուելու իր Աստուծոյն հետ: Պատասխանը՝ դարձեալ մեղքը:
Տարօրինակօրէն մարդ արարած կարողութիւն չունի տեսնելու իր սխալներն ու մեղքերը: Անոր համար աւելի դիւրին է ուրիշին սխալները տեսնել, քան իր անձնական մեղքերը: Յիսուս այս պատճառով ըսաւ՝ «Կե՛ղծաւոր, առաջ քու աչքէդ գերանը հանէ ու ետքը պարզ պիտի տեսնես եղբօրդ աչքին շիւղը հանելու» ( Մտթ. 7:5): Մարդուն եսասիրութիւն իր աչքերը կը կուրացնէ տեսնելու իր անձնական սխալները: Սուրբեր, որոնք իրենց կեանքերը ապաշխարութեամբ կ'անցնէին, ըսած են՝ « ես այնքան մեղքեր ունիմ, որ ժամանակ չունիմ ուրիշին սխալներով զբաղելու»: Այս խօսքը կրնայ ելլել միայն այն անձի բերնէն, որ խոնարհ է:

Եթէ հարց տանք՝ կարելի՞ է Պաղեստին տագնապի կողմերուն ըսել՝ «ձեր մեղքերը տեսէք նախքան ուրիշինը»: Հնարաւոր է ընտանեկան վէճեր ապրող կողմերուն ըսել՝ « նախ քու մեղքիդ նայէ, ետք դիմացինդ»: Մարդ կրնայ ընել այս միայն, եթէ խոնարհութեամբ ծունկի գայ ծնող մանուկին առջեւ եւ ըսէ՝ « Տէր , մեղանչեցի երկինքի եւ Քեզի դէմ. ներէ ինծի եւ վերստին ընդունէ զիս որպէս քու զաւակդ, Քու պատկերիդ նմանութեամբ ստեղծուած»: Եւ Տէրը «հաւատարիմ ու արդար է անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու եւ մեզ ամէն անիրաւութենէ սրբելու» ( Ա. Յովհ. 1:9): Իսկ «Եթէ ըսենք թէ 'Մեղք մը չգործեցինք', ստախօս կը ցուցնենք զանիկա ( Աստուած) ու անոր խօսքը մեր մէջ չէ» (Ա. Յովհ. 1:1):
Հետեւաբար այս ծնունդի առիթով եկէք բոլորս դիմենք Յիսուս մանուկին ըսելով՝ «Տէր ները ինծի իմ մեղքերս: Ես բոլոր ժամանակս վատնեցի ուրիշներուն սխալներուն նայելով եւ հետեւանքը եղաւ այն, որ իմ մեղքերս ծածուկ մնացին եւ մեծցան: Մեղայ յերկինս եւ առաջի քո: Վերստին հաստատէ քու պատկերդ իմ մէջս, որպէս զի ըլլամ քու խաղաղութեանդ եւ բժշկութեանդ աղբիւրը այս տագնապալի աշխարհին մէջ»:

Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ.
Օրհնեալ է Քրիստոս Ծնունդն ու Աստուածյայտնութիւնը:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2023, 08:00